Վերջին արար Մխիթարեանի մէջ - Gündem
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Արփող

Gündem :

29 Temmuz 2016  

Վերջին արար Մխիթարեանի մէջ -

Վերջին արար Մխիթարեանի մէջ Վերջին արար Մխիթարեանի մէջ

Մխիթարեանէ վտարումիս պատմութիւնը, որ դդու­մի համ սկսած է տալ այ­լեւս, վեր­ջին արա­րով մը փա­կեց վա­րագոյ­րը։

Վար­ժա­րանէն վտար­ման թուղթս, թուար­կըւած Յու­նի­սի 13-ին, հա­սաւ այդ թուակա­նէն եր­կու օր ետք կար­ծեմ։ Այ­սինքն, հիմ­նա­դիրի ներ­կա­յացու­ցիչ Պերճ Մեն­զիլճիօղ­լու դպրոց­նե­րու փա­կումն իսկ չէր կրցած սպա­սել, նոյ­նիսկ Սար­գիս Էր­մէն վար­դա­պետը, որ երկրէն կը բա­ցակա­յէր այդ օրե­րուն, ար­տա­սահ­մա­նէն նա­մակ մը գրած էր իրեն՝ հարցնե­լով, թէ տա­կաւին չէ՞ր կրցած ար­դեօք հրա­ժարեց­նել զիս։ (Այս նա­մակը Մեն­զիլճիօղ­լու բարձրա­ձայն կար­դաց նաեւ ին­ծի ու տնօ­րէն Եւա Օրա­քեանին)։ Կը զար­մա­նայի։ Ի՞նչ կրնա­յի ըրած ըլ­լալ որ վար­դա­պետը բո­րոտա­ւորի մը նման ու­զէր ազա­տիլ ինձմէ։ Շատ յե­տոյ նոյն այդ Մեն­զիլճիօղ­լուն պի­տի խոս­տո­վանէր, թէ (ի ներ­կա­յու­թեան խնա­մատար մարմնի ատե­նապետ Ար­ման Գա­մառի) վար­դա­պետ­նե­րը խոս­տա­ցած էին հրա­ժարա­կանս կամ վտար­ման թուղթս տա­նիլ ու դնել ազ­գա­յի՜ն բա­րերար Պետ­րոս Շի­րինօղ­լուի գրա­սեղա­նին։

Թէ ազ­գա­յի՜ն բա­րերար Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու ի՛նչ գործ կրնար ու­նե­նալ ին­ծի հետ՝ հա­նելուկ մըն է։ Հան­դի­պեցայ նաեւ հե­տը։ Խոս­տո­վանե­ցաւ, որ կան­չած է իր քով վար­դա­պետ­նե­րը, սա­կայն չէ ըսած իրենց որ վտա­րեն զիս։ Միւս կող­մէ վար­դա­պետ­նե­րը, Մեն­զիլճիօղ­լու ու Գա­մառ ալ կ՚ըսեն, թէ ազ­գա­յի՜ն բա­րերա­րը պա­հան­ջած է իր սե­ղանին տես­նել իմ վտար­ման թուղթս։ Մէ­կը սուտ կը խօ­սի՝ կա՛մ վար­դա­պետ­ներն ու վար­ժա­րանին վա­րիչ­նե­րը եւ կամ ազ­գա­յի՜ն բա­րերա­րը։ Ին­ծի հա­մար այս մէկն ալ տա­կաւին հա­նելուկ մըն է։

Կայ ու­րիշ մը եւս, որ նոյնպէս իր ոտ­քը կան­չած է վար­դա­պետ­նե­րը։ Կա­րելի չե­ղաւ ստու­գել անոր ինքնու­թիւնը։ Մու­թին մէջ գոր­ծող վար­նոց մը ապա­հովա­բար, որուն հետ եւս կաս­կա­ծելի կա­պեր ու­նե­նալ կը թուին վար­դա­պետ­նե­րը։ Վեր­ջիններս այդ վար­նո­ցին անու­նը ոչ մէ­կուն յայտնած են՝ ո՛չ Մեն­զիլճիօղ­լուին, որ դպրո­ցին հիմ­նա­դիրն է, ո՛չ Ար­ման Գա­մառին, որ խնա­մատար մարմնի ատե­նապետն է։ Այ­սինքն այս մար­դի­կը, որոնք դպրո­ցին վար­չութիւ­նը ստանձնած են, նման խորհրդա­ւոր պայ­մաննե­րու տակ է որ զիս վտա­րեցին դպրո­ցէն, առանց բա­ցայայ­տել ու­զե­լու, հար­ցաքննել փոր­ձե­լու վար­դա­պետ­նե­րուն կաս­կա­ծելի յա­րաբե­րու­թիւննե­րը։

