​Սուրբ Սահակ Պարթեւ (348-439) - Հայերէն
19 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Անահիտ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

11 Eylül 2017  

​Սուրբ Սահակ Պարթեւ (348-439) -

​Սուրբ Սահակ Պարթեւ (348-439) ​Սուրբ Սահակ Պարթեւ (348-439)

Հայկական տառերու գիւտին ու -Թարգմանչաց շարժման առաջնորդ Հայոց լուսապսակ Հայրապետը.

1578 տարի առաջ, Սեպտեմբեր 7ին, ծերունազարդ 91 տարեկանին, վախճանե-ցաւ հայոց ազգային-մշակութային ինքնահաստատման հիմնարար շարժման վե-հափառ հայրապետը` Սուրբ Սահակ Պարթեւ։

Հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան արմատաւորման եւ հոգեմտաւոր հարս-տութեան ծաղկումին մէջ հիմնարա՛ր եղաւ ներդրումը Սահակ Պարթեւ Կաթողի-կոսի, որ ոչ միայն իր անունը անբաժանելիօրէն ու արժանաւորապէս կապեց -Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի կատարած հայոց տառերու գիւտին, այլեւ` արդարօրէն արժանացաւ Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբերու համաստեղութեան մէջ բարի, առաքինի եւ վեհաշուք նահապետի լուսապսակին։

Հայոց քրիստոնէական հաւատքի հիմնադիրին` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի տոհ-մէն էր Սահակ Պարթեւ։ Որդին էր Մեծն Ներսէս Կաթողիկոսին եւ եղաւ իր տոհ-մին վերջին ներկայացուցիչը, որ իբրեւ կաթողիկոս արժանացաւ Սուրբ Էջմիած-նի հոգեւոր գահին եւ արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ իր կոչումին։

Ինչպէս իր տոհմի ռահվիրայ Սուրբերը, Սահակ Պարթեւ իր կարգին աշխարհա-կան կեանք ապրած էր։ Իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած էր Կե-սարիա եւ Բիւզանդիոն` ժամանակի ուսմանց կարեւորագոյն հաստատութեանց մէջ, լուսաւորելով միտքն ու հոգին։ Տիրապետած էր ասորերէն, յունարէն եւ պարսկերէն լեզուներուն ու անոնց գրական եւ մշակութային` հոգեմտաւոր հա-րուստ ժառանգութեան։

Ամուսնացած էր եւ ունեցած էր դուստր մը` Անոյշ կամ Սահականոյշ, որ հետա-գային ամուսնանալով Համազասպ Մամիկոնեանի հետ` ծնունդ տուած էր Վար-դան Մամիկոնեանին, հայ ժողովուրդին ընծայելով մեր պատմութեան դարաւոր երթը սրբագործող քաջարի ազգային հերոսը։

Սահակ Պարթեւ դժբախտութիւնը ունեցաւ, երիտասարդ տարիքին, կինը կորսնցնելու եւ այրիանալու։ Ընտրեց մենաւոր ու ճգնաւոր կեանքը. իր մտքին ու հոգիին լոյսով պատրաստեց սերունդ մը աշակերտներու, որոնց հետ լծուեցաւ հայոց հոգեմտաւոր զարգացման մեծ առաքելութեան։

Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի պատմութեան ճգնաժամային եւ տագնապալի ժամանակշրջանին զուգադիպեցաւ Սահակ Պարթեւի գործունէութիւնը։ Հայաս-տանի տիրապետութեան համար Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի միջեւ անողոք մրցապայքարը իր գագաթնակէտին հասած էր։ Նոյնպէս եւ հայ նախարարական տուներուն միջեւ անմիաբանութիւնն ու փոխադարձ դաւադրութիւնները` թա-գաւորական գահին տիրանալու համար։ Այդ ներքին հակամարտութիւններէն դուրս չէր ձգուած նաեւ Ս. Էջմիածինի հոգեւոր գահակալութիւնը, որ Մեծն Ներ-սէսի վախճանումէն ետք երկար ատեն թափուր մնաց, մինչեւ որ Խոսրով Գ. թա-գաւորը 387 թուին Կաթողիկոս կարգեց Սահակ Պարթեւին։

Այդպէս սկսաւ շուրջ կէս-դարեայ հոգեմտաւոր փայլուն գահակալութիւնը Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի։

Երեք տարի չէր անցած, երբ 390 թուին Բիւզանդիոնն ու Պարսկաստանը իրենց միջեւ կիսեցին Հայաստանը` Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստաններու բաժ-նելով մեր երկիրը եւ զանոնք, համապատասխանաբար, բիւզանդական ու պարս-կական ազդեցութեան գօտիներու ենթարկելով։ Աշխարհակալական նոր սահմա-նագծումը իր բացասական անդրադարձը ունեցաւ նաեւ հայ նախարարական տուներու եւ Հայ Եկեղեցւոյ ներքին դասաւորումներուն վրայ։ Կաթողիկոսական գահին շուրջ եւս մրցապայքարը սաստկացաւ այն աստիճան, որ երբ Պարսկաս-տանը ուղղակի իր նահանգին վերածեց Արեւելեան Հայաստանը` Շահը գահա-զուրկ հռչակեց Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսին եւ երկու ասորի եպիսկոպոսներու յանձնեց Կաթողիկոսութեան գահակալութիւնը։

