​Հալէպէն Երեւան – Ողջո՛յն - Gündem
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Զօրացեալ

Gündem :

23 Haziran 2021  

​Հալէպէն Երեւան – Ողջո՛յն -

​Հալէպէն Երեւան – Ողջո՛յն ​Հալէպէն Երեւան – Ողջո՛յն

Հալէպի հայերն ալ թեթեւցած շունչ մը քաշեցին, չէ՞ որ Հայաստանի Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները ետեւ մնացին:

Մեր քով ալ վերջերս ընտրութիւններ տեղի ունեցան՝ նախագահական ընտրութիւններ, բայց մթնոլորտը չշիկացաւ, յուզում չապրեցանք, որովհետեւ նախապէս գիտէինք արդիւնքները:

Հայաստանի ընտրութիւններուն հետեւեցանք բոլոր հալէպահայերս, մէկ մասս շատ մօտիկէն՝ Հայաստանցիի մը պէս: Հոս ալ վէճեր ծագեցան, հոս ալ զիրար այպանեցինք: Հոս ալ «դաւաճան», «գողապետ», «սեւ-սպիտակ», «հին-նոր» յորջորջեցինք. հեռուէն հետեւեցանք, աւելի ճիշդ մասնակցեցանք հանրահաւաքներուն, հաշուեցինք այս կամ այն հանրահաւաքին մասնակցողներուն թիւը. հալէպահայերէն ալ ոմանց ուրախացուցին, ոմանց տխրեցուցին ընտրութեան արդիւնքներուն վիճակագրական կանխատեսումները:

Եւ հաւատացէ՛ք, Հալէպի եթէ նախկին օրերը ըլլային, նիւթական հնարաւորութիւն ունենայինք, մեզմէ շատեր Երեւան կ’երթային ընտրութիւններուն մասնակցելու, նոյնիսկ նախընտրական քարոզարշաւին մաս կազմելու, ինչպէս որ եղաւ Երրորդ Հանրապետութեան նախագահական առաջին ընտրութիւններուն երբ մեծ թիւով հալէպահայեր Երեւան գացին, իրենց հետ տանելով բարձրախօսներ, որոնց կարիքը կը զգացուէր հաւանաբար Հայաստանի մռայլ այդ օրերուն:

Ամիսներ շարունակ հայհոյանքի մթնոլորտ ստեղծած, ատելութեամբ հագեցած, երկիրը անդամալուծած նախընտրական եւ ընտրական ժամանակները ետեւ մնացին:

Մնացին երկրին եւ ժողովուրդին խնդիրները՝ կորսուած հողերը, անդիմանալի ցաւ պատճառած զոհերուն սուգը, անյայտ կորածները, գերիները, Հայաստանի սահմաններուն խախտումը, պատերազմի եւ անգործութեան վտանգը, վարկերը, երկրին պարտքերը, սղութիւնը, մոռցուած Գորոնան, տակաւին հեռու գտնուելու պատճառաւ մեզի անյայտ ինչպիսի՜ ընկերային եւ այլեւայլ հարցեր…

Բոլորը ժառանգ մնացին ընտրուած իշխանութեան, ընտրուած ընդդիմադիրներուն եւ չընտրուած քաղաքական միւս ուժերուն, ամբողջ ժողովուրդին:

Ինչպէ՞ս պիտի լուծուին ամբարուած, բարդացած, խճճուած այս բոլոր հարցերը:

Իշխանութիւնները պիտի կարենա՞ն առանձինն լուծել բոլորիս բաժին ինկած այս խնդիրները, թէ՞ պիտի կքին անոնց ծանրութեան տակ:

Ընդդիմադիրները Պիտի խոչընդոտեն յաղթողներուն քայլերը, թէ՞…

Ի՞նչ պիտի ընեն Ազգային Ժողովէն դուրս մնացած քաղաքական ուժերը:

Վարչապետը, ընդդիմութեան առաջարկեց իրար հասկնալ, վարչապետը հաշտութիւն առաջարկեց նաեւ հայոց եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն, որոնք իրենց կարգին հաշտ տրամադրութեամբ դիմաւորեցին կատարուած առաջարկը: Յաղթող կողմը խոստացաւ գործակցիլ հետը աշխատիլ ուզող բոլորին հետ:

Ընդդիմադիրներու ղեկավարը յայտնեց, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարը:

Առանց Հայաստանի քաղաքականութեան խառնուելու, մենք Հալէպի պարզ եւ հասարակ հայերս կը մտածենք, որ պայքար շարունակելը պէտք է տեղափոխուի Ազգային Ժողովէն ներս, փողոցներէն պէտք է դադրին երկիրը անդամալուծող քաղաքական ամենօրեայ հաւաքները:

