Բաց Նամակ՝ Երեւանի «Հրապարակ» Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր Տիկին Արմինէ Օհանեանին - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

17 Eylül 2019  

Բաց Նամակ՝ Երեւանի «Հրապարակ» Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր Տիկին Արմինէ Օհանեանին -

Բաց Նամակ՝ Երեւանի «Հրապարակ» Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր Տիկին Արմինէ Օհանեանին Բաց Նամակ՝ Երեւանի «Հրապարակ» Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր Տիկին Արմինէ Օհանեանին

Յարգելի տիկին Օհանեան,

Հետաքրքրութեամբ կարդացինք «Հրապարակ»ի սեպտեմբերի 12-ի համարին մէջ կատարուած հրապարակումը՝ Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ։ «Անհաւասար պայմաններ՝ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացում» վերնագրեալ, Անի Առաքելեանի կողմէ ստորագրուած այս նիւթը մեզի կը մղէ կարգ մը անհը-րաժեշտ խորհրդածութիւններու։ Ուստի, յարմար նկատեցինք այդ բոլորը ձեր նկատառման յանձնել բաց նամակի մը ձեւաչափով՝ հաշուի առնելով, որ հանրութեան հետաքրքրութիւնն ալ բաւական բարձր մակարդակի վրայ է այս նիւթին նկատմամբ։

Կանխաւ յայտնենք, որ մեր նպատակը որեւէ բան հերքել չէ կամ սա մեր կողմէ պատասխան մը չէ՝ որպէս այդպիսին։ Մենք կը հետեւինք, որ Հայաստանի լրատուամիջոցները յաճախ կ՚անդրադառնան Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին։ Սա, անշուշտ, կը բխի հայրենի հասարակական կարծիքի հետաքրքրութիւնը յագեցնելու ցանկութենէն եւ համապատասխան արհեստավարժ պարտաւորութիւններէն։ Հրապարակումներու յաճախակի բնոյթը, ցաւօք, ցայսօր հեռու մնացած է կատարեալ եւ հնարաւորինս անաչառ պատկերացում մը ստեղծելէ։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը կրողն է համահայկական ժառանգութեան կարեւոր մէկ բաժնին կամ երեսակին։ Այս հանգամանքը հասկնալիօրէն կը պայմանաւորէ նաեւ հայաշխարհի վառ հետաքրքրութիւնը՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին նկատմամբ։ Ուստի, անկարելի է անտարբեր մնալ հայրենի լրատուամիջոցներու հրապարակումներուն նկատմամբ կամ անուշադրութեան ենթարկել զանոնք։ Մեր պատմական Աթոռին տեսակէտէ շատ էական է, որ նախընտրական ներկայ գործընթացին կապակցութեամբ ընկալումները ըլլան յստակ։ Արդարեւ, վերջին տասնամեակի մեր փորձառութիւնները բաւարար եղած են ըմբռնելու համար, որ թիւր հասկացութիւնները վտանգ կը սպառնան մեր պատմական Աթոռի վարկին ու հեղինակութեան վրայ ստուեր ածելու։ Ուստի, հարկ կը համարենք հետեւեալ կէտերը յանձնել ձեր նկատառման՝ յուսալով, թէ բարի կ՚ըլլաք այդ բոլորը հաշուի առնել ձեր ապագայ հրապարակումներուն ժամանակ։

