​Զարեհ Խրախունի (Ճիւմպիւշեան Արթօ, 1926-2015) - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

16 Ekim 2017  

​Զարեհ Խրախունի (Ճիւմպիւշեան Արթօ, 1926-2015) -

​Զարեհ Խրախունի (Ճիւմպիւշեան Արթօ, 1926-2015) ​Զարեհ Խրախունի (Ճիւմպիւշեան Արթօ, 1926-2015)

Արեւմտահայ գրականութեան նորարար շունչը՝ վերանորոգ Պոլիսէն Ն

Հոկ­տեմ­բեր 16ի այս օ­րը կը նշենք ծնուն­դը հայ գրա­կա­նու­թեան մե­րօ­րեայ մե­ծա­տա­ղանդ վար­պետ­նե­րէն ­Զա­րեհ Խ­րա­խու­նիի, որ ա­ւե­լի քան կէս դար ստեղ­ծա­գոր­ծե­լէ ետք հայ մտքի ու գի­րի ան­դաս­տա­նէն ներս՝ եր­կու տա­րի ա­ռաջ իր վերջ­նա­կան հան­գիս­տը գտաւ Ան­մահ­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ։
Ինչ­պէս որ յու­շա­տետ­րով ընդգ­ծած էինք իր վախ­ճա­նու­մէն տա­րի մը ա­ռաջ, Խ­րա­խու­նի խօ­սուն վկա­յու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նայ մեր ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տագ­րին առն­չո­ւած այն ի­րո­ղու­թեան, որ ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան օր­րան ­Պո­լի­սը եր­բեք չցամ­քե­ցաւ։ ­Նոյ­նիսկ 24 Ապ­րիլ 1915ի ցե­ղաս­պա­նա­կան հա­րո­ւա­ծը, հա­կա­ռակ իր ա­հա­ւոր տա­րո­ղու­թեան, չկրցաւ ար­մա­տէն չորց­նել հնա­ւանդ, այ­լեւ մշտա­նո­րոգ այս կաղ­նին հայ գրա­կա­նու­թեան։ ­Զա­րեհ Խ­րա­խու­նի բա­նաս­տեղ­ծը ա­ռան­ձինն կը բա­ւէ աշ­խար­հին վկա­յե­լու հա­մար, որ ցե­ղաս­պան թուրք պե­տու­թեան եա­թա­ղանն ան­գամ չկրցաւ ար­մա­տէն պո­կել հայ ազ­գի փոքր ա­ծուն։
Ա­հա՛ 1991ին գրո­ւած եւ «Այս ծա­ռը սուրբ» խո­րագ­րով ՀԱՅՈՒ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆԸ վկա­յող Զա­րեհ Խ­րա­խու­նիի անլ­ռե­լի ձայնն ու անս­պառ շուն­չը.-

Ծառ տնկե­ցէք եղ­բայր­ներ
կաղ­նի սօ­սի ե­ղե­ւին
Պար­տէ­զին մէջ — դաշ­տե­րուն
Լե­րան վրայ — ժայ­ռե­րուն
քար­քա­րու­տին ա­պա­ռա­ժին
Ձեր թա­ղա­րին սո­վո­րա­կան
կամ սե­ղա­նին ա­մե­նօ­րեայ
Ծառ տնկե­ցէք — պի­տի բռնէ ան­պայ­ման —
Ա­պա­ռա­ժը երբ փշրո­ւի հող կը դառ­նայ ար­դէն, չէ՞…
Թէ թա­ղա­րին հո­ղը քիչ է, շա՜տ է կա­ւը բրու­տին.
Սե­ղանն — ը­սես — չոր տախ­տակ է
կ­՛ը­սեմ քե­զի՝ ա­ռաջ փայտ էր, փայտն ալ ծառ
Ի՞նչ գի­տես թէ ցամ­քած փայ­տը չ­՛ար­բե­նար
վրան դրո­ւած շո­ճիի թարմ ա­ւի­շէն
Չի փաթ­թո­ւիր մատ­ղաշ ու թաց ար­մատ­նե­րուն
Ու չի՜ խրեր իր ոտ­քերն ալ հո­ղին մէջ
ինքն ալ ար­մատ չի՞ դառ­նար…

