Հոգելոյս Հրանդ Տինքի Անթառամ Յիշատակը. Ոգեկոչումներ Իր Սպանութեան 14-րդ Տարելիցին Առթիւ - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

20 Ocak 2021  

Հոգելոյս Հրանդ Տինքի Անթառամ Յիշատակը. Ոգեկոչումներ Իր Սպանութեան 14-րդ Տարելիցին Առթիւ -

Հոգելոյս Հրանդ Տինքի Անթառամ Յիշատակը. Ոգեկոչումներ Իր Սպանութեան 14-րդ Տարելիցին Առթիւ Հոգելոյս Հրանդ Տինքի Անթառամ Յիշատակը. Ոգեկոչումներ Իր Սպանութեան 14-րդ Տարելիցին Առթիւ

Երէկ, հոգելոյս Հրանդ Տինք ոգեկոչուեցաւ սպանութեան 14-րդ տարելիցին առթիւ։ 19 յունուարի տխրութիւնը համակած էր բոլորը՝ լուսահոգի Հրանդ Տինքի նկատմամբ անսահման կարօտի զգացումով հանդերձ։ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, լրագրող Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած ոճրագործութենէն 14 տարի անց բոլորը դարձեալ համախմբուեցան իր բարոյական ներկայութեան շուրջ, խոնարհելով անոր անթառամ յիշատակին առջեւ։

Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու բացառիկ մթնոլորտին մէջ, Հրանդ Տինքի ոգեկոչումները այս տարի, ըստ էութեան, առցանց հարթակի վրայ տեղի ունեցան։ Համացանցային միջավայրի մէջ, հեռավար դրութեամբ վերյիշուեցաւ Հրանդ Տինք։ Ֆիզիքական հեռաւորութիւնը արգելք մը չեղաւ անոր յիշատակով հերթական անգամ ներշնչուելու ճանապարհին։ Առցանց հարթակի վրայ օրուան տեւողութեան ներկայացուեցան Հրանդ Տինքի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ զանազան մանրամասնութիւններ, ճոխ տեսանիւթեր։ Յամենայնդէպս, յետմիջօրէին, Հրանդ Տինքի ընտանիքի անդամները համախմբուեցան այն վայրին վրայ, ուր հոգելոյս Հրանդ Տինք անիծեալ փամփուշտներու թիրախը դարձած էր 14 տարի առաջ։ «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան Օսմանպէյի շէնքին առջեւ այս տարի ստիպողաբար մեծ բազմութիւն մը թէեւ չկար, սակայն հազարաւորներ հոգեպէս այնտեղ էին՝ Հրանդ Տինքին հետ, նոյնացած անոր յիշատակին հետ։ «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան շէնքին առջեւ, Հրանդ Տինքի ոգեկոչման ժամանակ այս տարի եւս ելոյթ մը ունեցաւ իր այրին՝ Ռաքել Տինք, որու կողքին էին ընտանիքի միւս բոլոր անդամները։ Այս առթիւ Ռաքել Տինք նշեց, որ Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած ոճրագործութեան վերաբերեալ դատավարութիւնը մօտաւոր ապագային թէեւ պիտի եզրափակուի, սակայն տակաւին ազդու հետաքննութիւն մը չէ կատարուած ու դատական գործընթացին չեն ներգրաւուած անոնք, որոնք Հրանդ Տինքը թիրախ ցոյց տուած էին, անոր դէմ սպառնացած էին եւ ոճրագործութիւնը գրգռած էին։

«Հրանդ Տինք» հիմնարկի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ 14-րդ տարելիցին առթիւ կազմակերպուած հեռավար ոգեկոչումները ամբողջ աշխարհի մէջ արժանացած են հետաքրքրութեան եւ ուշադրութեան՝ սկսելով Ճաբոնէն եւ Ուրուկուայէն, մինչեւ Սպանիա եւ Իրան։

Մահուան տարելիցին առթիւ Հրանդ Տինքի ընտանիքը այցելեց նաեւ անոր շիրիմը, որ կը գտնուի Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։

Պետական-քաղաքական շրջանակներն ալ անդրադարձան հոգելոյս Հրանդ Տինքի սպանութեան 14-րդ տարելիցին։ Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն այս առթիւ յայտնեց, որ Հրանդ Տինք իր գրիչը միշտ շարժած է եղբայրութեան համար։ Ալթուն շեշտեց, որ ՖԵԹԷՕ 14 տարի առաջ Հրանդ Տինքը մեզմէ առած էր։

Գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն ալ տարելիցի առթիւ հանդէս եկաւ տեսաուղերձով մը։ Ան կանգ առաւ Հրանդ Տինքի դաւանած հանդուրժողութեան վրայ ու շեշտեց, որ հանգուցեալը Անատոլուի մէկ զաւակն էր։

Իր կարգին, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն ալ Հրանդ Տինքը ոգեկոչեց մահուան 14-րդ տարելիցին առթիւ։ Նոյն առթիւ ան տեղեկացուց, որ Թուզլայի նշանաւոր ճամբարը՝ «Քամփ Արմէն»ը յառաջիկայ շրջանին երիտասարդական կեդրոնի մը պիտի վերածուի։ Հարկ է նշել, որ Հրանդ Տինքի վերաբերեալ յիշողութեան ամբողջին մէջ այս ճամբարը ունի խորհրդանշական տեղ մը, որովհետեւ այդ վայրին մէջ ծանօթացած էին հոգելոյս Հրանդ Տինք եւ կողակիցը՝ Ռաքել Տինք։








Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
Etiketler : hrantdink2021

Diğer Haberler

+