Սուրբ Սարգիս Սիրոյ Սուրբը - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

18 Şubat 2019  

Սուրբ Սարգիս Սիրոյ Սուրբը -

Սուրբ Սարգիս Սիրոյ Սուրբը Սուրբ Սարգիս Սիրոյ Սուրբը

Սիրոյ տօնն է՝ սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգիսի տօնը։ Արդարեւ, Սուրբ Սարգիսի տօնը կը յիշուի աղօթքներով, նաեւ յատուկ աւանդութիւններով՝ որոնք հայ ժողովուրդին բնորոշ արարողութիւններն են։ Իւրաքանչիւր շրջան ունի իւրայատուկ աւանդութիւնը, եւ սակայն այդ զանազանութիւններու, տարբերութիւններու մէջ կը գտնուի հասարակաց արժէք մը՝ սէ՛րը։ Ուստի որքան տարբեր ըլլան աւանդութիւնները, մէ՛կ է սէրը։

Սուրբ Սարգիս Կապադովկեան Կեսարիոյ Գամիրք գաւառէն էր։ Ան քաջ եւ առաքինի զինուորական մըն էր, որ Կոստանդիանոս կայսեր օրով (285-337), «Սպարապետութեան աստիճան»ին հասաւ։ (Ծանօթ.- Սպարապետ=երկրի մը բոլոր բանակներուն վերին հրամանատարը)։ Ան նաեւ համարձակութեամբ կը քարոզէր Աւետարանը եւ կը կործանէր բագիններ եւ մեհեաններ։

Երբ Յուլիանոս Ուրացող թագաւորեց (360-363), Սարգիս իր Մարտիրոս որդւոյն հետ ապաւինեցաւ Հայաստան, Տիրան թագաւորի մօտ, եւ ժամանակ մը հոն մնալէ վերջ անցաւ Պարսկաստան, Պարսից Շապուհ արքային մօտ, ծառայելով զինուորական ասպարէզի մէջ։ Մեծ եղաւ իր եւ իր որդւոյն ազդեցութիւնը իր հսկողութեան ներքեւ գտնուող պարսիկ զօրքին վրայ։ Անոնց մէջ քրիստոնէութեան դարձողներ եղան։ Այս պարագան հետզհետէ ուշագրաւ դառնալով, Սարգիս եւ իր զաւակը Մարտիրոս արքայական հրաւէր ստացան զոհ մատուցանելու արքունի մեհեանին մէջ։

Սարգիս զօրավարը մերժեց խստիւ, եւ մեհեանին մէջ նոյնիսկ քաջութիւնը եւ համարձակութիւնը ունեցաւ անարգելու կուռքերը։

Մոգերը խուժեցին այն ատեն անոնց վրայ, ոտնակոխ սպաննեցին Սարգիսի զաւակը Մարտիրոսը, իսկ Սարգիս բանտարկուեցաւ։ Քննութեան ենթարկուեցաւ եւ յետ քննութեան գլխատուեցաւ քաղաքէն դուրս տեղի մը մէջ։

Սարգիսի պարսիկ զինուորներէն տասնեւչորս անձեր, որոնք մինչեւ վերջը հաւատարիմ մնացեր էին իրեն, առին Սարգիսի մարմինը եւ մաքուր զգեստներով պատեցին զայն։

Բայց թագաւորին հրամանով այդ տասնեւչորս զինուորները եւս գլխատուեցան։ Սարգիսի եւ բոլորին մարմինները հրամայւեցաւ ջնջել, եւ սակայն ուրիշ հաւատարիմ հաւատացեալներ գիշեր ատեն վերցուցին անոնց անկենդան մարմինները։

(Սկզբնաղբիւր.- Տ. Թորգոմ Պատրիարք, «Սուրբք Եւ Տօնք Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, 1939)։

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը Սուրբ Սարգիսի մասունքները կը բերէ Ուշի (Աշտարակի շրջան), եւ այնտեղ կը կառուցանէ երանելիին անունը կրող եկեղեցի մը։

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Հայրապետի տնօրինութեամբ Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը հռչակուած է «Երիտասարդներու օրհնութեան օր»։

