Եշիլգիւղի Ընտանիքին Յամառ Պայքարը - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

18 Eylül 2021  

Եշիլգիւղի Ընտանիքին Յամառ Պայքարը -

Եշիլգիւղի Ընտանիքին Յամառ Պայքարը Եշիլգիւղի Ընտանիքին Յամառ Պայքարը

Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու երէկ յայտնեց, որ թաղի վարժարանին համար մշտական հասոյթներ ապահովելու նպատակէն առանց շեղելու կը շարունակուին իրենց աշխատանքները։ Ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու յայտնեց, որ Եշիլգիւղի ընտանիքը յամառ պայքար կը մղէ՝ եկեղեցապատկան կալուածներու արդիւնաւէտ ու նպատակասլաց արժեւորման միջոցաւ այդ նպատակին հասնելու առաջադրութեամբ։

Հապիպ Էօզֆուրունճու այս յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ նկատի ունենալով «Պաքըրքէօյ կազեթեսի» առցանց հարթակին վրայ վերջին օրերուն կատարուած հրապարակումները, որոնք լայն արձագանգ ստեղծած են ու որոշ չափով ալ հանրային կարծիքի միտքը պղտորած։ Արդարեւ, այդ աղբիւրը պնդած էր, որ Պաքըրգիւղի գաւառակէն ներս, Եշիլգիւղի հայոց գերեզմանատան տարածքը քայլ առ քայլ կը վերածուի առեւտուրի եւ բնակարանի։ Նոյն աղբիւրը պնդած է, որ ուշագրաւ ձեւով այդ տարածքին վրայ շինարարութիւն իրականացնելու թոյլտուութիւն տրուած է։ Կալուածոց տնօրէնութեան պատկան բաժանմունքը այդ տարածքի պարագային կարգավիճակի փոփոխութեան գացած է։ Այս հրապարակումներուն մէջ կան որոշ չափով աղաւաղումներ, որոնք անմիջապէս կը նկատուին բոլոր անոնց կողմէ, որոնք տեղեակ են այս նիւթի ծալքերուն։ Համայնքային շրջանակներն ալ ցաւով հետեւած են այդ աղաւաղեալ հրապարակումներուն, մինչ Հապիպ Էօզֆուրունճու դիտել կու տայ, որ ատեն-ատեն կարգ մը շրջանակներ ապատեղեկատուութիւն կը հրահրեն այս նիւթին շուրջ։ Մինչդեռ, խնդրոյ առարկայ տարածքը այլեւս գերեզմանոց մը չէ։ 1910 թուականէն ի վեր գերեզմանատան հանգամանքը կորսնցուցած այդ տարածքը 1950 թուականին առգրաւուած է։ Շուրջ հինգ տասնամեակ այդ տարածքը օգտագործուած է քաղաքապետարանին կողմէ՝ զանազան ծառայութիւններու համար։ Կալուածաթուղթի արձանագրութեան մէջ մնացած է գերեզմանոցի նշումը, որու փոփոխութիւնը ապահովելու համար երկար ատենէ ի վեր ճիգեր կը գործադրէ թաղային խորհուրդը։ Այս համբերատար գործընթացին մէջ թաղային խորհուրդը դատ մըն ալ շահած է, ինչ որ ամուր հիմք մըն է աշխատանքները յաջողութեամբ ի կատար ածելու համար։

Այս բոլորի լոյսին տակ Հապիպ Էօզֆուրունճու յայտնած է, որ իրենք ամբողջ եռանդով կ՚աշխատին վերջին խոչընդոտները յաղթահարելու համար եւ այս պայքարի արդիւնքը պիտի վճռէ Եշիլգիւղի վարժարանի ճակատագիրը։ Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդը երկար ատենէ ի վեր յոյս կը յայտնէ այս խնդրի տրամաբանական ժամկէտներու մէջ կարգաւորման ուղղութեամբ, սակայն գործնականին մէջ խնդրոյ առարկայ են բաւական յապաղումներ։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+