​Մայիս ամիսը Սուրբ Կոյսին նուիրուած ամիս. Սուրբ Վարդարանի աղօթքի մարաթոն - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

01 Mayıs 2021  

​Մայիս ամիսը Սուրբ Կոյսին նուիրուած ամիս. Սուրբ Վարդարանի աղօթքի մարաթոն -

​Մայիս ամիսը Սուրբ Կոյսին նուիրուած ամիս. Սուրբ Վարդարանի աղօթքի մարաթոն ​Մայիս ամիսը Սուրբ Կոյսին նուիրուած ամիս. Սուրբ Վարդարանի աղօթքի մարաթոն

Խոկանք Ս. Կոյսին կեանքին շուրջ: Խօսինք հետը եւ յատկապէս անոր բանանք մեր խոցելի ու խոցուած սրտերը, որպէսզի մեզ պահէ ամէն տեսակ հոգեւոր փոթորիկներէ:

14-րդ դարէն սկսեալ, Արեւմտեան Եկեղեցին մայիս ամիսը կը նուիրէ Ս. Կոյս Մարիամի եւ մեզ կը հրաւիրէ աւելի մեծ խանդով տօնելու Աստուածամայրը՝ մտածելով այն առաքինութիւններուն վրայ, որ զինք փառքի կը հասցնեն:

Դարեր շարունակ Եկեղեցին կը հռչակէ սրբութիւնը, անարատութիւնը Ս. Կոյսին, որ զինքը զերծ պահեցին սկզբնական մեղքէն: Ս. Կոյսը օրինակն է անձնուիրումի ու հաւատարմութեան որ զինք արժանացուցին ամէնուն կողմէ Երանելի հռչակուելու:

Որդի, ահա քու մայրդ

Հայ Եկեղեցին եւ հայ ժողովուրդը մեծ հաւատքով եւ վստահութեամբ ընդունեցան Քրիստոսի՝ Խաչի վրայ արտասանած խօսքերը ուղղուած Ս. Յովհաննէսին. «Որդի, ահա քու մայրդ», եւ Ս. Կոյսին ուղղուած խօսքը. «Ահա քու որդիդ»: Այս խօսքերով Յիսուս Գողգոթայի վրայ մեզ յանձնեց Ս. Կոյսի պաշտպանութեան եւ գուրգուրանքին: Ինքն է որ մեզ կ’առաջնորդէ եւ մեզի համար կը բարեխօսէ Իր Որդիին՝ մօտ :

Երբ Քրիստոս մեզ յանձնեց իր Մօրը, Իրեն տուաւ առաքելութիւն մը որ անսահման է եւ յաւերժական: Մեզմէ շատեր հարց կու տան թէ ին՞չ է այդ առաքելութիւնը եւ թէ ին՞չ բանի մէջ կը կայանայ իր դերը:

Սուրբ Կոյսին մայրական կոչն ու պատգամը

Ներկայ դարուս մէջ Ս. Կոյսը ամենուրէք կոչ կ’ուղղէ մեզի բայց ի մասնաւորի այն անձերուն, որոնք հեռացած են իր Որդիէն՝ Քրիստոսէն: Մարիամ այս կոչերով մեզ կը հրաւիրէ աւելի մօտ ըլլալու իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին, մեր Արարիչին ու Փրկչին:

Ահա Ս· Կոյսին մայրական պատգամը որ կ’ուղղէ մեզի. «Սիրելի որդիներս, աղօթեցէք սրտանց Աստուծոյ, Ս. Գիրքը կարդացէք, ապաշխարեցէք, խոստովանեցէք ձեր մեղքերը, Ս. Պատարագին մասնակցեցէք եւ ծոմ պահեցէք»: Այս կոչը ուղղուած է բոլորիս:

Տօն Սուրբ Յովսէփ աշխատաւորին

Այսօր մէկ մայիսին տօնն է նաեւ Ս. Յովսէփ աշխատաւորին, որ յատուկ դեռ ունեցաւ փրկագործութեան խորհուրդին մէջ: Աւետարանիչը զինք կը ներկայացնէ որպէս Աստուծոյ մարդը, «արդար», խոնարհ ու համեստ, քաջ ու վեհանձն: Ան կը նուիրուի անվերապահ` մոռնալով ինքզինք: Ան կ՛ապրի ծածուկ կեանք մը: Կը ճանչնայ Ս. Կոյսն ու Յիսուսը ու անոնց կ՛ընկերանայ իրենց ուրախ եւ տխուր առօրեային միշտ Հաւատարիմ:

Փեսայ մը սքանչելի պահապան` հակառակ կեանքի դժուարութիւններուն: Ապահով առաջնորդ` իւրաքանչիւրիս: Պատուելու համար մարդկութեան գեղեցկագոյն Ծաղիկը, Ս. Կոյս` Մարիամը, իր Մայիս ամսոյն մէջ:

Ս. Յովսէփ Ս. Կոյսը կը սիրէ, անոր մէջ` կը տեսնէ մեղքի խաւարին մէջ քալող ժողովուրդներուն խոստացուած Մեսիայի մայրը:

Ան կը հիանայ Մարիամի առաւելութիւններուն ու մտածելակերպին վրայ, աղօթքին ու ամփոփումին, ընկերային կեանքին ու գուրգուրալիր ծառայասիրութեան իր զաւկին նկատմամբ:

Սուրբ Յովսէփ աշխատաւորի տօնը հաստատուած է Պիոս ԺԲ Քահանայապետի օրով մէկ մայիս 1955-ին, շեշտադրելու համար աշխատանքի սրբութիւնը։

Սուրբ Վարդարանի աղօթքի մարաթոն

Այս տարուայ Մայիս ամսուայ ընթացքին Քահանայապետական նոր Աւետարանումի խթանման խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է «Համայն Եկեղեցիէն անդադար աղօթք կը բարձրանայ առ Աստուած» խորագիրով Սուրբ Վարդարանի մարաթոն մը, որ ներգրաւած է աշխարհի Մարեմեան բոլոր Սրբավայրերը, որպէսզի միջնորդ ըլլան հաւատացեալներուն, ընտանիքներուն ե հասարակութիւններուն մօտ, որպէսզի աղօթեն Սուրբ Վարդարանը` հայցելու համար համաճարակին աւարտը։

Մայիս ամսուայ ընթացքին Հռոմի ժամանակացոյցով ամէն օր երեկոյեան ժամը 6-ին Սուրբ Աթոռի պաշտօնական կայքերու միջոցաւ պիտի սփռուի Սուրբ Վարդարանի աղօթքը զոր ամէն օր պիտի արտասանուի աշխարհի մէկ տարբեր սրբավայրէ։ Սոյն մարաթոնի բացումը կը կատարէ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը մէկ մայիսի երեկոյեան Վատիկանէն գլխաւորած Սուրբ Վարդարանի աղօթքով։

Սուրբ Վարդարանի աղօթքի մարաթոնը վերջ պիտի գտնէ ապա 31 մայիսին որուն փակումը պիտի կատարէ միշտ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Խոկանք Ս. Կոյսին կեանքին շուրջ: Խօսինք հետը եւ յատկապէս անոր բանանք մեր խոցելի ու խոցուած սրտերը, որպէսզի մեզ պահէ ամէն տեսակ հոգեւոր փոթորիկներէ:








Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+