Ա.- Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը վերջին տասնամեակին դիմագրաւած է լուրջ ճգնաժամ մը, որ զուգորդուած է ալեկոծումներով։ Պատկերացուցէք, այդ փակուղիէն դուրս գալ հնարաւոր դարձած է՝ միայն մեր երջանկայիշատակ պատրիարքին՝ Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի վախճանումով։ Ներկայիս, թէեւ մեր առջեւ ուրուագծուած է պատրիարքական ընտրութեան հեռանկարը, սակայն այս գործընթացն ալ կը զուգորդուի շարք մը անորոշութիւններով։ Այս բոլորին պատճառը այն է, որ մեր Աթոռը տասնամեակներէ ի վեր կը կառավարուի անգիր օրէնքներով։ Այսինքն մեր Պատրիարքութիւնը չունի կանոնադրութիւն, յաչս պետութեան զուրկ է պաշտօնական կարգավիճակէ մը, այլ խօսքով՝ իրաւաբանական անձի համարում չունի։ Ընդ որում, այս հարցը ի զօրու է Թուրքիոյ բոլոր ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր կեդրոններուն համար։ Մենք պարտաւոր ենք նման պայմաններու ներքեւ կազմակերպել պատրիարքական ընտրութիւնը եւ հասնիլ մեր Աթոռը նոր գահակալով մը օժտելու նպատակին։ Գանգատելով կամ ընդվզելով տեղ մը չենք կրնար հասնիլ։ Պարտաւոր ենք առկայ իրավիճակին մէջ խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդել մեր նաւը։

Այժմ սպասումի մէջ ենք, որպէսզի պետական պատկան իշխանութիւններուն կողմէ ուղարկուի մեր Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրութեան կանոնադրութիւնը։ Համայնքային համակարգը ըրած է իրմէ կախեալ ամէն ինչ։ Շարունակութիւնը բերելու համար պէտք է ունենալ այդ կանոնադրութիւնը։ Այսինքն սպասման շրջանի մը մէջ ենք։ Յստակ ժամկէտի մը մասին խօսիլ անկարելի է եւ այս առումով թէեւ անորոշութեան մը տպաւորութիւնը կրնայ ստեղծուիլ, սակայն պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը չէ ընդհատուած, կառավարելի, վերահսկելի հունի մը մէջ է եւ այդ սպասումը անխուսափելի է՝ տուեալ հարցի լուծման տրամաբանութեան տեսակէտէ։ Եթէ սպասման շրջանը, Աստուած չընէ, դուրս գայ տրամաբանական ժամկէտի մը սահմաններէն, ահա այդ ժամանակ թէկուզ հնարաւոր ըլլայ անհանգստանալ կամ տագնապիլ, սակայն, ներկայիս վիճակը այդպէս չէ։ Ընդամէնը համբերութեան հարց է եղածը՝ այժմու վիճակով։

Այս սպասման շրջանի վերաբերեալ դիտարկումները պէտք է բանաձեւենք՝ գերադասելով նախընտրական գործընթացի առողջ շարունակութիւնը եւ խնայելով պատրիարքական ընտրութեան հեռանկարը։ Կը ցանկանայինք հայրաբար նշել, որ իրադարձութիւններէն առաջ անցած ըլլալ կը նշանակէ խօսիլ՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ անհաւասար պայմաններու ստեղծուած ըլլալուն մասին։ Այժմ գործընթացը որպէս այդպիսին չէ սկսած, որ պայմաններու հաւասարութեան հարց մը ծնունդ առնէ։ Սա կրնայ վերաբերիլ յաջորդ քայլափոխին եւ վստահ կրնաք ըլլալ, թէ այդ փուլին բոլորս հետամուտ պիտի ըլլանք արդար, թափանցիկ ու ժողովրդավարական ընտրութիւններու կազմակերպման։ Այս ուղղութեամբ ստեղծուած են բոլոր նախադրեալները։ Բնականաբար, ո՛չ մեր, ո՛չ ալ ուրիշ անհատի մը երաշխիքը բաւարար է այս ուղղութեամբ։ Կարեւորը այն է, որ համակարգ մը կը գործէ։ Ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը ի զօրու է երաշխաւորելու՝ ընտրութիւններու պատշաճ ձեւով կատարուիլը։

Մնաց որ, պետութիւնը կանոնադրութիւններու բովանդակութեան մէջ երբ ընէ որոշ փոփոխութիւններ, ապա անոնք անձնակեդրոն չեն ըլլար, որ հաւանական թեկնածուներու չէզոքացման նպատակ ունենան։ Այդ փոփոխութիւնները կը կատարուին պետութեան տուեալ պահու քաղաքական առաջնահերթութիւններուն հիման վրայ։ Անհատները կամ թեկնածութեան հանգամանքները դժուար թէ գործօն դառնան այստեղ։ Խոստովանինք նաեւ, որ այս կասկածները ծնունդ առած են՝ մեր համայնքի առկայ պառակտուած վիճակին մէջ սանձազերծուած անհեռանկար քարոզարշաւներու ազդեցութեամբ։

