Լեհաստանի Դեսպանը Կանչուած Է Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն` Պաքուն Քննադատող Տեսագրութե -
Լեհաստանի Դեսպանը Կանչուած Է Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն` Պաքուն Քննադատող Տեսագրութեան Պատճառով
Պաքուի մէջ Լեհաստանի դեսպան Փաւել Ռատոմսքի կանչուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր «Թի.Վի.Փի. Ուորլտ» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած Ազրպէյճանի մասին քննադատական տեսագրութեան վերաբերեալ բողոքագիր յանձնած են:
Տեսագրութիւնը կը վերաբերի «Արեւելեան ճեպընթաց» հաղորդումին, որ 26 օգոստոսին սփռուած է լեհական անգլիալեզու պետական պատկերասփիւռի «Թի.Վի.Փի. Ուորլտ» կայանէն: Կայանի «Էքս»-ի վրայ հրապարակումին համաձայն, հաղորդումը քննարկած է Ազրպէյճանի ներքաղաքական իրավիճակը, ներառեալ` յիշատակած առանձին լրագրողներու ձերբակալութիւնները եւ մեղադրած ընդդիմադիր գործիչներու հետապնդման մէջ:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ լեհական պատկերասփիւռի կայանի հաղորդումը կը պարունակէ «կողմնակալ եւ բացարձակապէս անընդունելի յայտարարութիւններ, որոնք ուղղուած են ազրպէյճանական պետութեան եւ երկրի ղեկավարութեան դէմ»:
Անիկա նաեւ ուշադրութեան հրաւիրած է հաղորդումին ընթացքին հաղորդավարի սադրիչ վարքագիծին վրայ:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com