Վտար­ման թուղթը ձեռ­քիս երբ կը մտա­ծէի ինչ ընե­լիքս, բա­րեկամ­նե­րու, սի­րելի­ներու, հե­ռու ու մօ­տիկ բազ­մա­թիւ ան­ձե­րու կամ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու զօ­րակ­ցութեամբ շրջա­պատուեցայ յան­կարծ։ Մեր հա­սարա­կու­թե­նէն, Սփիւռքէն, Հա­յաս­տա­նէն։ Վար­ժա­րանի ու­սուցիչ­նե­րը ստո­րագ­րա­հաւա­քով մը դա­տապար­տե­ցին վար­դա­պետ­նե­րուն ու վա­րիչ­նե­րուն այս որո­շու­մը։ Տնօ­րէն Եւա Օրա­քեան առա­ջին օրէն վեր­ջի­նը եղաւ իմ կող­քը. եւ դժբախ­տա­բար հա­կառակ իր թե­լադ­րանքին առ­նուեցաւ նման որո­շում մը։ Վար­ժա­րանի խնա­մատար մար­մի­նէն ան­դամներ նոյնպէս յայտնե­ցին իրենց զօ­րակ­ցութիւ­նը։

Այդ պա­հուն էր որ հար­ցին մի­ջամ­տեց Լե­ւոն արք. Զե­քիեան, որ Հռո­մի քա­հանա­յապե­տէն ընդհա­նուր քննիչ նշա­նակուած էր Մխի­թարեան միաբա­նու­թեան հա­մար։ Զե­քիեան գե­րապայ­ծառ բա­ւական ջանք թա­փեց հար­ցը լու­ծե­լու հա­մար։ Լու­ծեց ալ։ Հան­դի­պեցանք հե­տը, աւե­տեց, թէ հար­ցը լու­ծուած է, մա­մու­լին հա­մար քա­նի մը տող ալ շա­րադ­րե­ցինք։ Միայն խնդրեց, որ հան­դի­պում մը ու­նե­նամ վար­ժա­րանի վա­րիչ­նե­րուն հետ ու վեր­ջին ան­գամ մը եւս հաս­տա­տենք մեր բա­րեկա­մեցո­ղու­թիւնը։

Փոր­թուկա­լի մէջ «Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան» հիմ­նարկի աշ­խա­տանո­ցին մաս­նակցե­լէ ետք, Պո­լիս վե­րադար­ձիս յա­ջորդ օրն իսկ հան­դի­պեցայ Պերճ Մեն­զիլճիօղ­լուին եւ Ար­ման Գա­մառին։

Ու­նէին ինձմէ եր­կու պա­հանջք։

Ա) Հրապարա-կաւ նե­րողու­թի՜ւն պէտք է խնդրէի իրենցմէ։ Վար­դա­պետ­նե­րու հաս­ցէին գոր­ծա­ծած «լե­ղապա­տառ կտրած» եւ վար­ժա­րանի վա­րիչ­նե­րուն հա­մար գոր­ծա­ծած «ապի­կար» բա­ռերը ան­հանգստու­թիւն պատ­ճա­ռած էին իրենց։ Իրե՛նց, որոնք չէին գի­տեր թէ զիս ին­չու հա­մար կը վտա­րեն, իրե՛նց, որոնց վա­րած խնա­մատար մարմնի ան­դամնե­րէն ոմանք զիս փնտռած ու նե­րողու­թիւն խնդրած էին ար­դէն, իրե՛նց, որոնք բա­ցար­ձա­կապէս չէին տի­րապե­տեր իրենց վստահուած հաս­տա­տութեան ներ­քին ան­ցուդար­ձին եւ պաշ­տօ­նական ոչ մէկ հան­գա­մանք ու­նե­ցող եր­կու վար­դա­պետ­նե­րուն կաս­կա­ծելի կա­պերը չէին ու­զեր բա­ցայայ­տել, այլ միայն ըն­թացք կու տա­յին անոնց քմա­հաճ հրա­հանգնե­րուն։ Եւ այս մար­դի­կը ան­հանգիստ եղած էին որ իրենց հա­մար վար­ժա­պետ մը «ապի­կար» ըսեր էր։ Ու­րախ եմ որ գո­նէ կրցած էի զի­րենք ան­հանգստաց­նել։ Վար­դա­պետ­նե­րուն «լե­ղապա­տառ կտրե­լուն» մա­սին չեմ իսկ ու­զեր խօ­սիլ։