Բ.- Մեր եւ տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի յարաբերութիւններու որակը պայմանաւորուած չէ ժամանակաւոր նախընտրական պարագաներով կամ նեղ մրցակցային հաշիւներով։ Այո՛, չենք ուրանար, որ ունինք տարակարծութիւններ, ճի՛շդ է, որ երկուքս ալ թեկնածու ենք, սակայն անկարելի է պնդել, որ մենք երբեւէ գտնուած ենք հակառակ ճամբարներու մէջ։ Եկէ՛ք, ի սէր Աստուծոյ, փորձեցէք հասկնալ, որ մենք կը ծառայենք Պոլսոյ Աթոռին։ Մեր յարաբերութիւններուն մէջ ատեն-ատեն կը յառաջանան բարդութիւններ, նոյնիսկ խցանումներ, բայց ի՛նչ որ ալ ըլլայ՝ անկարելի է համաձայնիլ, թէ Հայ Եկեղեցւոյ երկու եպիսկոպոսներս կը գտնուինք հակառակ ճամբարներու մէջ։ Չկայ ու չի կրնար ըլլալ այդպիսի բան։ Ժամանակաւոր մրցակցութիւններէ դուրս՝ մենք հակուած ենք հաւատարիմ մնալ այն սկզբունքին, թէ մենք իրարու անձին մէջ պէտք է ողջունենք լծակիցներ։ Սա մեր եկեղեցականի կոչումէն բխած պարտաւորութիւն մըն է եւ սա պատասխանատուութիւն մըն է մեր Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին առջեւ։

Այս բոլորով հանդերձ, շատ արհեստական է նշել, որ մենք այս շրջանին տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի հետ դարձած ենք դաշնակիցներ։ Այո՛, մենք անշուշտ ունինք համընկնող շահեր եւ այդ շահերու հասարակաց յայտարարը կը հանդիսանան Պատրիարքական Աթոռի կայունութիւնը, Հայ Եկեղեցւոյ պայծառութիւնը, պոլսահայութեան կենսունակութիւնը եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի հաւատի արթնութիւնը։ Մենք այս հարցերուն մէջ դաշնակից կը զգանք բոլոր թեկնածու սրբազանները ու պիտի շարունակենք զգալ։ Մենք, սկզբունքօրէն, ոեւէ անձի կամ որեւէ կառոյցի հետ համագործակցութեան ձգտում չենք ունեցած ժխտական նպատակի մը համար։ Այլապէս, մեզի համար անհամեմատօրէն հեշտ կրնար ըլլալ անցեալ տասնամեակը, երբ որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ պաշտօնավարելու ատեն յաճախ կը դառնայինք քաւութեան նոխազ։ Չմոռնանք, որ մեր եւ տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի յարաբերութիւններու նուազագոյն ներդաշնակութիւնը անհրաժեշտ նախապայման մըն է՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը հունի մէջ պահելու համար։ Ուստի, որեւէ օգուտ չի կրնար ունենալ մեր միջեւ սեպ խրելը։ Մենք կը գիտակցնիք, որ պատրիարքական ընտրութենէն վերջ ալ պիտի շարունակենք սպասարկել մեր Աթոռին ու մեր Եկեղեցւոյ եւ համապատասխան ձեւով կը ջանանք կառուցել այս ժամանակաւոր շրջանի մեր յարաբերութիւնները։ Տայ Աստուած, որ ամօթով չմնանք մեր համայնքին առջեւ։

