​Լեհերէնով Լոյս Տեսան Հայոց Ցեղասպանութեան Ընծայուած Երկու Նոր Հատորներ - Gündem
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Խաւարակ

Gündem :

17 Şubat 2021  

​Լեհերէնով Լոյս Տեսան Հայոց Ցեղասպանութեան Ընծայուած Երկու Նոր Հատորներ -

​Լեհերէնով Լոյս Տեսան Հայոց Ցեղասպանութեան Ընծայուած Երկու Նոր Հատորներ ​Լեհերէնով Լոյս Տեսան Հայոց Ցեղասպանութեան Ընծայուած Երկու Նոր Հատորներ

Հայոց ցեղասպանութեան մասին միջազգային աղբիւրները ընդհանրապէս եւ լեհական գրականութիւնը մասնաւորապէս հարստացան նոր երկու լեհերէն հատորներով: 2020 թուականի երկրորդ կիսուն լոյս տեսաւ «Բնաջնջել հայերը – ցեղասպանութեան պատմութիւն» խորագրով գիրքը, որ կը պարունակէ 233 միջակ չափի էջ, հրատարակուած` Մարեք Տերեվիէցքի հրատարակչութեան կողմէ, Լեհաստանի Պոզնան քաղաքի մէջ: Գիրքին հրատարակութիւնը կը վայելէ Լեհաստանի մշակոյթի եւ ազգային ժառանգութեան նախարարութեան նիւթական աջակցութիւնը, մշակոյթը խթանելու հիմնադրամին միջոցով: Լեհերէն սոյն գիրքը թարգմանութիւնն է «Détruire les arméniens. Histoire d’un génocide» ֆրանսերէն մայր օրինակին, որուն հեղինակն է ֆրանսահայ Միքայել Նշանեանը. գիրքը հրատարակուած էր Presses Universitaires de France – Humensis, 2015 թուականին: Հինգ գլուխներէ բաղկացած լեհերէն թարգմանութիւնը կատարած է լեհ Պիոտր Ռաք:

Իսկ 2020 թուականի դեկտեմբերին Լեհաստանի Քաթովիցէ քաղաքի Շլոնսք համալսարանը լեհերէնով լոյս ընծայեց սոյն համալսարանի գիտաշխատող, դասախօս Հրայր Մաղաքեանի «1915 թուի հայ-թրքական հակամարտութիւնը ըստ XXI դարու ֆրանսալեզու եւ ռուսալեզու (ելեկտրոնային) լրատուամիջոցներու – Ընտրուած հիմնախնդիրներ» վերնագրով գիրքը: Ստուարածաւալ այս հատորը կը բաղկանայ գլխաւոր հինգ գլուխներէ` միջակ չափի 508 էջերու վրայ տարածուած:

Այս մենագրութեան հիմնական նիւթն է 21-րդ դարու լրատուամիջոցներու հայ-թրքական յարաբերութիւններու երկխօսութեան ներկայացման գիտական ձեւը, որ հիմնուած է ֆրանսալեզու եւ ռուսալեզու զանգուածային լրատուամիջոցներու համացանցային հրատարակութիւններու վրայ` շեշտը դնելով հայ-թրքական հակամարտութեան լրատուամիջոցներու ճանաչողական վերլուծութեան եւ անոնց ազդեցութիւնը հակամարտութեան սրման կամ մեղմացման վրայ:

Աւելի ուշ կարելի է հանգամանօրէն անդրադառնալ նոր հրատարակուած սոյն հատորներուն:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+