Մեծ Մարդասէրին «Մեծ» Վախը (Հրանդ Տինքի Մտերմութեան Մէջ) - Հայերէն
19 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Անահիտ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

19 Ocak 2021  

Մեծ Մարդասէրին «Մեծ» Վախը (Հրանդ Տինքի Մտերմութեան Մէջ) -

Մեծ Մարդասէրին «Մեծ» Վախը (Հրանդ Տինքի Մտերմութեան Մէջ) Մեծ Մարդասէրին «Մեծ» Վախը (Հրանդ Տինքի Մտերմութեան Մէջ)

«Այո՛, երբեմն, մարդ եմ, կը վախնամ: Երբեմն սպառնալիքներ կը հասնին ոչ թէ իմ անձիս, այլ մինչեւ իմ ընտանիքիս: Այդ ատեն կը վախնամ: Ես ունիմ իրաւունքը իմ հերոսութիւնս ընելու, բայց կրնա՞մ արդեօք զաւակիս անունով ալ հերոսութիւն ընել»:

Յաջորդաբար 14-րդ տարին ըլլալով մենք կը յիշենք ու կը յիշատակենք հայ կեանքի մէջ իր եզակի ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը ունեցած Հրանդ Տինքի նահատակութեան տարելիցը:

Այո՛, նահատակութիւն, որ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ, օր ցերեկով, ամբողջ մարդկութեան տժգոյն եւ վեհերոտ աչքերուն առջեւ, իր հիմնած «Ակօս» թերթի խմբագրատան դիմաց, վատոգի ու ցեղապաշտ անհատներու ձեռամբ, 19 յունուար 2007-ին:

Մարդասպաններ` Օկիւն Սամասթ, Եասին Հայալ եւ Թունչելի (ոճիրի մտայղացողը), որոնց հասարակ յայտարարը եթէ մէկ կողմէ հայատեացութիւնն էր, եւ միւս կողմէ անոնց` Գորշ Գայլերու հետեւորդ ըլլալու իրողութիւնը, անոնք ո՛չ միայն կատարեցին քստմնելի արարքը, այլ նաեւ արտաբերեցին հայութիւնը անարգող խօսքեր եւ լուտանքներ, որպէսզի ահ ու սարսափ տարածեն շուրջ բոլոր:

Օրին բարբարոսները ձերբակալուեցան ու դատաքննական կեղծ, երկար ու հոգելլկող գործընթացներէ ետք ստացան վճիռներ, այդուհանդերձ, Հրանդ Տինքի սպանութեան թղթածրարը մնաց այլապէս «անլոյծ» կամ «առկախ», գէթ պաշտպան փաստաբաններու եւ մեզի` հայերուս համար:

Ճիշդ է, որ Մարդկային իրաւանց պաշտպաններ ու փաստաբաններ առանց վարանումի, քաջութեամբ եւ յամառօրէն ուզեցին ի յայտ բերել ոճիրի իսկութիւնն ու անոր ետին կանգնող խորունկ պետութեան ամբողջ համակարգը, սակայն անոնք չյաջողեցան, իսկ յետաքննութեան մութ ծալքերը մնացին թաքուն եւ չբացայայտուած:

Հրանդ Տինք իր ողջուց արդէն արտասովոր անձնաւորութեան մը հմայքը կը վայելէր, յատկապէս Պոլսոյ մէջ, ուր ան կրցաւ իր շուրջ հաւաքել հայ թէ տեղացի անձնաւորութիւններ, մտաւորականներ, տարբեր մասնագիտութիւններու տէր անձինք, որոնք, ըստ էութեան, կը բաժնէին այս մեծ մարդասէրին միտքերը, խոհերն ու կեցուածքները:

Իր կարգին, պոլսահայ հրապարակագիրը, խիզախ հասարակական գործիչն ու յանդուգն մտածող Հրանդ Տինք իր ամբողջ էութեամբ փարեցաւ իր համոզումներուն, աւելի՛ն. իր հրապարակային ելոյթներով, դասախօսութիւններով ուզեց իր ներդրումը բերել հայ-թուրք յարաբերութիւններու յստակացման եւ բարելաւման: Ան ջերմօրէն կը հաւատար, որ թուրք հասարակութիւնը տեղեակ չէ ճշմարտութենէն` պատմութեան ընթացքին կատարուած ողբերգութենէն, ուստի, ան պարտաւոր կը զգար լոյսին բերել եւ ամբողջ ժողովուրդի մը սեփականութիւնը դարձնել Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Հայազգի խմբագիրը, շնորհիւ իր արիութեան եւ կորովին, ամէն պատեհ առիթի գրեց ու բարձրաձայնեց հայ ժողովուրդի իրաւունքին` բռնագրաւուած եւ խլուած Արեւմտահայաստանի մասին: Անոր քաղաքական ու պատմական հայեացքները կը բխէին ճշմարտութիւնը ըսելու իր ազգային իրաւունքէն, հայու տեսակէն, ինչ որ հաշտ աչքով չդիտուեցաւ թուրք պետական շրջանակներու թէ ցեղապաշտ ազգայնականներու կողմէ:

