Մեր շէն սեղանէն մամիկներուս խոհանոցէն համեր եւ յուշեր - Kitap Köşesi
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Արփող

Kitap Köşesi :

13 Aralık 2018  

Մեր շէն սեղանէն մամիկներուս խոհանոցէն համեր եւ յուշեր -

Մեր շէն սեղանէն մամիկներուս խոհանոցէն համեր եւ յուշեր Մեր շէն սեղանէն մամիկներուս խոհանոցէն համեր եւ յուշեր

Մեր շէն սեղանէն մամիկներուս խոհանոցէն համեր եւ յուշեր

Թագուհի Թովմասեանի «Մեր շէն սեղանէն» գիրքը կը տարբերի խոհագիրներու ընկալեալ հաւաքածոներէն ու կը վերածուի ճանապարհորդութեան մը՝ դէպի այլեւս «անցեալ» պիտակը կրող օրերը։ Հեղինակը՝ Թագուհի Թովմասեան, ընթերցողին կը փոխանցէ մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն մեծ մայրերէն ու ընտանիքի երէցներէն իր սորված աւելի քան երեսուն կերակուրներու, աղանդերներու, աղցաններու, անուշեղէններու ու ըմպելիներու պատրաստման եղանակները՝ անոնց միախառնելով իր յուշերը անձերու կամ վայրերու մասին։

Գիրքը ո՛չ միայն խոհանոցային վարպետութիւն փորձարկելու առիթ մըն է հետաքրքիր խոհարարներուն համար, այլ նաեւ յուշագրական անզուգական հրատարակութիւն մը, որ կը պատմէ Չորլու, Թեքիրտաղ, Սիլիվրի, Չաթալճա եւ շրջակայքը հաստատուած հայութեան մնացորդացին ոդիսականը՝ անոնց գաղթը դէպի Պոլիս կամ ոմանց յամառութիւնը՝ մնալու ծննդավայր հայրենիքին մէջ մինչեւ մահ ու մահէն ալ անդին։ Այլ դրուագ մը կը բացուի Պոլսոյ մէջ. յատկապէս Ետիգուլէ, Սամաթիա, Շիշլի կը ներկայանան իրենց ներկայէն բոլորովին տարբերող դիմագծութեամբ մը։

​Թագուհի Թովմասեան
Dili Հայերէն
Çevirmen Արփի Թոթոյեան
Özgün dili Թրքերէն
Editör Սեւան Տէյիրմենճեան
Tasarım Ինճի Պաթուկ
Baskı bilgileri Ա տպագրութիւն, Նոյեմբեր 2018
Sayfa ve boyut 152 էջ, 16x24 սմ
ISBN 9786052100363




Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+