​«կոյր Փամփուշտներ»ու Վտանգը - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

26 Kasım 2022  

​«կոյր Փամփուշտներ»ու Վտանգը -

​«կոյր Փամփուշտներ»ու Վտանգը ​«կոյր Փամփուշտներ»ու Վտանգը

Լիբանանի զարգացումներուն հետեւողներէն բազմաթիւներ հասած են այն եզրակացութեան, թէ այսօր երկրին մէջ գլխաւոր հիմնախնդիրը նախագահ չունենալու եւ կամ նոր նախագահ մը ընտրել չկարենալու հարցն է, բայց իրականութեան մէջ այդքան ալ ճշգրիտ չէ այդ կարծիքը։

Աւելի խորքային պատճառներ ունի խնդիրը, որուն հետեւանքով ալ Լիբանան 2019 թուականէն ի վեր կ՚ապրի մեծ անկումներ, որոնք համընդհանուր տագնապի մը եւ անվերջանալի մղձաւանջի մը վերածուած են։

Այստեղ հարկ է յիշեցնել, որ Լիբանանի խորհրդարանը անցեալ հինգշաբթի արդէն 7-րդ անգամն ըլլալով փորձեց նոր նախագահի ընտրութիւն կայացնել ու չյաջողեցաւ։ Խորհրդարանը, որ քաղաքականօրէն բազմագոյն կը համարուի, դեռ երկար ժամանակով պիտի «տապլտկի» այս վիճակներուն մէջ։ Ան չունի ներքին համաձայնութիւն մը, որուն շնորհիւ ալ կարողանայ նոր նախագահի ընտրութիւնը իրականացնել։ Չմոռնանք նաեւ, որ Լիբանանի նման խնդրայարոյց քաղաքական իրավիճակով երկիր մը նման ճակատագրական պահերու կարիք կ՚ունենան առնուազն արտաքին աշխարհէն եկած «նշան»ի մը, որուն օգնութեամբ ալ կը կարողանայ նախագահական աթոռին հասցնել բոլորին կողմէ ընդունելի թեկնածու մը։

Այս ըսելով, անշուշտ, լաւապէս պէտք է հասկնալ, որ այն վիճակը, որուն այսօր հասած են լիբանանցիները ո՛չ միայն նախանձելի չէ, այլ պայթիւնավտանգ է՝ մի քանի անանտեսելի գործօններու իրարու վրայ կուտակումով։ Շատեր հարց պիտի տան՝ «Ո՞վ հոս հասցուց Լիբանանը» եւ «ի՞նչ է այն «խորհուրդ խորին»ը, որուն պատճառով ալ երկրի քաղաքական գործիչները այսօր մատնուած են անգործութեան»։ Ի հարկէ, կան, գոյութիւն ունին բազմապիսի գործօններ, սակայն ամենէն էականը, որ նաեւ շրջանային վերլուծաբաններու մտահոգութեան հիմնական պատճառ կը հանդիսանայ, երկրին մէջ առկայ ապօրինի զէնքն է, որուն մասին ալ հանգամանօրէն գրած եմ սոյն յօդուածի երկրորդ հատուածին մէջ։

Այս բոլորը եթէ ի մի բերենք, պիտի հասկնանք, որ Լիբանանը (ինչպէս փոքր երկիրներուն մեծ մասը) դարձած է շրջանային խաղալիք՝ նոյնիսկ միջազգային խաղացողներուն ձեռքը։ Այդ խաղացողները իրենց խաղը արդիւնաւէտ դարձնելու համար պէտք ունին «զոհ»ի մը, որուն միջոցաւ կամ ընդմէջէն պիտի կարողանան առաջ տանիլ իրենց ծրագիրները, կամ յոռեգոյն պարագային նոյն զոհ-երկիրը վերածեն «նամակատուփ»ի մը եւ իրարու դէմ պատգամ-նամակներ փոխանակեն։ Սա մեր աշխարհին մէջ ընդունուած ձեւաչափ մըն է, որ շատ ճարտարօրէն կ՚իրականացուի, առանց հաշուի առնելու այդ զոհ-երկրի առանձնայատկութիւնները, անոր բնակչութեան վիճակը եւ երկրին անցած «խաչելութեան ճանապարհ»ը։ Բաց աստի, տխուր փաստը այն է, որ հակառակ քաղաքացիական մեծ պատերազմի մը զոհ դառնալուն, Լիբանանի քաղաքական կողմերէն շատ-շատեր կ՚անտեսեն կամ կ՚ուզեն մոռացութեան տալ այդ պատերազմի ցաւագին դասերը։

