Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին» -
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Արամ Ա. կաթողիկոս դիմատետրի իր էջին վրայ կատարած է գրառում մը, միաժամանակ ներբեռնելով այն տեսերիզները, ուր Ազրպէյճանի քաղաքական դէմքեր եւ եւրոպացի դիւանագէտներ կը պարեն Շուշիի մէջ ու հայկական կոթողները կը ներկայացնեն իբրեւ աղուանական մշակոյթի նմուշներ:
Ստորեւ` գրառումը.
«Խոր ցաւով ու ընդվզումով դիտեցինք ընկերային ցանցերը ողողած այս տեսերիզները (video-ները): Հայաստանի «բարեկամները» կը պարեն Շուշիի մէջ եւ «հիացումով» կը դիտեն ու կը լսեն` մեր սուրբերու աղօթքով, նահատակներու արիւնով ու ժողովուրդին ստեղծագործ ոգիով դարերու ընթացքին կանգնած մեր եկեղեցիները ու պատմամշակութային կոթողները որպէս ալպանական կառոյցներ: Պատմութեան ի՜նչ ահաւոր խեղաթիւրում մեր աչքերուն դիմաց…
Արդարեւ, ընդվզեցուցիչ երեւոյթ մը, որ հետեւանք է մեր անմիաբանութեան ու անհեռատես քաղաքականութեան: Ցաւալի երեւոյթ մը, որ մեզ պէտք է մղէ ինքնագիտակցութեան եւ համախմբուելու մեր հայրենիքին ու ազգին գերագոյն ու ընդհանրական արժէքներուն, շահերուն ու իտէալներուն շուրջ:
Կը յուսանք ու կ՛աղօթենք, որ «իրական» Հայաստանէն մասեր Շուշիի ճակատագիրին չենթարկուին` խաղաղութեան կեղծ շպարի ետին…»:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com