Գ.- Մենք ալ խոր ցաւով վերահասու կը դառնանք զանազան լսումներու, ըստ որոնց, մեր համայնքի պատկան մարմիններէն դուրս, կարգ մը աշխարհական գործիչներ, դժբախտաբար, կը դիմեն պետական պատկան մարմիններուն՝ խոչընդոտելու համար արտասահմանի մեր հոգեւոր եղբայրներու թեկնածութեան հեռանկարը։ Կանխաւ յայտնենք, որ անոնց շարքին բացարձակապէս գոյութիւն չունին մեր համախոհները։ Այդ ամօթալի, անվայել երեւոյթները արձագանգ գտած են նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Մենք կը պախարակենք այդ տխուր ջանքերը։ Մենք գիտենք, որ սա տխրահռչակ խումբի մը գործն է։ Գլուխը կը գտնուի հեղինակազրկուած անձ մը եւ չենք կարծեր, թէ իր ջանքերը որեւէ ձեւով կարողանան ազդեցութիւն ունենալ պետութեան կողմէ առնուելիք որոշումներուն վրայ։ Կը սիրենք յուսալ, թէ տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանն ալ՝ որպէս տեղապահ, նոյնքան վճռակամութեամբ կը դիրքաւորուի այս բոլորին դէմ։ Պէտք չէ հանդուրժել, որ անձնական հաշիւներով, սեփական հեղինակութեան պայքարով աչքերը կուրացած մարդիկ թունաւորեն պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը։ Արդարեւ, փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ երբ համայնքէն հակասական պահանջներ հասնին պետութեան, ապա պետութիւնը միշտ կը յապաղեցնէ այն ինչ որ կախեալ է իրմէ։ Եթէ խնդիր մը ծագի, ապա մեր համայնքը չի ներեր այդ տխուր անձերուն, սակայն անոնք այնքան հեղինակազրկուած են, որ դժուար թէ նկատի առնուին որեւէ հարթութեան վրայ։
Կարճ խօսքով այդ մարդիկ ո՛չ կրնան դուռ մը փակել, ո՛չ ալ կրնան դուռ մը բանալ։ Այսքանէն վերջ, խնդրենք, հասկնալ, կը խուսափինք անուն տալէ՝ զերծ մնալու համար անհարկի բանավէճեր հրահրելէ։

Դ.- Թուրքիայէ դուրս պաշտօնավարող մեր սրբազաններուն պարագան կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն՝ այնքան, որ պատմութիւնը մեզի չի ներեր, եթէ մենք քմահաճութիւններու երթանք այս հարցով։ Մենք ինչո՞ւ պիտի չուզենք, որ մեր ժողովուրդը ունենայ կարելի չափով լայն ընտրական հնարաւորութիւն մը։ Այլընտրանքները միայն կը զօրացնեն մեզ։ Աւելի՛ն, մեր համայնքը այսօր ունի բաւական սահմանափակ ներուժ։ Հոգեւորականներ հասցնելու մեծ դժուարութիւններ ունինք։ Գաղտնիք չէ, որ կոչումներու տագնապ կ՚ապրինք։ Այս սակաւութեան մէջ միշտ ալ կրնանք կարիքն զգալ արտասահմանի մեր սրբազաններուն։ Եկէ՛ք, յիշենք Հանրապետական շրջանի մեր պարագաները։ Երանաշնորհ մեր պատրիարքներէն Գարեգին արքեպիսկոպոս Խաչատուրեան եւ Գարեգին արքեպիսկոպոս Գազանճեան ընտրուած էին՝ Թուրքիայէ դուրս պաշտօնավարելու ժամանակ։ Երանաշնորհ պատրիարք Շնորհք արքեպիսկոպոս Գալուստեան ընտրուած էր, երբ հիւրաբար կը գտնուէր Պոլիս։ Մոռնա՞նք այս օրինակները, որոնց հակառակներն ալ ապրուած են։ Մենք անտեղի կը համարենք վէճի բռնուիլը՝ մեր կամքէն անկախ նիւթի մը շուրջ։ Սա պետութեան տնօրինելիք հարցն է եւ ինչպէս ըսինք՝ պետութիւնը նման իրավիճակներու մէջ կ՚առաջնորդուի ըստ տուեալ ժամանակաշրջանի քաղաքական առաջնահերթութիւններուն կամ նպատակայարմարութեան։