Այս ընդհանուր պատկերին առընթեր, լիբանանցիք տակաւին կառչած կը մնան արտաքին ազդակներու եւ մեծապէս կը յուսան, որ Մերձաւոր Արեւելքի մեծ խաղին մէջ ազդեցիկ դեր ունեցող երկիրները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Իրան, Սէուտեան Արաբիա, Ֆրանսա եւ նոյնիսկ Արաբական ծոցի երկիրներ, իրենց համար «յարմար լուծում» անունով հրաշք մը պիտի կերտեն եւ Լիբանանը հասցնեն դէպի ապահով ափեր։

ԿՈՅՐ ՓԱՄՓՈՒՇՏՆԵՐԸ ԱՄԷՆՈՒՐԵՔ

Ինչպէս վերը նշեցի, այսօր Լիբանանի համար ամենաէական խնդիրը անվտանգութիւնն է։ Իբր այդ, պարզ օրինակ մը տալով պիտի փորձեմ աւելի խորքային վերլուծում մը կատարել ու ընթերցողին ներկայացնել այսօր Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր դրութիւնը։

Եւ այսպէս, օրեր առաջ լիբանանեան լրահոսը կը պատմէր այն մասին, թէ «կոյր փամփուշտ» մը խոցած է Պէյրութի միջազգային օդակայան վայրէջք կատարող եւ MEA-ին պատկանող քաղաքացիական օդանաւի մը «առաստաղը» եւ ներս ինկած...։

Լուրը անշուշտ լուրջի չէր առնուեր երկրի մը մէջ, ուր ապահովական միջադէպերը եւ սպառնալիքները դարձած են յաճախակի։

Ներս ինկած փամփուշտը վնաս չէր հասցուցած ոչ ոքի, սակայն սարսափի վիճակ տարածած էր ո՛չ միայն օդանաւի ճամբորդներուն եւ անձնակազմին, այլ օդանաւէն դուրս՝ լուրերուն եւ ընկերային ցանցերու օգտատէրերուն մօտ։

Տխուր փաստ է, որ Լիբանանի մէջ եւ երկար տարիներէ ի վեր այս «կոյր փամփուշտ» կոչուածին զոհ կ՚երթան անմեղ մարդիկ, պատանիներ, մանուկներ… Այս «կոյր զէնք»ը՝ որուն պատասխանատուութիւնը ոչ ոք կը ստանձնէ, տարեկան կտրուածքով հարիւրաւոր կորուստներու պատճառ կը դառնայ ու աւելի տխուրը այն է, որ ո՛չ իրաւապահ մարմինները, ո՛չ զոհերու հարազատները կը հասնին յստակ արդիւնքներու։

