Անցուկը մոռցուկպոլսահայ մտաւորականի մը ուղին՝ Սկիւտարէն Փարիզ Վահրամ Թորգոմեան - Kitap Köşesi
19 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Անահիտ / Ժամ : Հոթապեալ

Kitap Köşesi :

14 Ağustos 2020  

Անցուկը մոռցուկպոլսահայ մտաւորականի մը ուղին՝ Սկիւտարէն Փարիզ Վահրամ Թորգոմեան -

Անցուկը մոռցուկպոլսահայ մտաւորականի մը ուղին՝ Սկիւտարէն Փարիզ Վահրամ Թորգոմեան Անցուկը մոռցուկպոլսահայ մտաւորականի մը ուղին՝ Սկիւտարէն Փարիզ Վահրամ Թորգոմեան

Պոլսահայոց հասարակական, մտաւորական ու եկեղեցական կեանքին վերաբերեալ անօրինակ վկայութիւն մըն է այս յուշագրութիւնը, որուն հեղինակը՝ բանասէր, հասարակական գործիչ, պալատական շրջանակներէ ներս իսկ յարգանք վայելող բժիշկ տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան, կը ներկայացնէ ԺԹ դարավերջի ու Ի դարասկզբի Կ. Պոլսոյ առօրեային բազմաշերտ կեանքը։ Հեղինակը, ծնեալ Սկիւտար, ընտանեկան պարագաներն ու իրենց շրջանակը, թաղի Ս. Խաչ վարժարանէն սկիզբ առած իր կրթական կեանքը, ուսուցիչները, դասընկերները, թաղին հանրային շարժումները, եկեղեցիներն ու անոնց հոգեւորականները պատմելէ վերջ, պատկերաւոր լեզուով մը կը փոխանցէ բժշկական կրթութիւն ստանալու նպատակով Սկիւտարէն դուրս, Պոլսոյ այլ թաղեր կատարած ուղեւորութիւնները ու այլ պատահարներ։ Թորգոմեանի արկածները սահմանափակուած չեն միայն Պոլսոյ միջավայրով. հեղինակը, որ բժշկական կրթութիւնը շարունակած է Փարիզի մէջ, կը նկարագրէ նաեւ Իզմիրի ու Մարսիլիոյ վրայէն Փարիզ կատարած երթուդարձերը, Ֆրանսայի մայրաքաղաքի հայկական կեանքը, տեղւոյն գաղութը եւ իր կապերը զանազաններու հետ։ «Անցուկը մոռցուկ»ը, որ առաջին անգամ կը հրատարակուի առանձին հատորով, կ՚ամփոփէ նաեւ հեղինակին ուշագրաւ վկայագրութիւնը՝ հրադադարի տարիներուն Պոլսոյ մէջ շփումներ ունեցած Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան մասին։ Հատորի աւարտին տեղադրուած է Վահրամ Թորգոմեանի մատենագիտութիւնը, զոր պատրաստած է Սեւան Տէյիրմենճեան։ «Անցուկը մոռցուկ» հրատարակուած է Սկիւտարի Ս. Խաչ-Դպրեվանք վարժարանի խնամակալութեան մեկենասութեամբ։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+