1863-ի Ազգային սահմանադրութեան տրամադրութիւններով (գլուխ առաջին, յօդուած առաջին) միայն Պոլսոյ Աթոռի սրբազանները կրնան ըլլալ պատրիարքի թեկնածու։ Ներկայիս այդ սահմանադրութիւնը ուժի մէջ չէ եւ միայն այսպէս կոչուած՝ անպաշտօն ուղեցոյց մը կամ ներշնչանքի աղբիւր մըն է մեր պարագային։ Հետեւաբար, անգիր օրէնքներով կառավարուելու հիմնախնդրի դրսեւորումներէն մին է՝ այս արտասահմանի սրբազաններու թեկնածութեան հարցը, որ ամէն անգամ կը տնօրինուի ըստ պետութեան հայեցողութեան եւ տուեալ պահու քաղաքական նախապատուութիւններուն։

Ե.- Կարելի չէ համակարծիք ըլլալ, որ մենք եւ տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան ներկայիս կը ծաւալենք աշխուժ քարոզչական աշխատանք։ Ինչպէս ըսինք, պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը որպէս այդպիսին չէ սկսած, որ քարոզչական աշխատանքի սկսած ըլլանք։ Թող ներուի մեզի յիշեցնել, թէ որեւէ աղբիւրի վկայութեան անհրաժեշտութիւն չկայ՝ արձանագրելու համար, որ քարոզչութիւնը անվայել ու անյարիր է եկեղեցականներուն։ Սա եթէ ի զօրու է Պոլսոյ թեկնածուներուն համար, ապա միանշանակ ի զօրու պէտք է ըլլայ արտասահմանի թեկնածուներու պարագային եւս։ Այստեղ էական հանգամանքը հետեւեալն է. մենք վերջին հաշուով կ՚ընտրենք հոգեւոր առաջնորդ մը, սա ունի ուրոյն խաղի կանոններ, որոնք պէտք չէ շփոթուին քաղաքական ընտրութիւններու պարագաներուն հետ։ Ո՛չ մենք, ո՛չ ալ տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան այս պահուն կը զբաղինք քարոզչութեամբ։ Թուրքիոյ հայ հաւատացեալները կը սահմանեն մեր ծառայութեան բնական դաշտը։ Մեր շփումները մեր ժողովուրդին հետ նոյնքան բնական են։ Ի՞նչ քարոզչութեան կրնայ վերաբերիլ այստեղ խօսքը, սա ուղղակի անհասկնալի է։ Մեր համայնքը տասը տարիէ ի վեր անհամբեր կը սպասէ իր նոր պատրիարքին։ Անցեալ տասնամեակի ձախողումները պատճառ դարձան նաեւ համատարած թերահաւատութեան։ Հիմա մենք ջանք կը թափենք, որ մեր ժողովուրդը թօթափէ յուսահատութիւնը։ Մենք կը ջանանք, որ ընտրութեան նկատմամբ ուշադրութիւնը արծարծուած պահենք, կը ջանանք, որ հետաքրքրութիւնը չմարի։ Ամէն ինչ կ՚ընենք, որպէսզի ժողովրդական մասնակցութիւնը հասնի առաւելագոյն մակարդակին։ Մենք կը ջանանք մեր ժողովուրդը շարժման անցընել, որպէսզի անոր կամքը, ազատ կամքը ցոլանայ յառաջիկայ ընտրութեան վրայ։ Սա մաս կը կազմէ մեր հովուական առաքելութեան եւ տարօրինակ կը թուի՝ եթէ համարուի քարոզչութիւն։ Եկէ՛ք, ճիշդ ընկալենք կացութիւնը։ Երբ սկսի քարոզչութիւնը, ապա արդէն բաղդատաբար պարզ կը դառնայ ամէն ինչ։
