​Տարիներու բացակայութենէ ետք առաջին տպաւորութիւններս Գառնիէն - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

16 Temmuz 2021  

​Տարիներու բացակայութենէ ետք առաջին տպաւորութիւններս Գառնիէն -

​Տարիներու բացակայութենէ ետք առաջին տպաւորութիւններս Գառնիէն ​Տարիներու բացակայութենէ ետք առաջին տպաւորութիւններս Գառնիէն

Զուարթնոց օդակայանին մէջ վիզայի տուչութեան թղթաբանական գործողութիւնները շատ հեշտ անցան։ Պաշտօնեաները կիրթ եւ քաղաքավար էին եւ առանց աւելորղ քաշքշուկներու կատարեցին իրենց պարտականութիւնները։

Տարիներու բացակայութենէ ետք, կարօտով, երազներով, յոյսերով եւ ակնկալութիւններով համակուած՝ օդակայանէն ուղղակի ճամբայ ելանք դէպի Գառնի։ Արդէն ժամը մէկն էր երբ հասանք Հայաստանի հինաւուրց այս գիւղը, որ իր հեթանոսական տաճարով զբօսաշրջիկային կեդրոն ըլլալէ անկախ, մեր նախնիներու ոգեղէն աւանդը պահելու եւ պահպանելու առաքելութիւնը կը տանի դարերէ ի վեր։

Մինչեւ Գառնի, ամբողջ ճամբու ընթացքին, կը հետեւէի քաղաքին մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն։ Երեւանը դարձած էր աւելի կոկիկ, մաքուր, նոր ու նորոգուած քաղաք։

Բնականաբար, մինչեւ Երեւանէն դուրս գալը գարունը այդքան ալ զգալի չէր։ Երբ հասանք Գառնիի ճամբուն վրայ ինկած գիւղերը՝ Ողջաբերդ, Գեղադիր, Հացաւան, արդէն գարնան շունչը զգալիօրէն ինքզինք կը պարտադրէր։

Կեսօրէ ետք քալելով փոքրիկ պտոյտ մը կատարեցի գիւղին մէջ եւ տարիներու ընթացքին կատարուած փոփոխութիւնները ակնյայտ դարձան։

Գառնին փոխուած եւ շէնցած տեսայ։

Առաջին հերթին բազմաթիւ տուներ նորոգուած կամ վերանորոգուած են։ Այս երեւոյթը յատուկ չէ մէկ կամ երկու փողոցի։ Յաջորդող օրերուն աւելի երկար ու հետազօտող պտոյտներ կատարելով նկատեցի թէ գիւղին շինարարութիւնն ու զարգացումը համաչափ կ’ընթանան։ Ի հարկէ սա ուրախալի եւ դրական երեւոյթ է։ Տուներու նորոգութիւնները կատարուած են ըստ իւրաքանչիւր բնակիչի պիւտճէական կարողութեան։ Կան շատ գեղեցիկ եւ արդիականացուած տուներ, որոնք զգալիօրէն այլ տեսք ու հմայք կու տան գիւղին։ Կան պարզապէս նորոգուած տուներ, որոնց մեծ մասը պահած է գիւղական տուներու ճարտարապետական ոճը։ Ճիշդ է գիւղին մէջ տակաւին գոյութիւն ունին տուներ, որոնք կը մնան հինաւուրց, սակայն համոզուած եմ, որ ժամանակի ընթացքին անոնք եւս հարեւաններուն նման պիտի ստանան նոր եւ աւելի գեղեցիկ տեսք։ Գառնին այն բախտաւոր գիւղերէն է, որոնք մօտ են Երեւանին (շուրջ 25 ՔՄ․), եւ այս ոչ շատ երկար հեռաւորութիւնը միշտ ալ հնարաւորութիւն տուած է գիւղի բնակչութեան իր բերքը արագ հասցնել Երեւան եւ որոշ դիւրութեամբ վաճառել։ Այս է պատճառը, որ Գառնին եւ իր յարակից գիւղերը աւելի բարեկեցիկ են։ Ուշադրութիւնս գրաւեց նաեւ որ կարգ մը տուներու տանիքներուն տեղադրուած են արեւային ջեռուցման սարքեր։

Գիւղին մէջ գտնուող Ք․Ե․ առաջին դարուն կառուցուած հեթանոսական տաճարին պատճառով Հայաստան այցելող հայ թէ օտար ամէն զբօսաշրջիկ անպայման կ’այցելէ Գառնի: Նախապէս տաճարի մուտքին կարելի էր տեսնել փոքր սեղանիկներ, որոնց վրայ դրուած ամէն տեսակի գիւղմթերք կը վաճառուէր։ Ներկայիս այդ սեղանիկները վերացած են եւ արդէն անոնց փոխարինած են խանութներ։

Տաճարի մուտքը ամբողջութեամբ կերպարանափոխուած տեսայ։ Այնտեղ շինուած են շատ գեղեցիկ եւ արդիական ճաշարաններ, որոնք իրենց կառուցուածքային ոճով կը բաւարարեն տարբեր ճաշակի եւ նախասիրութիւններու տէր յաճախորդներու։

Գառնիի ձորին մէջէն կը հոսի Ազատ գետը։ Բնութեան այս բարիքը եւս կը նպաստէ Գառնիի զբօսաշրջիկութեան զարգացման։ Բազմաթիւ ճաշարաններ արդէն կը գործեն ձորի բերանը եւ ձորին մէջ։ Բազմաթիւ տեսարժան վայրերով հարուստ ու բացօդեայ ՓԻՔՆԻՔներու յարմարութիւններով օժտուած Ազատ գետի ափը գրաւիչ է բոլորին։

