​Խորհրդաւոր Հանդիպումներ Անգարայի Մէջ - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

16 Kasım 2017  

​Խորհրդաւոր Հանդիպումներ Անգարայի Մէջ -

​Խորհրդաւոր Հանդիպումներ Անգարայի Մէջ ​Խորհրդաւոր Հանդիպումներ Անգարայի Մէջ

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու Նո­յեմ­բեր 15-ին, մայ­րա­քաղաք Ան­գա­րայի մէջ հան­դի­պումներ ու­նե­ցաւ վա­քըֆ­նե­րէ պա­տաս­խա­նատու փոխ­վարչա­պետ Հա­քան Չա­ւու­շօղլուի եւ նա­խագահ Էր­տո­ղանի կարգ մը խորհրդա­կան­նե­րուն հետ, կը հաղրորդէ “Ակօս”-ը։

Ու­շագրաւ է որ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լուի այս հան­դի­պումնե­րը կը կա­յանան այնպի­սի շրջա­նի մը մէջ, երբ քննար­կումներ կ՚ըն­թա­նան պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան վե­րաբե­րեալ։ Կ՚են­թադրուի թէ այս հան­դի­պումնե­րու ըն­թացքին օրա­կար­գի նիւթ դար­ձած են պատ­րիար­քա­կան ու հա­մայնքա­յին ընտրու­թիւննե­րու հար­ցե­րը։ Յայտնի դար­ձաւ, որ փոխ­վարչա­պետ Չա­ւու­շօղլուի հետ կա­յացած հան­դի­պու­մը տե­ւած է եր­կու ժամ։ Հան­դիպման աւար­տին Շի­րինօղ­լուի կող­մէ որե­ւէ յայ­տա­րարու­թիւն չէ կա­տարուած։ Ըստ լսումնե­րու, Շի­րինօղ­լու նշած է թէ մա­մու­լին որե­ւէ յայ­տա­րարու­թիւն պի­տի չկա­տարուի այս մա­սին։

Այս հան­դի­պումնե­րու բո­վան­դա­կու­թիւնը ան­շուշտ հե­տաքրքրա­կան է հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու վա­րիչ­նե­րուն, պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան դե­րակա­տար­նե­րուն, ինչպէս նաեւ ողջ հան­րութեան հա­մար, քա­նի որ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցին մէջ առ­կայ են հարցման նշան­ներ։ Սա­կայն պատ­րիար­քա­կան տե­ղապահ Գա­րեգին արք. Պէք­ճեան եւ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թեան կարգ մը վա­րիչ­ներն իսկ որե­ւէ տե­ղեկու­թիւն չու­նին այս հան­դի­պումնե­րու մա­սին։

Ինչպէս պի­տի յի­շուի, 24 Հոկ­տեմբեր 2017-ին Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու, Կրօ­նական ժո­ղովի ատե­նապետ Սա­հակ եպսկ. Մա­շալեան, Նա­խաձեռ­նարկ մարմնի ատե­նապետ Սար­գիս Քիւ­լէ­կեչ եւ Արամ արք. Աթէ­շեան մէկ­տե­ղուած էին կու­սա­կալ Վա­սիբ Շա­հինի հետ, երբ քա­ղաքէս կը բա­ցակա­յէր տե­ղապահ սրբա­զան հայ­րը։ Այս հան­դիպման աւար­տին որե­ւէ պաշ­տօ­նական յայ­տա­րարու­թիւն կա­տարուած չէր, միայն ըստ կարգ մը լսումնե­րու հան­րութիւ­նը տե­ղեակ դար­ձած էր, թէ կու­սա­կալը ան­հանգստու­թիւններ ու­նի պատ­րիար­քա­կան տե­ղապա­հին եւ Նա­խաձեռ­նարկ մարմնին վե­րաբե­րեալ։






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+