Աւագ Շաբթուան Եւ Սուրբ Զատկի Արարողութեանց - Gündem
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Խաւարակ

Gündem :

26 Mart 2021  

Աւագ Շաբթուան Եւ Սուրբ Զատկի Արարողութեանց -

Աւագ Շաբթուան Եւ Սուրբ Զատկի Արարողութեանց Աւագ Շաբթուան Եւ Սուրբ Զատկի Արարողութեանց

Ն.Ա. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ գումարուած Պատկ. Կրօնական Ժողովը նկատի ունենալով տիրող համավարակի պայմանները, մօտալուտ Աւագ Շաբթուան առթիւ յետ խորհրդակցութեան որոշեց ստորեւի կարգադրութիւնները ի գործ դնել։

1. Նկատի ունենալով որ Աւագ Շաբաթը կարեւոր է որպէս սուրբ շրջան, ուր ամէն օր քայլ առ քայլ կը հետեւինք Քրիստոսի Սուրբ Տնօրինութեանց, հասնելու համար Սուրբ Յարութեան աւետիսին։ Ուստի մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները, իրենց պատասխանատուութեան յանձնուած եկեղեցիներուն մէջ իրենց անմիջական ծառայողներու ընկերակցութեամբ կը կատարեն արարողութիւններ, դռնփակ կերպով։

2. Դռնփակ կատարուած արարողութեանց աւարտին փափաքող հաւատացեալներ ազատ են մոմավառութեամբ իրենց ուխտի աղօթքները կատարել եկեղեցւոյ մէջ, միշտ յարգելով առողջապահական պայմանները, որոնք են
Ա. Թնչակապի գործածութիւն
Բ. Հականեխիչի գործածութիւն
Գ. Ընկերային հեռաւորութեան պահպանում

3. Նկատի ունենալով որ արարողութիւնները ու Սուրբ Պատարագի մատուցումները կը կատարուին դռնփակ կերպով, նաեւ գիտակցելով թէ Աւագ Շաբթուան եւ Ս. Զատկի առթիւ մեր ժողովուրդը կը փափաքի Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալ, սիրով կը յորդորենք, որ Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալ փափաքողներ ժամանակացոյցի մէջ նշուած արարողութեանց ժամերէն յետոյ դիմեն եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն։

4. Ըստ կայացած որոշման կը կիրարկուի ստորեւ դրուած ժամանակացոյցը.

-27 Մարտ, Շաբաթ, Յիշատակ Ղազարու Յարութեան
Ժամը՝ 10.00-11.00, ժամերգութիւն, կը բացուին եկեղեցիներու վարագոյրները։

-28 Մարտ. Կիրակի, Ծաղկազարդ,
Ժամը 10.00, Սուրբ Պատարագ եւ աւարտին դռնբացէք, դռնփակ կերպով։

-29 Մարտ, Աւագ Երկուշաբթի,
Ժամը՝ 10.00-11.00, ժամերգութիւն։

-30 Մարտ, Աւագ Երեքշաբթի, Տասը Կուսանաց
Ժամը՝ 10.00-11.00, ժամերգութիւն։
Ժամը՝ 16.00-17.00, ժամերգութիւն, դռնփակ կերպով։

-31 Մարտ, Աւագ Չորեքշաբթի
Ժամը՝ 10.00-11.00, ժամերգութիւն, դռնփակ կերպով։

-1 Ապրիլ, Աւագ Հինգշաբթի,
Ժամը՝ 08.30, Ընթրեաց Ս. Պատարագ, դռնփակ կերպով։
Ոտնլուայ՝ միայն Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մասնակցութեամբ Հոգեւորականաց դասուն, դռնփակ կերպով։
Ժամը՝ 19.30 Աւագ Ուրբաթի գիշերային ժամերգութիւն, դռնփակ կերպով։

-2 Ապրիլ, Աւագ Ուրբաթ,
Ժամը՝ 10.00-11.00, Կարգ Խաչելութեան, դռնփակ կերպով։
Ժամը 15.00-16.00, Կարգ թաղման, դռնփակ կերպով։

-3 Ապրիլ, Աւագ Շաբաթ
Ժամը՝ 10.00-11.00, ժամերգութիւն,
Ժամը՝ 15.00-ին եկեղեցւոյ դռները կը փակուին,
Ժամը՝ 16.30, Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ, դռնփակ։

-4 Ապրիլ. Կիրակի, Ս. Զատիկ
Ժամը 10.00, Սուրբ Պատարագ, դռնփակ կերպով։

-5 Ապրիլ, Երկուշաբթի, Յիշատակ մեռելոց
Ժամը 9.00-10.30, Սուրբ Պատարագ, դռնփակ կերպով։

5. Վստահ ենք, թէ հաւատացեալ ժողովուրդի առողջութիւնը նկատի ունենալով կատարուած այս կարգադրութիւնները կը դիմաւորուին հասկացողութեամբ։ Ջերմ հաւատացողներէն ենք, որ այս համավարակի ժխտական հոսանքը պիտի դադրի եւ մենք դարձեալ առիթը պիտի ունենանք քահանայք եւ ժողովուրդի աղօթակցութեամբ առաջի Սրբոյ Սեղանոյ վայելել Անմահ Գառինն Աստուծոյ յայտնութիւնը եւ հաղորդուիլ Իր պատուական Արեամբ եւ Մարմնով։

Ի Տեառնէ կը մաղթենք, որ Աւագ Շաբթուան ընթացքին մեր աղօթքները լսելի դառնան, մանաւանդ մեր ընտանեկան յարկերուն տակ ապրինք առտնին աղօթելու վայելքը, պսակուած՝ Սուրբ Գիրքի ընթերցմամբ։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ





Bu haber turkiyeermenileripatrikligi kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (turkiyeermenileripatrikligi) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(turkiyeermenileripatrikligi). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+