Փաշինեանն Ու Էրտողանը Քննարկած Են Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը -
Փաշինեանն Ու Էրտողանը Քննարկած Են Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան և Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քննարկած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը:
Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի 81-րդ Ընդհանուր ժողովի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընդգծուած է կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու կարեւորութիւնը եւ յարաբերութիւններուն նոր ազդակ հաղորդելու պատրաստակամութիւնը:
Կողմերը անհրաժեշտ նկատած են առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու խթանման, գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ Անիի պատմական կամուրջի համատեղ վերականգնման միտուած աշխատանքներու հետեւողական իրականացումը:
Միտքեր փոխանակուած են նաեւ շրջանային հարցերու շուրջ:
Փաշինեան եւ Էրտողան շեշտած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման փաստը` վստահութիւն յայտնելով, որ ան էական ազդեցութիւն կ՛ունենայ շրջանային համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ: Այդ պարունակին մէջ, ընդգծուած է ԹՐԻՓՓ նախագիծի իրականացման ու շրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման մասնակցած են նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com