​Նախագահ Սարգսեան. «2020-ին Մեր Յոյսերը Պէտք Է Շարունակեն Դառնալ Գործնական Քայլեր Եւ Արդիւնքներ - Gündem
19 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Անահիտ / Ժամ : Այգ

Gündem :

04 Ocak 2020  

​Նախագահ Սարգսեան. «2020-ին Մեր Յոյսերը Պէտք Է Շարունակեն Դառնալ Գործնական Քայլեր Եւ Արդիւնքներ -

​Նախագահ Սարգսեան. «2020-ին Մեր Յոյսերը Պէտք Է Շարունակեն Դառնալ Գործնական Քայլեր Եւ Արդիւնքներ ​Նախագահ Սարգսեան. «2020-ին Մեր Յոյսերը Պէտք Է Շարունակեն Դառնալ Գործնական Քայլեր Եւ Արդիւնքներ

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Նոր տարուան առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղեց համայն հայութեան` շեշտելով, որ փակուող 2019 թուականը ազգային եւ պետական նպատակները նորովի ուրուագծելու տարի էր: «Մենք միասին անցանք մեր պետականութեան ամրապնդման եւս մէկ փուլ», շեշտեց ան:

Ըստ նախագահին, իբրեւ պետութիւն, ժողովուրդ եւ մեծ ընտանիք` մեր առաջնահերթ հարցերը եւ գերակայութիւնները չեն փոխուած: Սակայն 2020-ին մեր յոյսերը պէտք է վերափոխուին եւ շարունակեն դառնալ գործնական քայլեր եւ արդիւնքներ: Այս առիթով ան մաղթեց ողջամտութիւն, կարգապահութիւն, կազմակերպուածութիւն, առողջ դատողութիւն, պատասխանատուութիւն եւ հանդուրժողականութիւն:

«Ամէն Աստծոյ օր մենք կը մտածենք մեր մեծ ու փոքր ընտանիքներուն մասին` մեր տան ու մեր հայրենիքին մասին: Հայրենիքը կը սկսի ընտանիքէն: Իսկ ընտանիքէն կը սկսի մեր միասնական հայրենիքի` Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան եւ անվտանգութեան պաշտպանութիւնը: Մեր հաւաքական կամքը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ ունի դրսեւորման մէկ ճակատ` Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւն եւ հզօրութիւն:

Ընտանիք…

Ընտանիքը նաեւ հոգեւոր ու բարոյական անվտանգութեան երաշխիքն է, մեր արժեհամակարգի հիմքը, մեր լեզուն, մեր հաւատքը, մեր եկեղեցին, մեր ժառանգութիւնը, մեր ազգային արժէքները, մեր բանակը, մեզ պահապան յուսալի ամրոցը®

Սէրը, համերաշխութիւնը եւ հանդուրժողականութիւնը թող իշխող ըլլան բոլոր ընտանիքներուն, նաեւ մեր քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ® Հոգատարութիւնը ընտանիքի հանդէպ հոգատարութիւն է հայրենիքի հանդէպ` Գիւմրիէն Գորիս, Սիւնիքէն Լոռի, Արցախէն Տաւուշ® Եկէք ընտանիքով ճանչնանք հայրենիքը», դիտել տուաւ նախագահը:

Ան յորդորեց հանդուրժող ըլլալ իրարու հանդէպ, սակայն անհանդուրժող` անհանդուրժողականութեան, փտածութեան եւ հասարակական պարսաւելի երեւոյթներուն հանդէպ:

«Հայրենիքը չի կրնար տնտեսապէս հզօր ըլլալ, եթէ այնտեղ գերակայողը օրէնքը չէ: Մենք պէտք է օրէնքի երկիր ըլլանք ո՛չ միայն լաւ օրէնք ընդունելով, այլեւ օրէնքը յարգելով եւ կիրարկելով: Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները պէտք է ընկալուին ոչ թէ իբրեւ սոսկ իրաւաբանական փաստաթուղթ, այլ` իբրեւ մշակոյթ եւ կենսակերպ:

Թող 2020 թուականը ըլլայ նոր ձեռքբերումներու եւ յաղթանակներու տարի: Թող խաղաղութիւնը եւ յաջողութիւնը ուղեկցին մեր երկրին, Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն, մեր ժողովուրդին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ, մեր ընտանիքներուն, մեզմէ իւրաքանչիւրին», եզրափակեց Հայաստանի նախագահը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+