Այլեւայլ : ​Խաղողօրհնէք
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Թաղանթեալ

Այլեւայլ : ​Խաղողօրհնէք

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

14 Ağustos 2022  

​Խաղողօրհնէք



Օգոստոս ամսին նշուող տօները թէ յիշենք, անպատճառ կը մտաբերենք Նաւասարդը, եւ այնուհետ՝ Խաղողօրհնէքը։

Խաղողօրհնէքի տօնը այլ կերպ Սուրբ Աս­տուածած­նայ Վե­րափոխ­ման տօն կը յի­շեն, որ հա­յոց առա­քելա­կան եկե­ղեցին կը տօ­նէ Օգոս­տո­սի 15-ին նա­խոր­դող կամ յա­ջոր­դող առա­ջին Կի­րակի օրը։ Այն կը խորհրդան­շէ Սուրբ Մա­րիամ Աս­տուածա­մօր եր­կինք վե­րափո­խուե­լը։

Յայտնի է, որ մինչ քրիս­տո­նէու­թեան մուտքը Հա­յաս­տան, մենք անա­սելի շատ կը սի­րէինք Նա­ւասար­դի տօ­նը, եւ նոյ­նիսկ այդ ամի­սը Նա­ւասարդ կ՚անուանէինք։ Որ­քան ու­րա­խու­թեամբ, խինդ ու ցնծու­մով կը պա­րէինք, կը խա­ղայինք, կը մրցէինք՝ այդպէս ոգե­կոչե­լով մեր նա­հապե­տի յաղ­թա­նակը։

Մայր Անա­հիտ դի­ցու­հուց մինչ Մա­րիամ Ս. Աս­տուածա­մայր

Նա­ւասար­դի տօ­նակա­տարու­թիւննե­րին մեծ ու կա­րեւոր տեղ էր յատ­կաց­ւած հա­յոց երե­ւի ամե­նասի­րելի դի­ցու­հուն՝ մայր Անա­հիտին։ Նրա մայ­րա­կան ջեր­մութիւնն ու անսպառ զօ­րու­թիւնն էին հայ­ցում ամեն­քը։ Նո­րահար­սը մայ­րա­կան բերկրան­քը զգա­լու եր­ջանկու­թիւնն էր հայ­ցում, մար­տի­կը՝ զօ­րու­թիւն ու յաղ­թութիւն, մշա­կը՝ առատ բերք ու բա­րեբեր անձրեւ­ներ, հի­ւան­դը՝ ապա­քինում…

Քրիս­տո­նեայ ըլ­լա­լէն ետ­քը հա­յերս Անա­հիտ դի­ցու­հուն վե­րագ­րուող հաւ­տա­լիք­ներն ու աղօթքնե­րը ուղղե­ցինք դէ­պի Սուրբ Աս­տուածա­մայ­րը, ով այ­դուետք շա­րու­նա­կեց Անա­հիտի ու­ղին ու դար­ձաւ հա­յերի նոր ամե­նասի­րելի սուրբը։

Եւ քա­նի որ նա­ւասար­դեան տօ­նակա­տարու­թիւննե­րը Անա­հիտ դի­ցու­հուն նուիրուած մե­հեան­նե­րում կը կա­տարուէին, այդ մե­հեան­նե­րը քան­դուեցին եւ դրանց տե­ղում բարձրա­ցուե­ցին Սուրբ Աս­տուածա­մօրը նուիրուած եկե­ղեցի­ներ։ Եւ ստա­ցուեց այնպէս, որ մար­դիկ ուխտի էին գնում դէ­պի նոյն վայ­րե­րը, բայց այժմ ոչ թէ Անա­հիտի, այլ Աս­տուածա­մօր ուխտա­վայ­րը, նշում էին ոչ թէ Նա­ւասար­դը, այլ Սուրբ Մա­րիամ Աս­տուածած­նի Վե­րափոխ­ման տօ­նը։

Օրե­րով կը պատ­րաստուէին ուխտագը­նա­ցու­թիւննե­րուն. ազ­գա­կան­նե­րով, ըն­կեր բա­րեկամ­նե­րով ճա­նապարհ կ՚ընկնէին նա­խապէս ընտրուած ուխտա­տեղին, կը քայ­լէին մի ամ­բողջ գի­շեր եւ արե­ւածա­գը կը դի­մաւո­րէին ար­դէն ուխտա­վայ­րում, ուր այ­լեւս կը բա­ցուէին սե­ղան­նե­րը, կը զո­հաբե­րուէին պտուղնե­րը, մա­տաղ­ներ կա­րուէին, երի­տասարդնե­րը խումբ խումբ կը պա­րէին, լախ­տի, ըմբշա­մարտ կը խա­ղային եւ տօ­նը կը շա­րու­նա­կուէր խինդ ու ցնծուն զուար­ճանքնե­րով. «մա­տաղ­նե­րը կ՚օրհնուին ու կը զի­նուին, աւան­դա­կան հա­րիսա­յի պղինձնե­րը կը շա­րուին ծա­ռին տակ, կրա­կարան­նե­րուն վրայ։ Քո­վի թթաս­տա­նի ծա­ռերուն տակ ուխտա­ւոր­նե­րը կը բա­նան իրենց սե­ղան­նե­րը, իսկ ծա­ռին տակ կը փչէ զուռնան, կը թնդայ թմբու­կը, ու մին­չեւ լոյս շուրջպա­րը կը դառ­նայ։ Կիրակի առա­ւօտ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ հան­դի­սաւոր պա­տարագ։ Պա­տարա­գիչ սրբա­զանը կ՚օրհնէ հե­րիսան, որ կը բա­ժանուի ուխտա­ւոր­նե­րուն։ Խնջոյ­քը, կե­րու­խումը, զուռնան ու պա­րը կը տե­ւեն մին­չեւ երե­կոյ»։

