​Չաւուշօղլու Կ՛առաջարկէ «Միջազգային Պաշտպանութեան Ուժեր» Ուղարկել Պաղեստին - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

16 Mayıs 2021  

​Չաւուշօղլու Կ՛առաջարկէ «Միջազգային Պաշտպանութեան Ուժեր» Ուղարկել Պաղեստին -

​Չաւուշօղլու Կ՛առաջարկէ «Միջազգային Պաշտպանութեան Ուժեր» Ուղարկել Պաղեստին ​Չաւուշօղլու Կ՛առաջարկէ «Միջազգային Պաշտպանութեան Ուժեր» Ուղարկել Պաղեստին

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու` խօսելով պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի վերջին օրերու թէժացման մասին, յայտարարած է, որ Իսրայէլի գործողութիւնները դատապարտելը բաւարար չէ, անհրաժեշտ են շօշափելի քայլեր:

«Օրինակ` Պաղեստին «միջազգային պաշտպանութեան ուժեր» ուղարկել», «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն ըսած է Չաւուշօղլու:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը մասնաւորաբար առաջարկած է ստեղծել Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ խումբ մը, որուն գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ պաշտպանել «Պաղեստինի քաղաքային բնակչութիւնը»:

Թուրքիան նաեւ մտադրութիւն յայտնած է պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի սրումին հարցով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի արտակարգ նիստ գումարելու առաջարկ ներկայացնելու:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+