​Պայծառակերպութեան Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ - Gündem
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Փայլածու

Gündem :

25 Temmuz 2022  

​Պայծառակերպութեան Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ -

​Պայծառակերպութեան Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ ​Պայծառակերպութեան Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին եւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի մատրան մէջ կիրակի, 24 յուլիս 2022-ին նշուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն երրորդը` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան (Այլակերպութեան) յիշատակը: Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը:

Սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ պատմելով Քրիստոսի պայծառակերպութեան դրուագը եւ ընդգծեց անոր մէջ պարփակուող կարեւոր պատգամները, որոնցմէ ներշնչուելով եւ հզօրանալով պէտք է ապրի քրիստոնեայ անհատը: Ան դիտել տուաւ, որ Քրիստոս իր երկնաւոր առաքելութեան ընթացքին չուզեց, որ մարդիկ խօսին իր հրաշագործութիւններուն մասին ու տարածեն զանոնք, որպէսզի իրենց մտքին մէջ չնոյնացնեն երկրաւոր թագաւորը Երկնայինին հետ. այլ խօսքով, որպէսզի մարդիկ իրենց մտային կարողութիւններուն սահմանափակութեամբ չթարգմանեն Քրիստոսի առաքելութիւնը, որ շատ աւելի մեծ ու խոր է, քան ինչ որ կը հասկնանք:

Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը նաեւ բացատրեց Քրիստոսի երեք առաքեալներուն` Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի ներկայութիւնը պայծառակերպութեան դէպքի ժամանակ, Թափօր լերան վրայ: Քրիստոսի առաքեալները Անոր պայծառակերպութեան ականատես ու վկայ դարձնելով` Իր առաքեալներուն յայտնաբերեց գալիք օրերուն տեղի ունենալիք չարչարանքներուն, խաչելութեան, յարութեան եւ համբարձման եղելութիւնները, որպէսզի անոնք հասկնային, որ Յիսուս Քրիստոս այս բոլորին պիտի տոկար յանուն մարդկութեան փրկութեան եւ Իր Հօր կամքին, ապա թէ ոչ առաքեալները, դարձեալ մարդկային մտային կարողութեան սահմանափակութեան պատճառով, կրնային այդ վերագրել տկարութեան: Յիսուս Իր առաքեալներուն ցոյց տուաւ Իր ինքնութիւնը, որպէսզի անոնք երթալով` վկայէին քրիստոնէական հաւատքն ու հաստատ կամքը: Ուստի իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ունի իր կրելիք խաչը, որուն համար պէտք է ուրանայ իր անձը եւ յանձնուի փրկագործութեան:

Քարոզի աւարտին սրբազանը անդրադարձաւ Պայծառակերպութեան տօնի ազգային դիմագիծին` Վարդավառին: Ան ցաւ յայտնեց, որ իբրեւ ազգ` սկսած ենք անտարբեր ըլլալ մեր ազգային սովորութիւններուն ու աւանդութիւններուն նկատմամբ: Ուստի ան յորդորեց, որ ամուր կառչած մնանք մեր եկեղեցական ու ազգային արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն: Քարոզիչ սրբազան հայրը նաեւ դիտել տուաւ, որ եկեղեցական ու ազգային արժէքներէն հեռանալով` կը կարծենք, որ կը մօտենանք արդի աշխարհին, սակայն այս ընթացքով բոլորովին կը կորսնցնենք մեր հայկական ինքնութիւնը եւ ձուլումի ճամբան կը բռնենք:

Յայտնենք, որ Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տաղաւար տօնին յաջորդ օրը մեռելոց յիշատակութեան օր է, եւ կը կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն ննջեցեալներու հոգիներուն համար:






Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+