​Պայտըն Մեկնաբանած Է Էրտողանի Հետ Հանդիպումի Արդիւնքները - Հայերէն
19 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Անահիտ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

16 Haziran 2021  

​Պայտըն Մեկնաբանած Է Էրտողանի Հետ Հանդիպումի Արդիւնքները -

​Պայտըն Մեկնաբանած Է Էրտողանի Հետ Հանդիպումի Արդիւնքները ​Պայտըն Մեկնաբանած Է Էրտողանի Հետ Հանդիպումի Արդիւնքները

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն արդիւնաւէտ կոչած է ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռաշա Թուտէյ»-ը:

«Մենք դրական եւ արդիւնաւէտ հանդիպում ունեցանք», ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան ըսած է Պայտըն:

Բանակցութիւններէն ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահը վստահութիւն յայտնած է թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ «իրական յառաջընթաց»-ի հասնելու հարցին մէջ:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ նեղ եւ ընդլայնուած ձեւաչափերով հանդիպումը տեւած է շուրջ 1,5 ժամ: Պայտըն Էրտողանի հետ երկկողմանի հանդիպումը կոչած է «շատ դրական»:

«Նիւ Եորք Թայմզ» կը հաղորդէ, որ Պայտըն Էրտողանին մօտեցած եւ բռունցքով ողջունած է ճիշդ այն պահուն, երբ թուրք ղեկավարը կ՛ուզէր քննադատել Միացեալ Նահանգներու նախագահը` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար:

Թրքական կողմէն բանակցութիւններուն մասնակցած են արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ներկայացուցիչ Էօմեր Չելիք, նախագահի աշխատակազմի կապի վարչութեան ղեկավար Ֆահրեթին Ալթուն, նախագահի բանբեր եւ խորհրդական Իպրահիմ Քալըն, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Մուրաթ Մերճան:

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտարարած է, թէ Պայտընին յայտնած է, որ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն վերաբերեալ Թուրքիոյ դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ:

«Ի հարկէ, կարելի չէ, որ (Պայտընի հետ հանդիպումին) «Էս-400»-ներու հարցը մեր օրակարգին վրայ չըլլար: Ինչ կը վերաբերի «Էս-400»-ներուն, ես յայտնած եմ նոյն կարծիքը, որ մենք ունեցած ենք նախապէս: Ես նաեւ տեղեկացուցած եմ ռազմական արդիւնաբերութեան առնչուած այն քայլերուն մասին, որոնք կրնանք միասնաբար իրականացնել», ընդգծած է Թուրքիոյ ղեկավարը:

Էրտողանի համաձայն, ան նոյնը ըսած է ամերիկեան 5-րդ սերունդի «ԷՖ-35» հալածիչ-ռմբաձիգներուն առնչուած կացութեան մասին:

«Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ Պայտըն երէկ եւրոպացի ղեկավարներուն հետ իր հանդիպումէն առաջ լրագրողներուն յայտնած է. «Մենք երկար քննարկումներ ունեցած ենք, եւ ես շատ ուրախ եմ մեր հանդիպումին կապակցութեամբ: Ես պիտի ձգեմ, որ թուրքերը ձեզի այդ մասին պատմեն»:








Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+