Ֆիտան Իր Եգիպտացի Եւ Սէուտցի Պաշտօնակիցներուն Հետ Քննարկեց Կազայի, Սուրիոյ Եւ Հորմուզի Նեղուցի Թղ - Հայերէն
05 Eylül 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Ահրանք / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

22 Ağustos 2026  

Ֆիտան Իր Եգիպտացի Եւ Սէուտցի Պաշտօնակիցներուն Հետ Քննարկեց Կազայի, Սուրիոյ Եւ Հորմուզի Նեղուցի Թղ -

Ֆիտան Իր Եգիպտացի Եւ Սէուտցի  Պաշտօնակիցներուն Հետ Քննարկեց Կազայի,  Սուրիոյ Եւ Հորմուզի Նեղուցի Թղ Ֆիտան Իր Եգիպտացի Եւ Սէուտցի Պաշտօնակիցներուն Հետ Քննարկեց Կազայի, Սուրիոյ Եւ Հորմուզի Նեղուցի Թղթածրարները

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքքան Ֆիտան իր եգիպտացի պաշտօնակից Պատր Ապտելաթիի եւ սէուտցի պաշտօնակից Ֆայսալ Պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ իշխանին հետ անջատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին քննարկեց շրջանային վերջին զարգացումները:

Ֆիտան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններէն ետք յայտնեց. «Մեր քննարկումներուն ընթացքին գնահատեցինք Կազայի յատուկ խաղաղութեան ծրագիրի գործադրութեան դիմագրաւած խոչընդոտները եւ այն քայլերը, զորս կարելի է որդեգրել»:

«Քննարկեցինք նաեւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումները, եւ վերահաստատեցինք երկրին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման մեր ուժեղ աջակցութիւնը», աւելցուց ան:

«Քննարկեցինք նաեւ Հորմուզի նեղուցին մէջ կացութիւնը եւ հակամարտող պետութիւններուն միջեւ ընթացող բանակցութիւններու վերջին զարգացումները», նշեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:

«Իբրեւ մեր շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ձգտող երեք եղբայրական երկիրներ, պիտի շարունակենք բոլոր ոլորտներուն մէջ մեր միջեւ գործակցութիւնն ու համակարգումը շարունակել», ըսաւ Ֆիտան:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+