​Նախագահ Սարգսեան ԵՈՒՆԻՍԵՖի ներկայացուցիչին ներկայացուց սահմանամերձ շրջաններու մանուկներուն դիմագրաւ - Gündem
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Լուսակն

Gündem :

19 Aralık 2021  

​Նախագահ Սարգսեան ԵՈՒՆԻՍԵՖի ներկայացուցիչին ներկայացուց սահմանամերձ շրջաններու մանուկներուն դիմագրաւ -

​Նախագահ Սարգսեան ԵՈՒՆԻՍԵՖի ներկայացուցիչին ներկայացուց սահմանամերձ շրջաններու մանուկներուն դիմագրաւ ​Նախագահ Սարգսեան ԵՈՒՆԻՍԵՖի ներկայացուցիչին ներկայացուց սահմանամերձ շրջաններու մանուկներուն դիմագրաւած հարցերը

Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին մանուկներու առողջութեան, առողջ ապրելակերպին, կրթութեան եւ ընկերային պաշտպանութեան վերաբերող ծրագիրները, ընդգծեցին բոլոր մանուկներուն համար հաւասար հնարաւորութիւններու ապահովման կարեւորութիւնը:ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 17 Դեկտեմբերին ընդունեց Հայաստանի մօտ ԵՈՒՆԻՍԵՖի նորանշանակ ներկայացուցիչ Քրիսթին Վայկանտը, որ նախագահ Սարգսեանին ներկայացուց ԵՈՒՆԻՍԵՖի հայաստանեան գրասենեակին իրականացուցած եւ կատարելիք ծրագիրները՝ նշելով, որ գրասենեակը պիտի շարունակէ համագործակցութիւնը պետական կառոյցներու ու շահագրգիռ կողմերուն հետ, որպէսզի Հայաստանի մէջ մանուկները աւելի լայնօրէն օգտուին ապրելու, զարգանալու, կրթութիւն ստանալու եւ պաշտպանուած ըլլալու իրենց իրաւունքներէն:

Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին մանուկներու առողջութեան, առողջ ապրելակերպին, կրթութեան եւ ընկերային պաշտպանութեան վերաբերող ծրագիրները, ընդգծեցին բոլոր մանուկներուն համար հաւասար հնարաւորութիւններու ապահովման կարեւորութիւնը:

Նախագահ Սարգսեան յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ սահմանամերձ շրջաններու մանուկներու հարցերը` առաջարկելով աւելի մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերել անոնց նկատմամբ:






Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+