Յաղթողին կողմէ բոլորին հետ գործակցելու խոստումը նախ եւ առաջ այլոց ըսածները լսել եւ անոնց ծանօթանալը պէտք է ըլլայ, անոնց մասին մտածելը եւ եթէ տրամաբանական են, ինչո՞ւ այդ ուղղութեամբ գործի չլծուիլ, մանաւանդ երբ ըսողներուն մէջ կան նաԽկին բարձրաստիճան փորձառու պաշտօնեաներ՝ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով, որոնք ոչ մէկ անձնական շահ ունէին ընտրութիւններէն հետ առընչուող՝ ո՛չ առաջ, ոչ ալ ունին անոնցմէ ետք: Բոլորս ալ պէտք է գիտնանք, որ ամէն տեղ քիչ չեն երկրին շահով մտահոգուող եւ երկրին լաւապէս ծառայելու ատակ մարդիկ, իսկ իշխանաւորները սխալ գործած պիտի ըլլան նմանները անտեսելով:

Մենք Հալէպի մէջ գտնուող, ընտրելու իրաւունք չունեցող մարդիկս իրաւունք չունի՞նք մեր երկրին մասին մտահոգուելու, մտածելու…

Իրաւունք չունի՞նք ենթադրելու, թէ Յաղթութիւնը եկաւ նաեւ փոքրերու հաշուին, մեծ թիւով ծանօթներ ունիմ, որոնք միայն ընտրութեան օրը որոշեցին իրենց նախընտրած թեկնածուն լքել եւ Քաղաքացիական պայմանագրին տալ իրենց քուէները, վախնալով, որ հակառակ պարագային հիները կրնան յաղթել:

Աղաղակող իրականութիւնը այն է, որ Հալէպի մէջ, վստահ եմ նաեւ Սփիւռքի ամէն մէկ անկիւն, առաւել եւս Հայաստանի մէջ, հասարակ, պարզ, սովորական հայ մարդիկ՝ բանուոր, ուսուցիչ, գրող, երաժիշտ եւ այլք, մէկ փափաք ունին յետ ընտրական շրջանին համար, այն է իշխանութիւններու կողմէ գործնական քայլերու առնուիլը տեսնել, քայլեր, որոնք քիչ-քիչ վերադարձնեն Հայաստանի ապահով կեանքը, ապահովութիւնը՝ հզօր բանակը, բարգաւաճութիւնը՝ հզօր տնտեսութիւնը, ընկերային կեանքը՝ հանդուրժողականութիւնը: Բոլորս կ’երազենք խաղաղութեան վերադարձը: Այս է մեր բոլորիս ակնկալիքը՝ Հայաստանէն ներս, թէ՝ դուրս:

Ասիկա կրնայ իրականանալ իրաւ համագործակցութեամբ, նաեւ Սփիւռքի ուժերուն հետ. Ճիշդ է, վարչապետը յետընտրական առաջին հաւաքին, ժողովուրդին ուղղած իր խօսքին մէջ չյիշեց սփիւռքն ու սփիւռքահայը, սիրոյ եւ հպարտութեան բառեր չյղեց մեզի, չխոնարհեցաւ մեր առջեւ, բայց կ’ակնկալենք, որ ան կառավարական շրջանակներու մէջ, զանազան մակարդակներու վրայ ներառնէ իրեն հետ գործակցիլ ուզող խելացի իմաստուն սփիւռքահայեր, ո՛չ թէ անոր համար, որ այդպիսիներուն թիւը սակաւ է մեր հայրենիքին մէջ, այլ որպէսզի մենք եւս պարտաւորուինք եւ իրաւունք ունենանք աւելի լաւ ծառայելու Հայաստանին, որ մեր ալ անառարկելի հայրենիքն է:

Իշխանաւորները պէտք է գիտնան, որ իրենց սխալները պարզ մարդոց սխալներուն չեն նմանիր, կրնան երկիրն ու ժողովուրդը ողբերգութիւններու առաջնորդել: Մենք՝ պարզ մարդիկս կ’ուզենք յուսալ, որ իշխանութեան տէր մնացող ուժերը շատ բան սորված ըլլալու են իրենց նախկին շրջանի սխալներէն:

Յարգելի, սիրելի իշխանաւորներ եւ ընդդիմադիրներ, պետական գործադիր եւ օրէնսդիր այրեր,

Ականջ դրէ՛ք ձեր ժողովուրդին, որոնց շարքին նաեւ Հալէպի մէջ գտնուողներուն, որոնք Արցախեան վերջին պատերազմէն ի վեր մոռցան իրենց ամենօրեայ տառապանքը, մոռցան իրենցմէ հեռացած հարազատներուն կարօտը, մոռցան իրենց զաւակներուն զրկանքները, մոռցան իրենց տխուր առօրեան եւ ցաւեցան հայրենիքի տառապանքով, մեռան-ապրեցան Հայաստանցիին եւ Արցախցիին հետ, իրենք ալ կռուեցան եւ Արցախին զոհեցին իրենց ընտրեալ զաւակներերէն:

Հաւատաք կամ ո՛չ, ինչպէս որ Հայաստանի մէջ այսօր զինուոր դարձած 18 տարեկան երիտասարդին հպարտ հօր, այնպէս ալ մեզի համար «Հայաստանը վեր է ամէն ինչէն»…

Հայաստանցիներ, Հալէպէն բարի ողջոյն ձեզի:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 22 Յունիս 2021








Bu haber civilnet kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (civilnet) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(civilnet). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+