Խա­ղողօրհնէ­քին կը յի­շէին նաեւ Թուխ ու Մուխ մա­նուկնե­րուն, որոնք, ան­շուշտ, շատ հի­նէն կու գան. առա­տու­թեան ու բեր­քա­տուու­թեան, բնու­թիւնը բու­ժող ու կե­նարար, կեանք պար­գե­ւող դի­ցային ոգի­ներ կամ գու­ցէ հենց դի­ցեր էին։ Ալաշ­կերտում Սուրբ Աս­տուածած­նի Վե­րափոխ­ման օրը կը հա­ւաքուէին Թուխ Մա­նուկ սրբա­վայ­րում եւ կը կո­խոտէին «այն վայ­րե­րը, ուր Թուխ մա­նուկներ քայ­լած են»։ Համ­զա­շեխ գիւ­ղի մօ­տի «Թուխ Մա­նու­կի ուխտագ­նա­ցու­թիւնը կը պա­տահի Օգոս­տո­սին՝ Ս. Աս­տուածած­նայ տօ­նին»։ «Խաս­տուրա Ս. Աս­տուածած­նայ վան­քը ուխտի եկող հա­սարա­կու­թիւնը Թուխ մա­նուկ եւս պի­տի գնար, որ իր ուխտը կա­տարեալ հա­մարուի»։

Խա­ղող օրհնե­լիս

Առաջ­նե­րում աւան­դութիւն կար՝ բեր­քի օհ­նութեան ու նուիրա­բերու­թեան ծէս։ Հա­սու­նա­ցած առա­ջին պտուղնե­րը եւ բեր­քը հարկ էր զո­հաբե­րել ուխտա­վայ­րե­րում կամ պաշ­տա­մունքի տնե­րում, ին­չից յե­տոյ միայն կա­րելի էր ճա­շակել այդ պտու­ղը։ Այս սո­վորու­թիւնը չվե­րացաւ քրիս­տո­նէու­թեան մուտքով, այլ շա­րու­նա­կուեց. Ամա­նորին կը զո­հաբե­րուէին զա­նազան հա­տիկե­ղէն, փո­խինդ, աղանձ, Տեար­նընդա­ռաջին՝ թարմ ու չոր մրգեր, Զա­տիկին՝ ձու, Համ­բարձման օրը՝ կաթ­նով, Վար­դա­վառին՝ հաս­կեր ու խնձոր, իսկ ահա Ս. Աս­տուածա­մօր Վե­րափոխ­ման օրը խա­ղող կ՚օրհնէին։

Խա­ղողօրհնէ­քի օրը քա­հանան կ՚օրհնէր խա­ղողի առա­ջին ող­կոյզնե­րը, որոնք կը տա­րուէին եկե­ղեցի։ Սա­կայն աւե­լի յա­ճախ քա­հանա­ներն իրենք կ՚այ­ցե­լէին խա­ղողի այ­գի­ները, մկրա­տով մի ող­կոյզ կը կտրէին, կը բարձրաց­նէին այն դէ­պի արե­ւը եւ «Երկնքի լոյս Թուխ Մա­նուկնե­րէն ցօ­ղուած են մեր այս այ­գու ող­կոյզնե­րը։ Աս­տուած օրհնեց մեր այ­գի­ները Նո­յի տա­պանով, Մով­սէ­սի տա­պանա­կով, Քրիս­տո­սի Սուրբ Խա­չով, Աս­տուածած­նի ար­ցունքով, Լու­սա­ւոր­չի լոյս հա­ւատով, Հաց ու գի­նի, Տէր կեն­դա­նի։ Մեր այ­գի­ներն ալ միշտ պի­տի դա­լար լի­նեն, ող­կոյզնե­րը՝ միշտ անսպառ» ասե­լով՝ կ՚օրհնէին բեր­քը։

Օրհնուած խա­ղողի ող­կոյզնե­րից այ­նուհե­տեւ կը տա­րուէին լու­սաղբիւրնե­րի ակունքնե­րին եւ ուխտա­վայ­րե­րին կը դրուէին, զի թռչուններն ալ ան­մասն չմնան երկրի բա­րեբե­րու­թե­նէն։ Օրհնուած խա­ղողի մի մաս­ն էլ կը պա­հէին մինչ յա­ջորդ խա­ղողօրհնէք, որ­պէսզի առա­տու­թիւնը չվե­րանայ։ Նոյն օրհնուած խա­ղողից կը պատ­րաստէին անուշ գի­նի։

Քե­սապում Կի­րակի օրը, ան­պատճառ, սմբու­կով ու սի­սեռով ճաշ կ՚եփեն։ Քա­նի որ սմբու­կը սո­վորա­բար տա­րուայ առա­ջին բերքն էր լի­նում, այս ճա­շատե­սակից այնքան շատ կը պատ­րաստեն, որ սմբու­կի բուրմունքը կը տա­րածուի ողջ բո­լորը, եւ հա­րեւան թուրքե­րը Աս­տուածած­նի տօ­նը «պա­տըն­ճան պայ­րամ» (սմբու­կի տօն) կ՚անուանէին

+