Գառնին մեծ գիւղ է։ Հաւանաբար Հայաստանի ամէնամեծ գիւղը։ Ունի շուրջ տասը հազար բնակիչ։ Բազմաթիւ խանութներու մէջ գրեթէ ամէն ինչի կարելի է գտնել։ Անհամեմատ շատ են մթերքի խանութները, որոնց մեծամասնութիւնը բաւական խոշոր ՄԱՐՔԷԹներ են։ Ակամայ կը ստիպուիս մտածել, որ այս ժողովուրդը որքան մթերք կը սպառէ։ Տարբեր բնոյթի խանութներու առատութիւնը բնականաբար առեւտրական աշխուժութիւն եւ դրամական գործառնութիւն կ’ենթադրէ։ Այս է պատճառը, հաւանաբար, որ ժամանակէ մը ի վեր հայկական դրամատուն մը մասնաճիւղ բացած է գիւղին մէջ։

Գիւղին մէջ կը գործէ երկու դպրոց՝ մէկը միջնակարգ, իսկ երկրորդը մինչեւ 12րդ դասարան։ Գիւղը ունի նաեւ երաժշտական դպրոց։

Գիւղացիներուն հպարտանքներէն է գիտնական Գրիգոր Գիւրզատեանը։ Ան Գառնեցի չէ բայց ամբողջ կեանքը ապրած է Գառնի։ Գիւղացիք հետաքրքրական երբեմն ալ զաւեշտալի դրուագներ կը պատմեն հայ մեծ գիտնականի կեանքէն։

Սակայն ամէնէն ուրախալի եւ դրական փոփոխութիւնը, որ ուշադրութիւնս գրաւեց առաջին օրն իսկ, անմշակ հողերու օգտագործումն է։ Նախապէս թէ՛ գիւղին մէջ եւ թէ գիւղի շրջակայքը կային բազմաթիւ հողային մեծ տարածութիւններ, որոնք լքուած ու անջրդի էին։ Այսօր պատկերը այլ է։ Գիւղացիք սկսած են լքեալ այդ տարածքները կանաչապատել։ Իսկ իրենց բնակարաններու բակերը (կամ հայեաթները՝ ինչպէս գիւղացիք սովոր են ըսել), կամ ծառերով յագեցած են եւ կամ տարբեր տեսակի բոյսերով կամ ծաղիկներով զարդարուած։

Այս բոլորը ցուցանիշ են այն փաստին, որ գիւղացիները ի վերջոյ հասկցած են հողին արժէքը, սկսած են անոր բարիքներէն աւելի շատ օգտուիլ։

Գառնիէն Արտաշատ մեկնող ճանապարհին կը հանդիպիք նշենիներու հսկայ այգիի մը, որ վերջին տարիներուն իրագործուած է Հայաստանէն արտագաղթած ռուսահայու մը ներդրումներուն շնորհիւ։ Այս այգին տասնեակներով աշխատատեղի է շրջանի բնակչութեան համար, բան մը որ քաջալերելի եւ օրինակելի նախաձեռնութիւն է։

Գառնիի ժողովուրդի կենցաղը ահագին փոխուած է։ Կենսամակարդակը զգալիօրէն բարելաւուած է։ Նոյնիսկ անոնց հագուստն ու կապուստը բարեփոխուած են ու դարձած՝ աւելի «արդիական» կամ «ժամանակակից»։

Գիւղացիք կը խոստովանին թէ ամէն ինչ սկսած էր լաւ ընթանալ, բայց քորոնա ժահրը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած է։ Այսուհանդերձ վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ ռուս զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք մը կայ, որմէ անմասն չէ նաեւ Գառնին։

Գառնիի փողոցներով քալելու ժամանակ կը հանդիպիք տարբեր տարիքի երեխաներու, որոնք հակառակ հեռատեսիլի, համացանցի կամ հեռախօսի առկայութեան, կը շարունակեն խաղալ թաղային խմբային իրենց խաղերը։ Կը պատահի որ երբեմն կանգ առնեմ եւ կարօտով ու հաճոյքով դիտեմ այդ երեխաներու խաղերը, որոնք զիս կը տանին դէպի մանկութիւն, եւ որոնք արդէն գրեթէ վերացած են քաղաքաբնակ երեխաներու առօրեայէն։ Դժբախտաբար։

Գառնեցի երիտասադները իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Արցախեան վերջին պատերազմին եւ ունին նահատակներ։ Աւելի քան վեց ամիս անցած է, բայց գիւղացիք ծանր վիշտով, յուզումով եւ կսկիծով կը խօսին իրենց համագիւղացի նահատակ-հերոսներուն մասին։

Գիւղէն դուրս գալէ առաջ, հրապարակին վրայ կը տեսնէք մեծ ցուցանակ մը։ Այդ ցուցանակին վրայ պատերազմին մասնակցած ու նահատակուած եւ միայն ապրիլ ամսուն դիակը յայտնաբերուած եւ գիւղին մէջ հանգչող հրամանատար Արթուր Յակոբեանի նկարն է, որուն կողքին մեծատառ գրուած է․

ԴՈՒ ՅԱՂԹԵԼ ԵՍ։

Գէորգ Թորոյեան





Bu haber civilnet kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (civilnet) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(civilnet). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+