​Հայ Կաթողիկէ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարք Այնճար Այցելեց. «Օրհնեալ Ըլլայ Ան, Որ Կու Գայ Տի - Gündem
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Խաւարակ

Gündem :

18 Ocak 2022  

​Հայ Կաթողիկէ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարք Այնճար Այցելեց. «Օրհնեալ Ըլլայ Ան, Որ Կու Գայ Տի -

​Հայ Կաթողիկէ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարք Այնճար Այցելեց. «Օրհնեալ Ըլլայ Ան, Որ Կու Գայ Տի ​Հայ Կաթողիկէ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարք Այնճար Այցելեց. «Օրհնեալ Ըլլայ Ան, Որ Կու Գայ Տիրոջ Անունով»

Աստուածաշնչական այս բերկրալից ձայներգութեամբ, Այնճարի Ս. Վարդարանի Տիրամայր հայ կաթողիկէ համայնքին ժողովրդապետը կիրակի, 19 դեկտեմբերին ողջունեց հայ կաթողիկէ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին առաջին հովուապետական այցելութիւնը Այնճար:

Արդարեւ, Այնճարի եւ մուսալեռցի այնճարցիներուն համար յիշեալ կիրակին հանդիսացաւ պատմական օր մը, որ սկիզբ առաւ Թաանայէլի մայրուղիէն, ուր Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանն ու ժողովրդապետ Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան դիմաւորեցին պատրիարքն ու անոր ընկերակցող հոգեւորականները, ապա ուղղուեցան Այնճար:

Հրապարակը տեղի ունեցաւ հանդիսական եւ ժողովրդական դիմաւորութիւնը` ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ կղերականներուն, Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի` Պեքաայի հոգեւոր տեսուչին, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամներուն, քաղաքապետին ու քաղաքապետական խորհուրդին, կաթողիկէ համայնքի պատասխանատուներուն եւ համագիւղացիներուն: Ապա «Արարատ» փողոցով հետիոտն թափօր դէպի եկեղեցի` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ: Դարպասին առջեւ ու զանգակներուն ղօղանջով հայ առաքելական ու հայ աւետարանական համայնքներէն տարազակիր երկու աղջնակներուն մատուցած աղուհացին օրհնութիւնը կատարեց հայրապետը, որ եկեղեցի մուտք գործեց հայ կաթողիկէ «Հէպոյեան» երգչախումբին հնչեցուցած «Հրաշափառ»-ով:

Ճիշդ ժամը 10:30-ին սկսաւ հայրապետական ս. պատարագը: Ներկայ էին` Վարուժան արք. Հերկելեան, Գէորգ եպս. Ասատուրեան` հայ կաթողիկէ համայնքի Լիբանանի թեմին օգնական եպիսկոպոս, Այնճարի աւագանին եւ հաւատացեալներ: Առընթերակաները եւ սարկաւագներն էին` Յովսէփ ծ. վրդ. Թոփալեան, Նարեկ վրդ. Մնոյեան, Ալիշան քհնյ. Աբարդեան եւ Արամ սրկ. Սատօ:

Պատարագիչ հայրապետին քարոզէն առաջ, բարի գալուստի իր խօսքին մէջ ժողովրդապետը արտայայտեց հայաւանին ու համայնքին պատասխանատուներուն եւ զաւակներուն անսահման ուրախութիւնն ու շնորհակալութիւնը` բացագանչելով. «Օրհնեալ ըլլայ Ա՛ն, որ կու գայ Տիրոջ անունով» (Մտթ. 21,9): Մաղթեց, որ հոգեւոր տիրոջ օրհնաբեր գալուստով, աստուածահաճոյ աղօթքով ու հայրական օրհնութեամբ ներքին եւ արտաքին զարթօնք մը ապրի Այնճարը:

Իր քարոզին մէջ կաթողիկոս-պատրիարքը շեշտեց Քրիստոսի ներկայութիւնը Իրեն հաւատացողներուն կեանքին մէջ, ինչպէս ալ անոնց ամէնօրեայ ապրումը` բարի ու քաջ Հովիւին հետ, որ` «Կը ճանչնայ իր ոչխարները, կը կանչէ զանոնք` իւրաքանչիւրը ի՛ր անունով եւ կ՛առաջնորդէ դուրս» իրենց կեանքին մէջ (Յվհ. 10,3):