Ծառ տնկե­ցէք — ո՛ւր ալ տնկէք պի­տի բռնէ ան­պայ­ման…

Դա­րա­կու­տակ սպա­սու­մի ու անհ­նար ըղ­ձան­քի
Հողն է պա­րարտ — հողն է հպարտ- ջուրն հատ­դարտ
թա­փո­ւած ա­րեան եւ ար­ցուն­քին պէս ա­ռատ —
Այս ծա­ռը սուրբ պի­տի կանգ­նի պի­տի ա­ճի ուռ­ճա­նայ
Պի­տի եր­կինք բարձ­րա­նայ
Ա­մէն առ­տու այ­գա­բա­ցին ստո­ւերն ա­նոր պի­տի հաս­նի մեծ լե­րան
Շուք պի­տի տայ ա­րե­ւա­փառ ոս­կե­ծա­ծան հան­դե­րուն
Հա­զար բա­րեւ ու բիւր բա­րիք պի­տի առ­նէ ամ­պե­րէն
ո­րոնք կու­գան աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն
ու կը շո­յեն սա­ղարթն ա­նոր մշտա­դա­լար — ա­լե­ւոր…

Օ՜ տնկե­ցէք
Ա­մուր ձեռ­քով խնա­մե­ցէք
զար­դա­րե­ցէք
պաշտ­պա­նե­ցէք
պաշ­տե­ցէք
Ա­զա­տու­թեան ծառն է այս …:

Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով ­Ճիւմ­պիւ­շեան Ար­թօ՝ ­Զա­րեհ Խ­րա­խու­նի ծնած է ­Պո­լիս, 91 տա­րի ա­ռաջ։ Նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցած է ­Գա­բա­մա­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ 1945ին ա­ւար­տած է Վիեն­նա­յի Մ­խի­թա­րեան­նե­րու վար­ժա­րա­նը, իսկ1951ին՝ Կ. ­Պոլ­սոյ հա­մալ­սա­րա­նի փի­լի­սո­փա­յու­թեան ճիւ­ղը: Այ­նու­հե­տեւ՝ հե­տե­ւած է գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րո­ւես­տի պատ­մու­թեան դա­սըն­թաց­նե­րու ­Փա­րի­զի մէջ:
Գ­րա­կան աս­պա­րէզ մուտք գոր­ծած է 1943ին՝ նոր ո­ճով գրո­ւած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ լոյս ըն­ծա­յե­լով։ Ա­ռա­ջին հրա­տա­րա­կո­ւած գոր­ծը՝ «­Յաղ­թա­կա­նը», լոյս տե­սած է 1948 թո­ւա­կա­նին, Մ­խի­թա­րեան ­Սա­նուց ­Միութ­յան «­Սան» գրա­կան ամ­սա­թեր­թին մէջ։ Այդ շրջա­նէն յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն մէ­կը դար­ձած է ­Պոլ­սոյ մէջ թափ ա­ռած գրա­կան զար­թօն­քի շար­ժու­մին՝ նո­րա­րա­րա­կան շունչ տա­լով ա­նոր:
1952էն 1958 պաշ­տօ­նա­վա­րած է Է­սա­յեան վար­ժա­րա­նին մէջ՝ դա­սա­ւան­դե­լով փի­լի­սո­փա­յու­թիւն, տրա­մա­բա­նու­թիւն, հո­գե­բա­նու­թիւն եւ հա­յե­րէն։ ­Հե­տա­գա­յին դա­սա­ւան­դած է ­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի մէջ, ուր ե­ղած է տնօ­րէ­նի օգ­նա­կան։
Ծա­ւա­լած է գրա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն։ Հ­րա­տա­րա­կած է բազ­մա­թիւ բա­նաս­տեղ­ծա­կան ժո­ղո­վա­ծու­ներ, յօ­դո­ւած­ներ, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, գրա­խօ­սա­կան­ներ, խմբագ­րա­կան­ներ, կա­տա­րած է թարգ­մա­նու­թիւն­ներ՝ յատ­կա­պես ֆրան­սա­կան ար­դի գրա­կա­նու­թե­նէն։ Ե­ղած է 1959 թո­ւա­կա­նէն ­Պո­լիս հրա­տա­րա­կո­ւած «­Թօ» գրա­կան հան­դէ­սի խմբա­գիր­նե­րէն։
Զար­հա­տի եւ ­Ռո­պէր ­Հատ­տէ­ճեա­նի հետ միա­սին, ­Զա­րեհ Խ­րա­խու­նի կը հան­դի­սա­նայ իր սե­րուն­դի բա­նաս­տեղ­ծա­կան թռիչ­քին գլխա­ւոր յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն՝ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան նոր աշ­խարհ մը բա­նա­լով մեր ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ:
Հա­տո­րով լոյս տե­սած իր գոր­ծե­րու շար­քին են՝ «­Քար-կա­թիլ­ներ» (­Պո­լիս, 1964), «­Լուս­նա­պար­տէզ» (1968), «­Տօ­նա­կարգ» (1973), «Զ­բօ­սապ­տոյտ» (1978), «Ամպ ու ա­ւազ ա­փե­րուս» (1982), «Ես եւ ու­րիշ­ներ» (Ե­րե­ւան, 1982), «Ս­տո­ւեր եւ ար­ձա­գանգ» (1988), «Ա­զա­տեր­գու­թիւն» (1993), «­Քար ­Հա­յաս­տա­նի» (1997), «Սր­տի խօսք» եւ «­Կա­թիլ­ներ, կա­թիլ­ներ», (­Պո­լիս, 2013)։
Զ. Խ­րա­խու­նի ու­նե­ցած է նաեւ խմբագ­րա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն։ ­Պա­տաս­խա­նա­տու մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է «­Սան» հան­դէ­սի հրա­տա­րա­կու­թեան։ Խմ­բագ­րած է «­Մար­մա­րա» թեր­թի գրա­կան բա­ժի­նը։