Արդարեւ, Սուրբ Սարգիս զօրավարը երիտասարդներու արագահաս բարեխօսն է։

Մօտաւոր անցեալի մէջ Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնին շատ էին հարսանիքները։ Ուստի թէեւ անցած եւ փոխուած են ժամանակները, բայց մնացած է այն ընդհանուր գիտակցութիւնը՝ թէ սիրոյ կրակը երբեք չի մարիր, ան միշտ կը բորբոքի աւելի՛ ուժգին վառելու եւ տարածուելու համար։

Սուրբ Սարգիս միշտ օգնութեան կը հասնէր այն երիտասարդ աղջիկներուն՝ որ կ՚ամուսնանային իրենց կամքին հակառակ։ Երիտասարդներ իրենց աղօթքներով կը դիմէին Սուրբ Սարգիսին եւ օգնութիւն կը խնդրէին իրմէ. «Մուրազատու Սուրբ Սարգիս, դուն հասնիս մեր երկուքին օգնութեան…»։

Կը պատմուի նաեւ աւանդութիւն մըն ալ, թէ երբեմն ծնողներու կամքին հակառակ, երիտասարդները կը փախչէին իրարու հետ միասին եւ ծնողները կը զայրանային։ Իսկ երիտասարդները կ՚աղօթէին արագահաս Սուրբ Սարգիսին՝ մեղմացնելու համար ծնողներուն զայրոյթը։

Աղի բլիթը (բլիթ=կլոր, հաստ եւ փափուկ հաց) Սուրբ Սարգիսի տօնին խորհրդանիշն էր։ Տօնին նախորդող հինգ օրերուն հայ ընտանիքներու մէջ պահք կը պահուէր։ Առաջաւորաց պահք կոչուած պահքի օրերուն արգիլուած էր կենդանական ծագում ունեցող ամէն տեսակ ուտեստները։ Սուրբ Սարգիսի տօնի նախորդ օրը երիտասարդները աղի բլիթ կ՚ուտէին, եւ միւս կէսն ալ կը պահէին եւ բարձի տակ կը դնէին՝ յուսալով որ երազի մէջ պիտի տեսնեն իրենց ապագայ կողակիցը, որ ջուր կու տար իրենց։

Սուրբ Սարգիսի բարեխօսութեան կը դիմէին կիներ՝ զաւակ ունենալու, հոգիի եւ մարմնի բժշկութեան, պանդուխտներու տունդարձի, զինուորներու ուժ եւ կորով տալու, ռազմիկներու զօրութեան եւ ձիւնամրրիկը՝ բուքը հալածելու համար։

Սուրբ Սարգիսի տօնին՝ նախորդող Առաջաւորաց պահքի եւ տօնի սովորութիւնները իրար փոխկապակցուած էին։ Այս պատճառով թերեւս Առաջաւորաց պահքը, ժողովուրդը Ժ.-ԺԱ. դարերուն անուանած է Սուրբ Սարգիսի պահք։

Ան կոչուած է նաեւ «Չոր պահք»՝ երբեմն ծոմով պահուելուն պատճառով։ Կ՚անուանուի նաեւ «խաշիլի պահք» քանի որ տօնի ծիսական ուտեստը խաշիլն էր։ (Ծանօթ.- խարկած ալիւր. ալիւրով եղող, մեղրով պատրաստուած ուտելիք)։ Եւ այս պատճառով ալ այս պահքը կոչուած էր նաեւ «փոխինձ» կամ «փոխինդ»։ Պահքի ընթացքին սակայն արգիլուած էր խաշիլի գործածութիւնը։

Սուրբ Սարգիսի տօնը յատկապէս նշանակութիւն ունէր երիտասարդներու համար, որոնք գիտէին, որ մուրազատու Սուրբ Սարգիսը շնորհաբեր էր մասնաւորապէս պահք պահողներու նկատմամբ։

Յովհան Մանդակունիի խմբագրած տօնացոյցին մէջ Սուրբ Սարգիսի տօնը սահմանուած է Առաջաւորաց պահքի շաբաթ օրը։ Ան կը տօնուի յունուար 18-էն մինչեւ փե-տըրւար 23-ի շրջանին մէջ՝ Զատկի տօնէն 63 օր առաջ։ Այս տարի՝ փետրուար 16-ին կը հանդիպի տօնը։

Սուրբ Սարգիսի տօնի օրը Սարգիս անունը ունեցողներու անուանակոչութիւնն է։ Ուստի սրտանց կը շնորհաւորենք Սարգիս անունը կրողները՝ առողջութեան եւ երջանկութեան մաղթանքներով…։


ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ




Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+