Զոհ մը կ՚աւելնայ, շիրիմ մը կը փորուի եւ սեւ էջ մը կը դարձուի։ Պարզապէս այդքան։

Ճիշդ է նաեւ, որ իրաւապահ մարմինները շատ լաւ գիտեն, շատ լաւ կը գիտակցին, թէ ո՞ւր է այս չարիքի աղբիւրը, բայց եւ այնպէս, տարբեր պատճառներու ու հանգամանքներու բերումով կը շարունակեն մնալ անդամալուծուած վիճակի մէջ։ Իրավիճակները կը դիտարկուին, զոհերուն անունները յայտնի կ՚ըլլան, բայց ո՛չ մէկ մեղադրեալ, ո՛չ մէկ մեղաւոր կը ձերբակալուի։ Մեծ փորձութիւններու փուլի մը մէջէն կ՚անցնի Լիբանանը, սակայն ա՛լ աւելի տխուրը այն է, որ այս մեծ փորձութիւնները «հասակ առած են» փոքր ցաւերէ, փոքր սխալներէ եւ փոքր սայթաքումներէ։

Իսկ այսօր իրավիճակը այնքան բարդ դարձած է, որ մարդիկ սկսած են վախնալ նոյնիսկ պարզ ճամբորդութիւն մը կատարելէ կամ որոշ շրջաններէ անցնելէ։ Պատճառը անշուշտ ապօրինի զէնքի խնդիրն է, որ կը նմանի վառօդի մեծ տակառի մը, որուն տակ կուտակուած է մոխիրի մեծ քանակութիւն ու այդ մոխիրին տակ ալ կայ պատրաստի բոց ու հետեւաբար մեծ հրդեհի վտանգ։

Ուժանակի կը նմանին ապօրինի զէնքերը, որոնց վտանգաւորութիւնը զգալի է միմիայն իրավիճակը հեռուէն դիտարկողներուն համար, որոնք շատ լաւ կ՚ըմբռնեն առկայ վտանգը, ընդհանուր ռիսքերը եւ որեւէ պատահարի հետ կապուած առկայ արկածախնդրութիւնները։

Քանի-քանի անգամներ գրուած եւ ըսուած է, որ լիբանանցիք շատ լաւ սորված են քաղաքացիական պատերազմի դասերը, բայց իրականութիւնը այլ է։ Իրականութիւնը այն է, որ որեւէ զէնք, որեւէ փամփուշտ եւ որեւէ վառօդի կտոր ինքնին «անկրօն» եւ հաւատք ու հաւատամք չունեցող դրոյթ մըն է, որ կրնայ դուռ բանալ մեծ բախումներու, մեծ արիւնահեղութեան եւ մեծ պատերազմի։

Ինչպէս փոքր փորձութիւնները դուռ կրնայ բանալ մեծ ահերու, նոյնպէս ալ նոյն «կոյր փամփուշտներ»ը կրնան յանգեցնել մեծ օրհասներու։ Իսկ այս բոլորին ճարը ապօրինի զէնքի փուլին աւարտն է, որ այս պահուն երեւելի չէ։

Լիբանանի մէջ այսօր չկայ մէկը, որ հասկցած չըլլայ այդ ապօրինի զէնքերուն իրական վտանգ ներկայացնելու պարագան եւ փոխարէնը չկայ նաեւ առողջ ղեկավար մը, որ իրապէս հասկնայ, թէ զանգը հնչած է, որ տեղ մը ընթացք առնէ այդ ապօրինի զէնքերու աւարտին գործընթացը։

Ենթադրութիւններու պիտի չուզենք երթալ, սակայն Լիբանանի ներհամայնքային դրոյթը, ներքին պառակտումը, քաղաքական տարաձայնութիւնները բոլորն ալ կը տանին մեծ բախումներու թատրերգութեան, որմէ մեծ հաշուով պիտի տուժեն բոլորը։

Ի վերջոյ աւելի մտահոգիչը այն է, որ այսօր վտանգուած են ո՛չ միայն Լիբանանի մէջ ապրող անզէն քաղաքացիները, այլ նաեւ անոնք, որոնք մաս կը կազմեն «լիբանանեան սփիւռք»ին եւ որոնք կը փութան դէպի իրենց ծննդավայրը՝ տեսնելու իրենց սիրելիներն ու հարազատները։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ








Bu haber marmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (marmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(marmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+