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ.-ին համար այս այցելութիւնը յարմար առիթ էր ճանաչումին «բարի Հովիւին եւ անոր ձայնին հետեւող ոչխարներուն» միջեւ: «Բարի Հովիւը» միաժամանակ առաջնորդն է իրեն յանձնուած հոգիներուն, ժողովուրդի զաւակներուն: «Առաջնորդութիւնը կը նշանակէ ստանձնումը պատասխանատուութեան: Առաջնորդութի՛ւնը, որուն մէջ կայ սէր, խնամք, գուրգուրանք: Կայ նաեւ խոնարհութիւն, պարզութիւն, զիջում` շատ անգամ, համբերութիւն` միշտ: Բայց ամէնէն կարեւորն է անձնական նուիրումը, զոհողութիւնը: Սա է գերագոյն սէրը, որուն օրինակն է Քրիստոս: Ան իր կեանքը զոհեց մեզի համար, որպէսզի մեզի տայ յաւիտենական երջանկութիւնը»:

«Աւելորդ են պատիւ, մեծութիւն եւ ամէն ինչ, եթէ չպահենք մտերմութիւնը Քրիստոսի հետ: Հետեւաբար դուք եւ ես` մենք ապրի՛նք միասին Քրիստոսի հետ»:

«Ծնած աղքատութեան ու խեղճութեան մէջ, որ պատկերն է ապրած մերօրեայ թշուառութեան` Լիբանանի մէջ, Քրիստոս տուաւ յոյսը, տուաւ ուրախութիւնը»:

«Կայ ուրիշ իրողութիւն մը` դեռ աւելի կարեւոր եւ գեղեցիկ: Քրիստոս մէկ անգամէն չիջաւ Իր փառքէն` մարդանալով առանց Մարիամ Կոյսին: Այլ ուզեց Իրեն համար կազմել ընտանիք մը, որդեգրող հայր եւ հարազատ մայր մը, զոր կը դաւանինք ու կը փառաւորենք իբրեւ Աստուածամայր: Հետեւաբար այս իրողութեան մէջ կը տեսնէք ձեր իւրաքանչիւրին ընտանիքը, թէ որքա՛ն սուրբ է, ինչպիսի՛ օրհնութեամբ օժտուած է: Որովհետեւ Քրիստոս անգամ` որպէս Ստեղծիչ, Աստուած եւ Փրկիչ, ուզեց ծնիլ ընտանիքի մէջ: Այս իմաստով, ձեզի կը մաղթեմ, որ ունենաք երջանիկ, ուրախ օրեր, որպէսզի ունենաք ժպիտը, խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ ունենաք սրտի անդորրութիւնը, որովհետեւ դուք Քրիստոսի էք եւ Ս. Հոգին ձեր մէջ է, մեր մէջ է»:

«Այս հոգեւոր զգացումներն ու մտածումները եթէ ապրիք, հաւատացէ՛ք, որ շատ երջանիկ ձեր օրերը կ՛անցընէք եւ ձեր կեանքը կ՛օժտէք աստուածային ուրախութեամբ: Բոլորիս դէմքին վրայ երբ կ՛արտացոլայ այդ ուրախութիւնը, գիտենք, թէ Որուն հետ եւ Որուն համար կ՛ապրինք` Քրիստոսի հետ եւ Քրիստոսի համար:

«Այսպէս, հետեւաբար անկարելի է, որ ունենանք դժգոհ դէմք մը: Այլ շատ նուրբ եւ շատ պարզ ժպիտը կ՛ունենաք, որ արտացոլումն է ձեր սրտին մէջ ունեցած ուրախութեան, թէ` դուք քրիստոնեայ էք եւ Քրիստոսի ծնունդով կը վայելէք ու կ՛ապրիք: Ձեզի կը մաղթեմ Սուրբ Ծնունդ` ծնունդը Քրիստոսի: Ամէն»:

Ս. պատարագին յաջորդեց աջահամբոյր եւ շնորհաւորութեան ընդունում` «Աղաճանեան» սրահին մէջ:

Հոս շնորհակալութեամբ յիշելու է հոգեւոր տիրոջ ի պատիւ «Արեւ» ճաշարանի տէրերուն` Յովիկ եւ Յարութ Զէյթլեան եղբայրներուն հիւրասիրած ագապը, որուն հրաւիրուած էին քառասունէ աւելի հոգեւորականներ, անձնաւորութիւններ ու պատասխանատուներ:

Իր հակիրճ ելոյթին մէջ Վարուժան արք. Հերկելեան ուրուագծեց կերպարը տարիներէ ի վեր իրեն ծանօթ կաթողիկոս-պատրիարքին` իբրեւ ժիրաժիր, բարի, համեստ, մարդասէր ու առաքելագործ հոգեւորականի: Իսկ ժողովրդապետը բոլոր ներկաներուն անունով եւ իր սրտով յայտնեց իր խոր երախտագիտութիւնը «Արեւ»-ի տէրերուն` անոնց մաղթելով արեւշատութիւն ու յաջողութիւն իրենց հաստատութեան:

Սրահ եկան նաեւ Զահլէի Ֆաթիմա Տիրամայր հայ կաթողիկէ համայնքին հովիւը, աւագանին ու հաւատացեալներ, որոնց իր պարզ խօսքով եւ առինքնող ժպիտով խրախուսեց պատրիարքը եւ կոչ ուղղեց միշտ հաւատարիմ մնալու իրենց ազգային ինքնութեան ու քրիստոնէական պատկանելիութեան:

Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, «Գարակէօզեան» հիմնարկին, Համազգային «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին ու ՀՄԸՄ-ի վարչականներուն հետ հանդիպումը նաեւ դարձաւ առիթ` անկեղծօրէն զրուցելու տարուած գործունէութիւններուն եւ առկայ մտահոգութիւններու մասին, յատկապէս` այս շատ դժուար ու անտանելի ժամանակին, որուն մէջ կը տուայտի լիբանանահայութիւնը: Նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարքը, որ Հայաստանի ու Վրաստանի «Քարիթաս»-ներուն նախագահն էր վերջին տասը տարիներուն, նաեւ իր մարդասիրական ու բարեսիրական բեղուն առաքելութեան փորձառութենէն մեկնելով` տուաւ որոշ գաղափարներ եւ ըրաւ գործնական ցուցմունքներ:

Այս առիթով խօսք առին` ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը, Եսայի Հաւաթեան` շրջանի «Կարմիր լեռ» կոմիտէին անունով եւ Վազգօ Գալոշեան` թաղապետներուն անունով: Շնորհակալութեան եւ շնորհաւորութեան խօսքերէն ետք քաղաքապետն ու հերթապահը պատրիարքին յանձնեցին երկու յուշանուէրներ: Ժողովրդապետը եւս նուիրեց համայնքին պատմութեան հատորը, իսկ հոգեւոր տէրը Ս. Վարդարանի Տիրամայր եկեղեցւոյ նուիրեց ոսկեզօծ հայկական մեծ խաչ մը` նախշուն, որ արդէն զետեղուեցաւ մկրտարանի խորանին վրայ:

Զանազան նիւթերու եւ մերօրեայ հրատապ տագնապներու մասին մտերմիկ խօսակցութեան ու կարծիքներու փոխանակումին վերջաւորութեան բոլորը ուղղուեցան Մուսա Լերան Նահատակներուն յուշակոթող, ուր կաթողիկոս-պատրիարքը կատարեց «Հոգւոց հանգուցելոց» արարողակարգը, զոր փակեց «Պահպանիչ»-ով եւ արձակման օրհնութեամբ` ներկաներուն:

Անկէ առաջ, սակայն, իբրեւ կարեւորագոյն հովուական ու եղբայրսիրական արարք, «բարի Հովիւը» այցելեց Այնճարի երիցագոյնին` Պօղոս Քէշիշեանին (100 տարեկան, հայ առաքելական) եւ Գաբրիէլ Չափարեան հիւանդին (հայ կաթողիկէ), որոնց համար աղօթեց` բաշխելով Տիրոջ օրհնութիւնն ու հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը ոչ միայն երկուքին ընտանիքներուն, այլ նաեւ բոլոր այնճարցիներուն համար:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+