Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Երէկ Այցելեց Անգարա - Հայերէն
18 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մասիս / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

15 Temmuz 2019  

Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Երէկ Այցելեց Անգարա -

Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Երէկ Այցելեց Անգարա Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Երէկ Այցելեց Անգարա

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Նորին սրբազնութիւնը կիրակի երեկոյեան ցամաքային ճամբով Իսթանպուլէն մեկնեցաւ՝ ընկերակցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի հրաւէրին ընդառաջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ խորհրդարանի յատուկ ժողովին, որ գումարուեցաւ 15 յուլիսի Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնութեան օրուան առթիւ։ Ազգային մեծ ժողովի դահլիճէն ներս տեղի ունեցած նիստին հետեւեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, կառավարութեան անդամները եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Խորհրդարանէ ներս ներկայացուած կուսակցութիւններու խմբակցութիւններուն անունով տեղի ունեցան ելոյթներ։

Շուրջ երկու ժամ տեւեց նիստը, որուն մասնակցեցան Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներն ու աշխարհական ներկայացուցիչները։ Այսպէս, բացի Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանէն, ժողովին ներկայ էին Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Տ.Տ. Պարթոլոմէս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը, Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւա, Ասորիներու պատրիարքական փոխանորդ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին եւ այլք։ Բաց աստի, յատուկ նիստին հրաւիրուած էին Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի, հրեայ համայնքի նախագահ Իսհաք Իպրահիմզատեհ, ասորիներու առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ խորհուրդի ատենապետ Սաիտ Սուսին եւ այլք։

Միւս կողմէ, տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան 15 յուլիսի առթիւ շնորհաւորական մըն ալ ուղակեց Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանին։ Ժողո-վըրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրուան երրորդ տարեդարձին առթիւ ան յղեց անկեղծ զգացումներով շնորհաւորութիւններ։ Նորին սրբազնութեան նամակին մէջ ընդգծուած է, որ ներքին ու արտաքին բոլոր շահու լծակներուն դէմ տրուելիք լաւագոյն պատասխանը միութեան ու միասնականութեան մէջ գտնուիլն է։ «Մեր ազգը այս դիրքորոշումը ազգային պայքարի ոգիով դրսեւորած եւ հպարտ յաղթանակի մը օրինակը տուած է», նշած է Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք տեղապահ սրբազան հօր նամակին թրքերէն բնագիրը։


Sayın Cumhurbaşkanımız,
15 Temmuz Demokrasi ve Milli Birlik Günü’nün üçüncü yıldönümünü kutladığımız bu günde Zat-ı Alilerinizi en içten ve samimi duygularımızla kutlarız.
Dâhili ve harici tüm çıkar odaklarına verilecek en güzel cevabın birlik ve beraberlik içinde bulunmak olduğu aşikârdır. Milletimiz, bu tavrı Milli Mücadele ruhu ile sergileyerek onurlu bir galibiyet örneği sergilemiştir.

Halkın iradesini ve demokrasiyi yok sayanların daha ilk anlardan itibaren yenilgisi milletimizin birlik ve beraberliğinin bir yansımasıdır.

Türkiye Cumhuriyeti’nin ilelebet payidar kalması ancak bu duygular ve vatan için her platformda adanmışlık ve hizmet ile mümkündür. Devletimizin bekası için tek vücut ve tek yürek olmak vazgeçilmez bir yaklaşımdır.

Demokrasi şehitlerini rahmetle, gazilerimizi şükranla andığımız bu günde, Zat-ı Alilerinize ve Yüksek Şahsınızda tüm Devlet Erkânı’na şahsım, Ruhani Meclis Üyeleri, ruhanilerimiz ve Türkiye Ermeni Cemaati adına iyi dileklerimizi sunar, çalışmalarınızda başarılar ihsan etmesi için Yüce Allah’a dua ederiz.

Derin saygılarımızla
Episkopos Sahak Maşalyan
Patrik Kaymakamı





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+