Գերապայծառ Չոլաքեան Սրբազան 97 Տարեկան Հասակի Մէջ Հրաժեշտ Առաւ Կեանքէն - Gündem
04 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մարգար / Ժամ : Բաւական

Gündem :

20 Eylül 2016  

Գերապայծառ Չոլաքեան Սրբազան 97 Տարեկան Հասակի Մէջ Հրաժեշտ Առաւ Կեանքէն -

Գերապայծառ Չոլաքեան Սրբազան 97 Տարեկան Հասակի Մէջ Հրաժեշտ Առաւ Կեանքէն Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Նախորդ Վիճակաւորին Գերապայծառ Չոլաքեան Սրբազան 97 Տարեկան Հասակի Մէջ Հրաժեշտ Առաւ Կեանքէն:

Երէկ գիշեր համացանցի ընկերային էջերուն վրայ կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ գոյժը:

Յառաջացեալ տարիքի մէջ կեանքէն ու իր համայնքէն հրաժեշտ կ՚առնէր Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Երկարամեայ նախկին Վիճակաւորը. Արհի. Գերապայծառ Յովհաննէս Արք.

Չոլաքեան. որ տասնամեակներ շարունակ ծառայելէ վերջ իր հօտին, իր համայնքը հովուելու պարտականութիւնը փոխանցած էր Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Չէքիեան Գերապայծառին ու ապաստան գտած էր Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի գուրգուրոտ Երդիքին տակ. ինքզինք նուիրելով գրական աշխատանքի ու պատրաստելով զանազան գիրքեր:

Հիները կը յիշեն որ Չոլաքեան Գերապայծառ Վիճակաւորի պաշտօնին կոչուած էր Հայ կաթողիկէ համայնքի կեանքէն ներս փոթորկոտ շրջանի մը մէջ. բայց այն օրէն վերջ երբ ան ղեկը ձեռք առած էր, մօտաւորապէս 70 տարի իր համայնքին համար յաջողած էր ստեղծել խաղաղութեան ու բարգաւաճման շրջան մը:

Խոր զարգացումի տէր. ֆրանսերէնի քաջատեղեակ. Չոլաքեան Գերապայծառ ունէր հռետորական բացառիկ կարողութիւն ու իւրայատուկ յստակ ոճ. նաեւ կը հեղինակէր եկեղեցիներու ու զանազան նիւթերու նուիրուած գիրքեր` ընդհանրապէս Ֆրանսերէնով:

Վախճանեալ Գերապայծառը ծնած էր Իսթանպուլ 12 Ապրիլ 1919ին: Քահանայ կը ձեռնադրուի 1943ին, Հռոմի մէջ: 1946ին կը վերադառնայ Պոլիս Ել կընուիրուի հովուական աշխատանքի: 1949ին կը կատարէ զինուորական ծառայութիւնը որպէս սպայ: 1950ին կը վերադառնայ եկեղեցական ծառայութեան: 1951 էն սկսեալ կընուիրուի նաեւ ուսուցչութեան` Պոլսոյ զանազան դպրոցներուն մէջ: Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի 5 Մարտ 1967ին ձեռամբ երջանկայիշատակ կարտինալ Աղաճանեանին: Չոլաքեան Գերապայծառ վերջին Եպիսկոպոսն էր որ կ՚օծուէր Կարտինալ Աղաճանեանի ձեռամբ ու Չոլաքեան Սրբազան Կարտինալ Աղաճանեանի նկատմամբ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անոր մասին 2012 թուականին գրելով հոյակապ գիրք մը. Ֆրանսերէն ու Հայերէն:

Վախճանեալ վաստակաւոր Առաջնորդը, որ կը զգար որ ժամանակը եկած էր հրաժարելու, իր հրաժարականը տուաւ 21 Մարտ 2015ին: Պարտականութիւնը Գարագիւղի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ սարքուած անմոռանալի արարողութեան մը ընթացքին փոխանցեց Ձէքիեան Գերապայծառին: Այնուհետեւ բնակեցաւ Ս. Յակոբ Հիւանդանոցի մէջ, գիրքեր գրեց ու եկեղեցականի պատրաստ հոգիով դէպի յաւերժութիւն փոխանցուեցաւ Երէկ Ուրբաթ 16 Սեպտեմբեր 2016ի երեկոյեան ժամերուն. Պոլսոյ Թաքսիմ թաղամասի Աճըպատէմ հիւանդանոցին մէջ:

Այս մասին այսօր արդէն ստացանք Առաջնորդարանի յայտարարութիւնը, որ հրատարակուած է մեր միւս սիւնակներուն մէջ: Այլ մանրամասնութիւններ հաւանաբար Երկուշաբթի պիտի հաղորդուին:


ՄԱՐՄԱՐՍ իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Հայ Կաթողիկէ Համայնքին եւ եկեղեցական դասուն ու կը խոնարհի վախճանեալ Գերապայծառին պայծառ յիշատակին առջեւ:

Մարմարա





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+