Գուցէ թուի անհասկնալի, բայց Պատրիարքութիւնը ուղղակի գործօն չէ թեկնածուներու շրջանակի նեղացման կամ ընդլայաման հարցին շուրջ։ Յամենայնդէպս, մեր մաղթանքն է, որ սահմանափակումներ չունենանք։ Մենք կը ձգտինք, որ ընտրութեան արդիւնքը արդարանայ հանրութեան խղճին առջեւ։ Այս ծիրին մէջ արձանագրենք, որ Գուգարաց թեմի առաջնորդ տ. Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեան եւ Շիրակի թեմի առաջնորդ տ. Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեան մեր սիրեցեալ հոգեւոր եղբայրներն են։ Անոնք Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու արժէքաւոր անդամները կը հանդիսանան եւ մենք միշտ գնահատանքով կը հետեւինք իրենց բազմակողմանի գործունէութեան, զանազան ժողովներու առիթով եղած ենք իրարու հետ։ Մասնաւորապէս Սեպուհ սրբազան Պոլսոյ մէջ ունի իր համակիրներու շրջանակը։ Մեր համայնքային կեանքին աշխուժօրէն ներգրաւուած մարդիկ են անոնք։ Որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ պաշտօնավարած մեր տարիներուն՝ այնքան հակադիր ազդակներու մէջ նոյնաժամանակ հաւասարակշռութիւն գտնելու ստիպուած էինք, որ անոնցմէ ոմանց հետ ակամայ անհաղորդ վիճակի մատնուեցանք։ Դժուար շրջաններ էին, բնականաբար։ Այժմ բոլորով կեդրոնացած ենք ընտրութեան նպատակին վրայ։ Ուրիշ առիթով ալ նշած ենք, թէ հակուած չենք մեր համայնքի զաւակները դասաւորել կամ պիտակաւորել՝ ըստ իրենց նախընտրած թեկնածուին։ Եթէ հարցը մեր հոգեւոր եղբայրներէն մէկուն նկատմամբ՝ այս պարագային Սեպուհ սրբազանի նկատմամբ համակրանքի մէջ է, ապա որեւէ խնդիր չի կրնար ըլլալ։ Սեպուհ սրբազան մօտէն կը հետեւի թրքահայ կեանքին, տեղեակ է մեր պայմաններուն, կը ջանայ արժեւորել մեր Աթոռի աւանդութիւններն ու ժառանգութիւնը։ Մենք միշտ համագործակցութեան դռները բաց կը համարենք իր հետ։ Իր անձին մէջ կ՚ողջունենք բանիմաց հոգեւոր եղբայր մը։ Մենք միայն ուրախ կ՚ըլլանք, եթէ իրարու հետ ընթանանք նախընտրական գործընթացին մէջ։ Մեր աղօթքն է, որ ամէն ինչ ըլլայ արդար։ Մենք արդարութիւն չենք ուզեր միայն մեր անձին համար։ Մենք վնասակար կը համարենք այն տարրերը, որոնք այսօր հաշիւներ կ՚ընեն արտասահմանի թեկնածուներու չէզոքացման վրայով։ Սա պարզապէս անոնց դիրքերու տկարութեան, ինքնավստահութեան պակասի խոստովանութիւնն է։
Անգամ մը, որ կանոնադրութիւնը հասնի՝ բոլոր քարերը կը նստին իրենց տեղը եւ հաւասար հնարաւորութիւններով մեր պատգամը կը հասցնենք մեր ժողովուրդին։ Մենք սուրբ Աւետարանի քարոզիչներ ենք ու մեր պատգամը կրնայ վերաբերիլ միայն սիրոյ ու մեր ժողովուրդի միասնականութենէն ճառագայթելիք լոյսին։


Յարգանօք եւ օրհնութեամբ՝
ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ
Ատենապետ՝ Կրօնական ժողովիԵրկուշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2019




Bu haber turkiyeermenileripatrikligi.org kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (turkiyeermenileripatrikligi.org) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(turkiyeermenileripatrikligi.org). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+