​2022 տարին Սփիւռքի տարի` հռչակուած Արամ Ա Կաթողիկոսին կողմէ։ - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

21 Mayıs 2022  

​2022 տարին Սփիւռքի տարի` հռչակուած Արամ Ա Կաթողիկոսին կողմէ։ -

​2022 տարին Սփիւռքի տարի` հռչակուած Արամ Ա Կաթողիկոսին կողմէ։ ​2022 տարին Սփիւռքի տարի` հռչակուած Արամ Ա Կաթողիկոսին կողմէ։

Արամ Ա Կաթողիկոսը, նկատի ունենալով վերջին տարիներու, Սփիւռքին առնչուած զանազան խնդիրները ու պարզած ներկայ պատկերը ու համայնքէն ներս անոր ունեցած առանցքային կարեւորութիւնը, Հայրապետական Գիրով մը 2022 տարին հռչակեց Սփիւռքի տարի։ Կիսելով վեհափառ հայրապետին մտահոգութիւններն ու սփիւռքի նկատմամբ պատասխանատուութիւնը ուրախութիւնը կը զգանք ձեզի փոխանցելու՝ հաղորդաշարի ձեւաչափով հայրապետական գիրը ամէն երեքշաբթի օր, հայկական մեր հաղորդումին մէջ։

Հայրապետական գիրին առաջի գլուխին մէջ Արամ Ա Վեհափառ հայրապետը կը գրէ.

«2022 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, Միաբանութիւնը, Թեմակալ Առաջնորդներն ու Ազգ. Իշխանութիւնները, մեր կեանքէն ներս գործող քաղաքական, կըրթական, մշակութային, բարեսիրական եւ համայնքային բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։ Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ բացուող Նոր Տարին մեր անհատական, ընտանեկան եւ ազգային կեանքին մէջ լեցուի առողջութեան, յաջողու-թեան եւ երջանկութեան երկնային բարիքներով։

Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միացեալ ուժերով Արցախի վրայ կատարուած անարգ յարձակու-մին հետեւանքով մեծ թիւով հայորդիներու նահատակութիւնը ու գերեվարումը, հսկայ տարածքներու գրաւումը, հոգեւոր ու մշակութային կառոյցներու քանդումը ու բազմահազար հայորդիներու տեղահանումը խոր ցաւ ու ընդվզում յառաջացուց մեր ժողովուրդին մօտ։ Մեր ողջ ժողովուրդը զանազան կերպերով հակազդեց ստեղծուած այս ողբերգական կացութեան ու իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախին։ Մեր կարգին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան ծիրէն ներս լուսարձակի տակ բերելով Արցախը, 2021 տարին Հայրապետական Գիրով հռչակեցինք ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ։ Մեր մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները լայն արձագանգ գտան յատկապէս մեր թեմերուն մօտ։ Արցախի Նախագահը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց Մեզի եւ Մեզ հրաւիրեց այցելելու Արցախ։ Արդարեւ, Արցախի անկախութեան ու անվտանգութեան նկատմամբ Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը շարունակուի՝ որպէս մեր Սուրբ Աթոռին համազգային առաջնահեր-թութիւններէն մէկը։

Վերջին տարիներուն, Սփիւռքին առնչուած զանազան խնդիր-ներուն ու երեւոյթներուն շուրջ գիտաժողովներ տեղի ունեցան, ուսումնասիրութիւններ կատարուեցան ու յօդուածներ ստորագրուեցան։ Անորոշութիւններով ու տագնապներով լեցուն Սփիւռքի ներկայ իրավիճակը, մեր ղեկավար մարմինները ու մտաւորականները պէտք է մղէ՝ իրապաշտ ոգիով ու պատասխանատու մօտեցումով տագնապելու, մտածելու, քննելու, խորհրդակցելու, Սփիւռքի ներկան վերակազմակերպելու եւ ապագան հունաւորող ճամբաներ ու միջոցներ որոնելու։

Հետեւաբար, նկատի ունենալով Սփիւռքի պարզած ներկայ պատկերը ու հայ կեանքէն ներս անոր ունեցած առանցքային կարեւորութիւնը, այսու Հայրապետական Գիրով 2022 տարին կը հռչակենք»





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+