Թրքութիւնը, այսինքն` խորունկ պետութիւնը, լաւ հասկցաւ եւ ըմբռնեց Հրանդ Տինքի անժամանցելի պատգամը եւ ուզեց լռութեան մատնել անոր հզօր ձայնը:

Փաստօրէն, խիզախ խմբագիրը, ապաւինած իր հայու ներքին ձայնին ու կամքին, ուղղակի մարտահրաւէրներ ուղղեց բոլորին. ան զգաստութեան հրաւիրեց թուրք մտքի մարդիկը` դէմ յանդիման գալու իրենց պատմութեան հետ եւ ըսելու ճշմարտութիւնը: Հրանդ Տինք նոյնիսկ չվարանեցաւ խօսելու, զրուցելու հասարակ ժողովուրդի տարբեր շերտերուն հետ եւ հրապարակային ելոյթներով արտայայտեց իր մտածումները:

«Ակօս»-ի խմբագրապետը քաջ գիտակից էր իր կատարածին. գիտէր իր գործին ու առաքելութեան ծանրութիւնը, լաւապէս գնահատած էր իրեն սպասող դժուարին պահերն ու սպառնալիքները, այդուհանդերձ, հաւատքի ու հաւատամքի տէր այս տիպի հայը որոշած էր պայքարը շարունակել մինչեւ վերջ:

Խոստովանիլ է պէտք, որ, ցաւ ի սիրտ, ցեղապաշտ թուրքին առընթեր, զինք հալածեցին նողկալի, շահամոլ ու կրաւորական նկարագրի տէր հայորդիներ, որոնք ուզեցին օր առաջ լռութեան մատնել արիասիրտ խմբագիրին ձայնն ու գրիչը, պարզապէս չխանգարելու իրենց հանգիստը: Անոնք Հրանդ Տինքի ուժեղ ձայնին մէջ տեսան, այսպէս ըսած, իրենց գոյութեան սպառնացող վտանգ: Անոնք, փոխանակ իրենց ամբողջական ուժերով թիկունք կանգնելու այս մեծ հայուն եւ ապահովելու անոր անվտանգութիւնը, գժտութեան եւ ուրացումի ճիչեր արձակեցին:

Ազնուական խմբագիրը, թէեւ կրցաւ միայնակ դիմակայել բազում սպառնալիքներ, սակայն իրեն համար շատ դժուար էր պատերազմիլ բազմաթիւ ճակատներու վրայ: Պարզ ըսած, ներքին (հայկական) ու արտաքին (թուրք պետական) ստեղծուած թունաւոր մթնոլորտի մէջ Հրանդ Տինք տակաւ պիտի յանձնուէր արդարացի վախերու եւ մտահոգութիւններու:

14 տարի առաջ, ճիշդ այս օրը, մեծ մարդասէրը հերոսաբար ինկաւ գետին: Ան զոհուեցաւ յանուն Հայ դատին ու հայոց պատմական իրաւունքներու ձեռքբերման: Այլապէս բարացուցական էր թաղման օրը բազմահազար սգակիրներու ներկայութիւնը, որով կը բացատրուէր Հրանդի ցանած սերմերուն տարողութիւնը:

Հրանդ Տինք իր նահատակութեամբ նուաճեց հասարակութեան սիրտն ու հոգին: Անոր երկխօսութեան, եղբայրասիրութեան եւ արդարութիւն պահանջող խօսքերուն արձագանգն ու բարի ժպիտը գլեցին անցան աշխարհագրական սահմանները ու հասան աշխարհի տարբեր անկիւններ:

Հայութիւնը պարտաւո՛ր է ընդմիշտ յիշել այս մեծ հայուն անունը, խոնարհիլ անոր վառ յիշատակին առջեւ եւ նորահաս սերունդներու սեփականութիւնը դարձնել անոր սրբազան պատգամը: Արիասիրտ Հրանդ Տինք կրցաւ փշրել ստրուկի շղթան եւ նոյնինքն թրքութեան որջին մէջ համարձակօրէն յայտնել իր համոզումներն ու քաղաքական կեցուածքները: Ան հպարտօրէն անդրադարձաւ իր ինքնութեան եւ թուրքէն պահանջեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը:

Հրանդ Տինք գերազանցեց ինքզինք ու մահուամբ նուաճեց յաւերժի ճամբորդի պատուաբեր գագաթը:








Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
Etiketler : hrantdink2021

Diğer Haberler

+