Հայ ժողովուրդը, սակայն, երբեք չհամակերպեցաւ այդ բիրտ միջամտութեան, բնաւ չճանչցաւ ասորի եպիսկոպոսներու հոգեւոր իշխանութիւնը եւ շարունակեց կառչած մնալ իր հոգեւոր ու սրբակեաց առաջնորդին` Սահակ Պարթեւին։

Կաթողիկոսական իր գահակալութեան երկար ժամանակաշրջանին, Սահակ -Պարթեւ գործեց իրերայաջորդ թագաւորներու եւ իշխաններու հետ՝ մէկ կողմէ իր ուժերը լարելով ի սպաս Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազգային ինքնուրոյնու-թեան եւ անկախութեան հոգեմտաւոր հիմերու ամրապնդումին, իսկ միւս կողմէ հաշտարար միջամտութիւններով հարթելով հայոց միջ-նախարարական ներքին վէճերը եւ հակակշռելով, բարոյական իր բարձր հեղինակութեամբ, հայոց թագա-ւորներուն եւ իշխաններուն սանձարձակութիւններն ու սայթաքումները։

Յատկապէս Վռամշապուհ Արքայի թագաւորութեան շրջանը բեղմնաւոր առաքե-լութեան նպաստաւոր պայմաններ ստեղծեց Սահակ Պարթեւի համար։ Թագաւոր եւ Կաթողիկոս ռազմավարական առաջնային կարեւորութիւն տուին հայոց գրա-ւոր մշակոյթի ստեղծումին ու հարստացումին` իբրեւ ազգային ինքնուրոյն եւ ա-զատ զարգացման անփոխարինելի երաշխիքի, որուն լիարժէք արդիւնաւորման նախապայմանը հայոց գիրերու ստեղծումն էր։ Այդ մղումով Վռամշապուհ Արքայ եւ Սահակ Կաթողիկոս իրենց ամբողջական հոգածութեան եւ քաջալերանքին ար-ժանացուցին ժամանակի հայ ամէնէն լուսամիտ եւ զարգացած վարդապետներէն -Մեսրոպ Մաշտոցը, որուն վստահեցան հայ գրերու գիւտը։

Հայոց թագաւորին ամբողջական աջակցութիւնը վայելելով` Սահակ Պարթեւ եւ -Մեսրոպ Մաշտոց ձեռք-ձեռքի տուին եւ իրենց բոլոր ուժերով, պատրաստուած ու զարգացած աշակերտներ իրեն շուրջ հաւաքելով, նուիրուեցան հայոց նոր տառե-րով Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան ու գրառումին։

Վռամշապուհ Արքայի, Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի եւ Մեսրոպ Մաշտոց Վար-դապետի միացեալ ճիգերով ու հոգեմտաւոր լոյսով է, որ հիգերորդ դարը դարձաւ հայոց պատմութեան Լուսաւորութեան Ոսկեդարը։ Երէց եւ Կրտսեր Թարգմանիչ-ներու սերունդ հասաւ եւ ստեղծագործեց անոնց հովանիին, ամբողջական հոգա-ծութեան եւ լիարժէք գործակցութեան պայմաններուն մէջ։ Ունեցանք ոչ միայն Աստուածաշունչի հայատառ հիասքանչ թարգմանութիւնը, այլեւ` հիմերը դրուե-ցան հայ հոգեմտաւոր հարուստ ժառանգութեան, որ ազգովին պահպանեց մեզ հետագայ դարերու աշխարհաքաղաքական դաժան ճնշումներուն, հալածանքնե-րուն եւ հայկական մեր էութենէն ի սպառ ուծացման վտանգներուն դէմ։

Սահակ Պարթեւ Հայրապետին անձնական ներդրումը, հայոց պատմութեան անի-ւը հիմնովին շրջած դարակազմիկ այդ նուաճումներուն մէջ, յատկանշուեցաւ թէ՛ սեփական մեծարժէք ստեղծագործութիւններով, որոնք հունաւորեցին եւ հարս-տացուցին հայոց հոգեւոր կանոնադրութիւնն ու գրականութիւնը, թէ՛ բարոյա-կան անբասիր վարքագիծով, որ հայ իրականութիւնը տագնապեցնող արատաւոր շատ մը երեւոյթներու սրբագրման մղիչ ուժը դարձաւ։

Մինչեւ խոր ծերութիւն ապրեցաւ Սահակ Պարթեւ։ Հակառակ արտաքին բազմա-պիսի ճնշումներուն եւ հարուածներուն, ինչպէս նաեւ ներքին անմիաբանութեան հետեւանք կաշկանդումներուն, Հայոց հոգեմտաւոր հարստութեան մեծ նահապե-տը յաջողեցաւ, միշտ Մեսրոպ Մաշտոցը ունենալով իր կողքին, բարի եւ առաքի-նի, այլեւ` լուսաւոր եւ լուսաբաշխ հայու կերպարը մարմնաւորել, հետագայ սե-րունդներուն ներարկելով անսպառ հաւատք, անկոտրում դիմադրականութիւն եւ ստեղծագործական կենարար շունչ։

Եւ հայ ժողովուրդը արդարօրէն սրբացուց Սահակ Պարթեւն ու Մեսրոպ Մաշտո-ցը` իր երախտագիտութեան գերագոյն լուսապսակին արժանացնելով հայ հոգեմ-տաւոր հարստութեան արմատաւորումն ու ծաղկումը յառաջ մղած անզուգական եւ իրարմէ անբաժան ռահվիրաները։






Bu haber azator kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (azator) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(azator). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+