Վաղը կը մեկնիմ Յունաստանէն ու ձեզ կը տանիմ իմ հետս` սրտիս մէջ։ Շնորհակալութիւն բոլորիդ». Ֆրանչիսկոս - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

05 Aralık 2021  

Վաղը կը մեկնիմ Յունաստանէն ու ձեզ կը տանիմ իմ հետս` սրտիս մէջ։ Շնորհակալութիւն բոլորիդ». Ֆրանչիսկոս -

Վաղը կը մեկնիմ Յունաստանէն ու ձեզ կը տանիմ իմ հետս` սրտիս մէջ։ Շնորհակալութիւն բոլորիդ». Ֆրանչիսկոս Վաղը կը մեկնիմ Յունաստանէն ու ձեզ կը տանիմ իմ հետս` սրտիս մէջ։ Շնորհակալութիւն բոլորիդ». Ֆրանչիսկոս Պապ

Պատարագի ընթացքին արտասանուեցաւ Հայերէն լեզուով աղօթք մըՌոպէր Աթթարեան - Աթէնք

Կիրակի 5 դեկտեմբերին Յունաստան կատարած առաքելական այցելութեան երկրորդ օրը Նորին Սրբութիւնը այցելելէ ետք Լեզվոս կղզիին մէջ ապաստան գտած գաղթականները, կէսօրէն ետք տեղական ժամով 16,45ին Աթէնքի “Megaron Concert Hall”ին մէջ մատոյց ճամբորդութեան եզրափակիչ սուրբ պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Յունաստանի կաթողիկէ համայնքներու հաւատացեալները, որոնց շարքին նաեւ Հայ Կաթողիկէները, որոնցմէ մին` Սուրբ Զոհի ընթացքին հաւատացեալներու աղօթքի դիտաւորութեան առիթով ներկայացուց հաղերէն լեզուով հետեւեալ աղօթքը

«Աղքատներու, ճնշուածներու, չարաշահուածներու համար, որպէսզի անոնց հարցը ճանչցուի եւ յառաջ մղուի այն անձերուն կողմէ, որոնք կ՜աշխատին բաց եւ համերաշխ հասարակութեան մը համար. Աղօթենք»

Սուրբ Պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով ներկաներուն ուզեց իր յատուկ երախտագիտութիւնը արտայայտել իրեն վերապահուած հիւրընկալութեան համար «Efcharistó! - Շնորհակալութիւն», ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով, որ «Յունական լեզուէն է` որ համայն աշխարհին տրուեցաւ բառը, որ կ՜ամփոփէ Քրիստոսին պարգեւը` «Էուքարեսթիա - Սուրբ Հաղորդութիւնը», ապա մաղթեց, որ Սուրբ Հոգին մեր էութիւնն ու գործը դարձնէ «Զոհաբերում», գոհաբանութիւն առ Աստուած եւ սիրոյ պարգեւ մը մեր եղբայրներուն»։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ապա Քաղաքական իշխանութիւններուն ու եպիսկոպոսներուն ու բոլոր անոնց, որոնք համագործակցեցան պատրաստելու եւ կազմակերպելու այս ճամբորդութիւնը։ «Շնորհակալութիւն բոլորին» ըսաւ Ան ապա նշեց, թէ ինք վաղը պիտի մեկնի, սակայն զիրենք պիտի չի թողու։ Ձեզ պիտի տանիմ իմ հետս, յիշողութեան եւ սրտիս մէջ։ Եւ դուք եթէ կը բարեհաճիք շարունակեցէք աղօթել ինծի համար» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով իր խօսքը։

Նշենք թէԿիրակի երեկոյեան Աթէնքի Առաքելական նուիրակութեան մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ՜ընդունի Գերերջանիկ Երոնիմոս Բ.-ին քաղաքավարական այցելութիւնը։








Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+