Զա­րեհ Խ­րա­խու­նի վախ­ճա­նե­ցաւ ­Պո­լիս, 27 ­Նո­յեմ­բեր 2015ին։
Ինչ­պէս իր սերն­դա­կից եւ գրչեղ­բայր ­Ռո­պէր ­Հատ­տէ­ճեան կը վկա­յէ՝
«Խ­րա­խու­նի անվ­հատ եր­գիչ մըն է, որ շա­րու­նակ կը պե­ղէ հա­մա­մարդ­կա­յին պատ­մու­թիւ­նը, զոր ար­դէն շատ լաւ կը ճանչ­նայ: ­Քիչ բա­նաս­տեղծ­ներ մեր մէջ այն­քան մօ­տէն կը հա­ղոր­դո­ւին գլխա­գիր ­Պատ­մու­թեան հետ, որ­քան կը հա­ղոր­դո­ւի Խ­րա­խու­նի: ­Մեր դա­րաշր­ջա­նը, որ այժմ կը պսա­կո­ւի նոր հա­զա­րա­մեա­կով մը, եւ ­Մի­ջին ­Դա­րը, որ մնա­ցած է պատ­մու­թեան խո­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, սան­դու­խի մը մէկ քա­նի աս­տի­ճան­նե­րով կը կա­պո­ւին ի­րա­րու եւ մեր բա­նաս­տեղ­ծը, գիտ­նա­կա­նի ու պատ­մա­բա­նի հմտու­թեամբ կ­՚իջ­նէ-կ­՚ել­լէ այդ սան­դու­խէն, իւ­րա­քան­չիւր աս­տի­ճա­նի վրայ կանգ առ­նե­լով ու դի­տե­լով հա­մայ­նա­պատ­կե­րը, որ, որ­քան ալ օ­տար աշ­խար­հագ­րու­թեան մը պատ­կա­նի, ան­պայ­ման պատ­կա­ռազ­դու հայ մը բեմ կը հա­նէ հոս կամ հոն:
«Խ­րա­խու­նի բա­նաս­տեղծ ըլ­լա­լէ ա­ռաջ, փի­լի­սո­փայ է: Եւ Խ­րա­խու­նիա­կան ա­րո­ւես­տին վրայ փի­լի­սո­փա­յու­թիւնն է որ տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին հետզհե­տէ տի­րա­պե­տող դար­ձու­ցած է իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը, ան­դին հրե­լով բուն իսկ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան գրա­կա­նու­թեան դրոշմ­նե­րը: ­Բայց այս­քան ալ չէ: ­Փի­լի­սո­փա­յա­կան մտա­ծումն ալ իր պար­տէ­զին դռնե­րը լայ­նօ­րէն բա­ցած է գի­տա­կան ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան աշ­խար­հէ ստա­ցո­ւած գի­տե­լիք­նե­րու ով­կիա­նո­սի մը, ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րու շտե­մա­րա­նա­յին պա­շա­րի մը, որ Խ­րա­խու­նիին մաս­նա­յատ­կու­թիւ­նը կը կազ­մէ»:
Զա­րեհ Խ­րա­խու­նիի ծննդեան 91րդ ­տա­րե­դար­ձին նո­ւի­րո­ւած այս հա­կիրճ վկա­յու­թիւ­նը շնչա­ւո­րե­լու թող ծա­ռա­յէ հե­տե­ւեալ փուն­ջը ա­նոր ինք­նա­տիպ բա­նաձտեղ­ծու­թե­նէն.
— Եր­դիք­նե­րէն Ան­հա­մար եր­դիք­նե­րէն մէկ հա­տին Եզ­րին վրայ կամ ծայ­րին ­Ջու­րի կա­թիլ մը կը սա­հի կը հան­դի­պի ու­րի­շի մը ու կ’ը­սէ.- ­Գի­տե՞ս ինչ բան ­Քու մէջդ ինչ բան ա­մէ­նէն շատ Ա­մէ­նէն շատ կը սի­րեմ — ­Դուն ոչ մէ­կուն եւ ոչ մէ­կուն կը նմա­նիս…
Տա­նիք­նե­րէն ­Բիւ­րա­ւոր տա­նիք­նե­րէն ­Մէ­կուն ծայ­րին կամ եզ­րին ­Ջու­րի եր­կու կա­թիլ­ներ — կա­թիլ­նե­րուն պէս բո­լոր Ա­րե­ւուն նոյն ճա­ռա­գայ­թէն նե­տա­հար Ու նո­րա­բաց ծիա­ծա­նովն ար­բե­ցած ­Կը միա­նան իբ­րեւ պտուկ մը լոյ­սի ­Կը միա­նան իբ­րեւ պտուղ երկ­նա­ծին Ու միա­ձոյլ — ծան­րա­ցած Կ­’իյ­նան հո­ղին եր­ջան­կու­թեան ար­տա­սու­քի պէս վճիտ Ու մին կ’ը­սէ միւս կէ­սին — ­Գի­տե՞ս ինչ բան ա­մէ­նէն շատ ­Պի­տի ու­զեմ յա­ջորդ ան­գամ Երբ աշ­խարհ գամ ու կա­թիմ — Յար եւ նման քե­զի նման կա­թի­լի մը հան­դի­պիլ…

