Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ - Հայերէն
14 Ekim 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Սահմի / Օր : Վանատուր / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

14 Eylül 2026  

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ -

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

Ազրպէյճանի մէջ  հաւատարմագրուած դեսպաններու այցելութիւնը Արցախ առաջին քարոզչական գործողութիւնը չէ` կազմակերպուած բռնագրաւող երկրի պետութեան կողմէ: Անիկա պարզապէս մէկ օղակն է Ազրպէյճանի պետութեան կողմէ մշակուած եւ կիրարկուող ապամշակութային քաղաքականութեան, որ կը յատկանշուի պատմութեան վերաշարադրանքով, փաստերու խեղաթիւրումով, պատկանելիութեան հետքերու ջնջումով: Գանձասարի մատենադարանի բովանդակութեան փոփոխութիւնը, Ստեփանակերտի եկեղեցւոյ քանդումը, Շուշիի եկեղեցւոյ ճարտարապետութեան փոփոխութիւնը կամ «վերաշինութիւնը», խաչքարերը քանդակողներու ինքնութեան փոփոխութիւնները կամ Վատիկանի մէջ «գիտաժողով»-ներու կազմակերպումը օղակներն են երկար շղթայի մը, որ տակաւին պիտի երկարի յայտնաբար:

Պատմութեան նենգափոխման այս քաղաքականութիւնը հիմնականին մէջ քանի մը ուղղութիւն ունի:

Առաջինը անշուշտ, հոգեւոր մշակութային կոթողներու ամբողջական քանդումն է. անոնց բնաջնջումը: Հետքերու ջնջման այս արշաւը գլխաւոր ուղղութիւնն է, որ իր նախադէպը ունի Նախիջեւանի մէջ, յատկապէս գերեզմաններու եւ խաչքարերու դէմ համատարած քանդումի փաստերով:

Երկրորդը կառոյցի իբրեւ թէ պահպանումն է` ճարտարապետութեան վերափոխումով, հայկական ճարտարապետութիւնը յատկանշած բոլոր ոճերը փոխարինելով, նոյնիսկ իսլամական ոճ ներմուծելով հաւատքի տուեալ կեդրոնի նոր շինարարութեան մէջ:

Երրորդը` պահպանելով կառոյցը, զանոնք ուտիական կամ աղուանական կոթողներ ներկայացնելով: «Փաստելու» համար, որ այս տարածքին մէջ հայեր չեն ապրած հին ժամանակներուն, այլ ուտիներ կամ աղուաններ, որոնց շառաւիղները այսօրուան Ազրպէյճանի ժողովուրդի մաս են:

Այս երրորդ կէտը մշակութային ցեղասպանութեան փափուկ մասն է: Առանց քանդումի, դիմափոխութիւն է, որ տեղի կ՛ունենայ պատմութեան խեղաթիւրման կանոններով: Այս նուրբ ուղղութիւնը ունի իր ենթաուղերձները: Ըսել կ՛ուզուի այսպիսով, որ հոգեւոր-մշակութային  կեդրոնները կը պահպանուին պետութեան կողմէ: Այն կոթողները, որոնք հայութեան հետ կապ չունին, այլ ստեղծագործութիւնն են աղուաններուն եւ ուտիներուն: Պատկանելիութեան փաստի փոփոխութիւնը նախ անշուշտ հայկական հետքերու հեռացումն է, հետեւաբար հայութեան կողմէ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման պահանջներուն ջրումը, երկրորդ` այնպիսի ազգաբնակչութիւններու մասին է խօսքը, որոնք այսօր իբրեւ ազգ գոյութիւն չունին եւ որոնք յատկապէս Ազրպէյճանէն պահանջ չունին:

Այս ուղղութիւնը հասաւ նաեւ Վատիկան, ուր Պաքուն կազմակերպեց այս թեզերը «փաստարկող» գիտաժողովներ: Խնդիր գոյութիւն ունի անշուշտ համաքրիստոնէական կեդրոններ կատարուած ազրպէյճանական թափանցումներուն գծով: Պէտք է մանրակրկիտ ուսումնասիրել նաեւ դեսպաններուն այն ցանկը, որոնք յօժարակամ ականատես եւ վկայ դարձած էին, հետեւաբար` մասնակից Պաքուի նենգափոխման այս արշաւին:

Ազրպէյճանի այս արշաւը պիտի շարունակուի: Թէ՛ համաքրիստոնէական կեդրոնները եւ թէ՛ տարբեր երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչները հանգիստ կ՛ընդառաջեն նման հրաւէրներու եւ մասնակից կը դառնան խեղաձեւման այս արշաւներուն: Այս ընդառաջումները կրնան վկայակոչել, բողոքի պարագային, Երեւանի մեծ հաշուով լռութիւնը, չբողոքելը, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան տէր չկանգնելու պահուածքը:

Ազրպէյճանը պիտի շարունակէ իր արշաւը: Խնդիրը մշակութային, կրօնական կեդրոններուն լուռ մնալն է կամ ընդառաջելը նման հրաւէրներու: Հայկական կողմէն բողոքը կ՛արծարծեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Հայ դատի համակարգը, սփիւռքեան կարգ մը կազմակերպութիւններ:

Այս բողոքները գիտական հիմունքով, փաստավաւերագրական տուեալներով պիտի շարունակեն արծարծել ինչպէս հայաստանեան,  այնպէս նաեւ սփիւռքեան հոգեւոր ազգային կեդրոններ: Բացայայտելու համար Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող մշակութային ցեղասպանութեան բոլոր ծալքերը եւ մանաւանդ միջազգային ընտանիքի մշակութային կառոյցներուն մօտ փորձեն ապահովել միջամտութեան քայլերը:

Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման պայքարը հրատապ խնդիր է: Ազրպէյճանի մշակութային ցեղասպանութեան դէմ պայքարիլը` հրամայական: Պաշտօնական Երեւանը, խաղաղութիւնը չխոչընդոտելու պատրուակով, հրաժարած է այդ պայքարէն: Հայկական կողմը այլ ռազմավարութիւն որդեգրելու անհրաժեշտութեան դիմաց է:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+