Ֆիտան. «Թուրքիան Ու Միացեալ Նահանգները Կ՛աջակցին Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթին» -
Ֆիտան. «Թուրքիան Ու Միացեալ Նահանգները Կ՛աջակցին Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթին»
Թուրքիան ու Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ բոլոր ջանքերը կը գործադրեն Կովկասի եւ Սեւ Ծովու մէջ լարուածութեան սրման վտանգները նուազեցնելու համար: Այս մասին Նիւ Եորքի մէջ «Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները 100-ամեակի շեմին» կլոր սեղանի նիստի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Ֆիտան իր խօսքին մէջ ընդգծած է Անգարայի եւ Ուաշինկթընի համագործակցութեան կարեւորութիւնը համաշխարհային խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման համար: Ան աւելցուցած է, որ երկու երկիրներու գործընկերութիւնը նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ շրջանի զարգացման եւ խաղաղութեան պահպանման համար:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշած է, որ Սեւծովեան շրջանը պէտք չէ վերածուի խնդիրներու աղբիւրներու, այլ պէտք է դառնայ միջազգային համագործակցութեան հարթակ:
Անդրադառնալով ռուս-ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման` ան նշած է, որ Անգարան կը շարունակէ գործօն կերպով աջակցիլ թէ՛ Քիեւի, թէ՛ Մոսկուայի հետ հաղորդակցութիւններուն: «Մենք կ՛աջակցինք երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան` Ուքրանիոյ մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար», նշած է նախարարը:
Ֆիտան ընդգծած է, որ ներկայ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու լոյսին տակ անհրաժեշտ է արդիւնաւէտ հոլովոյթի ձեւաւորում համաշխարհային տէրութիւններու եւ յառաջատար շրջանային դերակատարներու միջեւ:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com