ԼԵՌՆ Ի ՎԵՐ

Այս այն լեռն է
Որ ա­մէ­նուս բի­բին խորն է բե­ւե­ռո­ւած
Որ ա­մէ­նուս մոր­թին տակն է – ­միս ոս­կոր,
Որ ապ­րում է գո­յու­թիւն է ի­րա­կան
Ու ե­րազ է ա­ռաս­պել է ան­սահ­ման

Այս այն լեռն է
Որ­մէ կու­գայ վճիտ ջու­րի ուղ­խե­րու պէս ա­րիւ­նը մեր ե­րա­կին
Ո­րուն կ’եր­թայ օ­դաս­լաց համ­բոյ­րի
պէս վեր­ջին շուն­չը մեր կուրծ­քին

Այս այն լեռն է
Որ­մէ որ­քան կը հե­ռա­նանք այն­քան կը զգանք թէ իրն ենք
Ո­րուն որ­քան կը մօ­տե­նանք այն­քան կը զգանք թէ ինչ ենք…

Քար

Ճամ­բու եզ­րին,
Ա­րե­ւուն տակ
Նս­տեր եմ քար կը տա­շեմ
Ճամ­բան մեծ է —
Փառ­քի ե­րակ է բա­բա­խուն
Ուր կեան­քը խօլ շա­ռա­չե­լով կը վա­զէ
Ես նստեր եմ
Ա­րե­ւուն տակ
Քար կը յղկեմ շա­րու­նակ
Մեծ ճամ­բա­յէն մար­դիկ կ ­’անց­նին կառ­քեր կ ­’անց­նին սրար­շաւ
Փայ­լա­տա­կող ա­պա­կիին կամ մթաս­քօղ ակ­նոց­նե­րուն ե­տե­ւէն
Չեն տես­ներ զիս —
Ես միայ­նակ
Ա­րե­ւուն տակ
Նս­տեր եմ քար կը կո­փեմ
Ո­մանք կու­գան կանգ կ ­’առ­նեն
Եր­կար բա­րակ կը նա­յին — մէկ եր­կու բառ կը խօ­սին
Յե­տոյ կ’առ­նեն կը քա­լեն
Ես կը նստիմ
Ճամ­բու եզ­րին
Ու կ ­’աշ­խա­տիմ ան­տար­բեր
Ոչ ֆուլ ու­նիմ ոչ դա­դար
Ոչ քուն ու­նիմ ոչ հան­գիստ
Կար­ծես բա­նէ մ ’­հա­լա­ծա­կան ես կը բա­նիմ ա­նոր դէմ
Ձեռ­քիս մեջ մուրճ ու գրիչ
Քա­րին վրայ կը հնչեն
Ժա­մա­ցոյ­ցի պէս վճիտ
Ճամ­բուն վրայ մինչ փար­թամ
Մար­դիկ կառ­քեր ի­րա­րու հետ կը մրցին —
Ես կը փոր­ձեմ հա­ւա­սա­րիլ թիք­թա­քին
Ու կը զար­նեմ ես ա­րագ
Ա­ւե­լի շատ ա­ւե­լի շուտ կը փո­րագ­րեմ կը հար­թեմ
Բայց թե ի՞նչ է — չէմ գի­տեր
Ի՞նչ կը շի­նեմ — ար­ձա՞ն մ’ար­դեօք ա­պա­գա­յի սե­րունդ­նե­րէն պաշ­տո­ւած
Քան­դա՞կ մը նուրբ յոյ­սի լոյ­սի տա­ճար­նե­րու ճա­կա­տին
խաչ­քա՞ր մը սուրբ հայ­րե­նա­կան ա­ւանդ­նե­րուն կո­թո­ղո­ւած
Թէ քար մը պարզ
Քա­ռա­կու­սի սրբա­տաշ
Ճամ­բու եզ­րին խո­տե­րուն մէջ մոռ­ցո­ւած
Ճամ­բու եզ­րին
Ա­րե­ւուն տակ
Միս­մի­նակ





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+