Աթոռոյս «մէնթի-մէնթօր» Ծրագրի Անդամներ Անգարայի Մէջ - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

23 Ocak 2021  

Աթոռոյս «մէնթի-մէնթօր» Ծրագրի Անդամներ Անգարայի Մէջ -

Աթոռոյս «մէնթի-մէնթօր» Ծրագրի Անդամներ Անգարայի Մէջ Աթոռոյս «մէնթի-մէնթօր» Ծրագրի Անդամներ Անգարայի Մէջ

Հանրապետութեան Նախագահութեան Դիւանապետներէն՝ Հասան Տօղանի հիւրընկալութեամբ, 22 Յունուար 2021, Ուրբաթ, ժամը 13.30-ին, Հայ, Յոյն, Ասորի եւ Հրեայ համայնքներէ երիտասարդներ հիւրնկալուեցան Հանրապետական Համալիրին մէջ։ Սոյն հանդիպման յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս մասնակցեցան, Պատրիարքական Աթոռոյս «Մէնթի-Մէնթօր» ծրագրէն 14 երիտասարդներ, առաջնորդութեամբ՝ ծրագրի վարիչներէն՝ Մէրի Թաքսի Տէվէճեանի եւ Արաս Եոլուսէվէրի։

Ընդունելութեան սկիզբը, բոլոր ներկաներ նախ իրենք զիրենք ծանօթացուցին եւ արտայայտուեցան իրենց համայնքներու մասին։ Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ թէ՝ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններ ապագայի նկատմամբ աւելի յուսադիր են, որուն ապացոյցներէն մին կը հանդիսանայ սոյն ընդունելութիւնը։ Երիտասարդներ յայտնեցին նաեւ թէ՝ տարբեր համայնքներ մաս կը կազմէին երկրի մշակութային խճանկարին, որով որպէս երկրի քաղաքացիներ բոլորին պարտականութիւն կը վիճակուէր երկրի յառաջդիմութեան համար։ Կարիքը շեշտուեցաւ երիտասաարդներու այլ ծրագիրներու մէջ հասարակաց եզրի մէջ ի մի համախմբուելու եւ միասնական աշխատութիւն տանելու։

Յարգելի դիւանապետը, այս առիթով անդրադարձաւ հաղորդակցութեան կարեւորութեան եւ շեշտեց՝ երիտասարդութեան կարեւորութիւնը երկրի յառաջդիմութեան համար։ Այս առիթով մաղթեց որ նման իմաստալից հանդիպումներ աւելնան, որպէսզի տարբեր համայնքերու անդամ երիտասարդներ առաւել եւս իրարու ծանօթանան։ Այլապէս ուրախառիթ էր տեսնել համալսարան յաճախող երիտասարդները տեսնել Հանրապետական Համալիրէն ներս։ Հանդիպման աւարտին, բոլոր երիտասարդները շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ընծայուած հիւրասիրութեան համար։
Ընդունելութիւնը իր աւարտին հասաւ, ժամը 15.45-ին, որմէ յետոյ երիտասարդներ վերադարձան Պոլիս։

Ժողովի մասնակից երիտասարներն են՝ Նորա Պաղամ, Նորտա Լազօղլու, Ժպիտ Լոյս Կէզէր, Շիլա Փաքեիւզ, Երազ Չաղլաեան, Ժանին Ազիզոֆ, Լիտիա Չուլճի, Արիս Տիգրան Նշան, Ագսել Փուլաշ, Այգ Կէզէր, Ռուտի Էքսէր, Պուրակ Թանըշման, Իւմիթ Թաշքէօփրիւ եւ Սեւակ Ուլուք։





Bu haber turkiyeermenileripatrikligi kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (turkiyeermenileripatrikligi) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(turkiyeermenileripatrikligi). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+