Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Լրատուամիջոցները Կարգաւորող Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում -
Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Լրատուամիջոցները Կարգաւորող Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում
Սոֆիայի մէջ 16 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Յակոբեանի եւ Թուրքիոյ Ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի բարձրագոյն խորհուրդի նախագահի տեղակալ Տենիզ Կիւլերի հանդիպումը: Այս մասին «Նիուզ»-ին յայտնած են Հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովէն:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկեցին հեռարձակման ոլորտին մէջ առկայ զարգացումները եւ արդի մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ կարգաւորող մարմիններու գործունէութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կարգաւորող մարմիններուն միջեւ համագործակցութեան հետագայ զարգացման եւ ընդլայնման կարելիութիւններուն, որոնց կարգին` փորձառութեան եւ մասնագիտական գիտելիքներու փոխանակման, ոլորտային երկխօսութեան աշխուժացման եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ միջազգային եւ շրջանային հարթակներու վրայ համագործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը:
Կողմերը կարեւոր նկատեցին նման հանդիպումներու շարունակականութիւնը` ընդգծելով երկխօսութեան կարեւորութիւնը հեռարձակման ոլորտի արդիւնաւէտ կարգաւորման եւ նոր մարտահրաւէրներուն համատեղ արձագանգելու տեսանկիւնէն:
Քննարկուեցաւ Համագործակցութեան յուշագիրի հաւանական ստորագրութիւնը, որուն նախագիծը արդէն մշակման փուլի մէջ է:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com