Բ) Մեն­զիլճիօղ­լու եւ Գա­մառ կը պա­հան­ջէին ինձմէ նաեւ երաշ­խա­ւորա­գիր մը, թէ այ­սուհե­տեւ քա­ղաքա­կան յօ­դուած պի­տի չգրեմ։ Երա­նելի­ները չէին իսկ գի­տեր, թէ ես քա­ղաքա­կան յօ­դուած­ չեմ գրեր։ Երա­նելի­ները խոս­տո­վանե­ցան, թէ իմ յօ­դուած­ներս չեն ալ կար­դար։ Բայց զիս կը վտա­րեն իմ յօ­դուած­նե­րուս պատ­ճա­ռով...

Ես ան­շուշտ չէի կրնար ըն­դունիլ այս պայ­մաննե­րը։ «Տէր ընդ ձեզ» ըսի, ելայ, գա­ցի...

Վեր­ջա­բան։

Յան­կերգ մը ու­նինք։ Կա­ռավա­րու­թիւնը չ՚ար­տօ­ներ որ հա­յերէ­նի ու­սուցիչ ու­նե­նանք։ Ես Երե­ւանի պե­տական հա­մալ­սա­րանը աւար­տած եմ որ­պէս հա­յոց լե­զուի ու գրա­կանու­թեան ու­սուցիչ եւ դժբախ­տա­բար միակն եմ որ կը կրեմ այս կո­չու­մը։ Կրթու­թեան նա­խարա­րու­թիւնը վա­ւերա­ցու­ցած է վկա­յականս եւ ար­տօ­նած է որ պաշ­տօ­նավա­րեմ։ Եւ ահա կա­ցու­թիւնը։ Զիս վտա­րեցին հայ վար­ժա­րանէ մը, որուն անու­նը Մխի­թարեան է։

Հա­յերէ­նի վկա­յեալ ու­սուցիչ մը հայ դպրո­ցէն վտա­րելու ողջ պա­տաս­խա­նատուու­թիւնն ու ամօ­թը կ՚իյ­նայ նա­խեւա­ռաջ Մխի­թարեան վար­ժա­րանի հիմ­նա­դիրի ներ­կա­յացու­ցիչ Պերճ Մեն­զիլճիօղ­լուին եւ խնա­մատար մարմնի ատե­նապետ Ար­ման Գա­մառին (ոչ թէ միւս ան­դամնե­րուն կամ վար­ժա­րանի տնօ­րէնին), Սար­գիս Էր­մէ­նին ու Յա­կոբոս Չօ­փու­րեանին, զորս Մխի­թարեան վար­դա­պետ կո­չել չեմ ու­զեր, եւ վեր­ջա­պէս ազ­գա­յի՜ն բա­րերար Պետ­րոս Շի­րինօղ­լուին եւ մու­թին մէջ գոր­ծող կաս­կա­ծելի վար­նո­ցին։

Թէ ով ինչ շա­հեցաւ այս ողջ ան­ցուդար­ձէն, ո՞վ իր եսը գո­հացուց, ո՞վ հի­մա մու­թին մէջ կե­ցած իր ձեռ­քե­րը կը շփէ՝ չեմ գի­տեր։ Գի­տեմ միայն մէկ բան, որ կորսնցնո­ղը դար­ձեալ հայ դպրո­ցը եղաւ, եղան հայ աշակերտները։ Աւա՜ղ...

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+