Ռայի Պատրիարք. «Այս Ժամանակաշրջանը Քաղաքական Պայքարի Համար Չէ, Այլ` Երկիրը Փրկելու Նպատակով Տարուող - Հայերէն
19 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Անահիտ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

12 Nisan 2021  

Ռայի Պատրիարք. «Այս Ժամանակաշրջանը Քաղաքական Պայքարի Համար Չէ, Այլ` Երկիրը Փրկելու Նպատակով Տարուող -

Ռայի Պատրիարք. «Այս Ժամանակաշրջանը Քաղաքական Պայքարի Համար Չէ, Այլ` Երկիրը Փրկելու Նպատակով Տարուող Ռայի Պատրիարք. «Այս Ժամանակաշրջանը Քաղաքական Պայքարի Համար Չէ, Այլ` Երկիրը Փրկելու Նպատակով Տարուող Միացեալ Աշխատանք

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ կոչ ուղղեց բոլորին դուրս գալու իրենց կասկածամտութենէն եւ ընդունելու ճշմարտութիւնը:

«Կասկածներու պատճառով այս կամ այն անհատին կամ հաստատութեան դէմ կատարուած ամբաստանութիւնները ամօթալի են եւ պատճառ կը դառնան, որ իր հաստատութիւններուն եւ պետութեան դէմ ժողովուրդին վստահութիւնը լրիւ վերանայ», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ քիչեր են, որոնք քաղաքացիներուն մասին կը մտածեն: «Այս ժամանակաշրջանը քաղաքական պայքարի համար չէ, այլ` երկիրը փրկելու նպատակով տարուող միացեալ աշխատանքի», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:

Ան ընդգծեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել զօրակցելու կառավարութեան, ամրապնդելու անոր կարողութիւնը եւ անկէ հեռացնելու օտար հոգատարութեան որեւէ հաւանականութիւն, որ կրնայ պարտադրուիլ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու լոյսին տակ: «Ընթացիկ հարցերու կառավարութենէն կը պահանջուի գողցուած դրամը վերադարձնել Լիբանան եւ արագացնել բարեկարգումի ծրագիրները` ապահովելու համար լիբանանցիներուն կողմէ ճակտի քրտինքով հաւաքուած գումարներն ու երկրին գերագոյն շահերը», յայտնեց Ռայի պատրիարքը:

Ռայի պատրիարքը զգուշացուց ժողովուրդը քաղաքական դասին եւ դրամատուներուն պայքարին միջեւ զոհի վերածելէ:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց քաղաքական պատասխանատուներուն կազմելու կառավարութիւնը եւ ամօթ զգալու արաբական եւ միջազգային ընտանիքներէն:

Ան շեշտեց նաեւ, որ իրաւական հաշուեքննութեան լրջութիւնը անոր ամբողջական ըլլալուն մէջ է եւ ոչ թէ ընտրովի ու դիտումնաւոր:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+