Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 31 Յուլիս 2022, Կիրակի տեղի ունեցածարարողութիւններով - Հայերէն
11 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Երեզկան / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

01 Ağustos 2022  

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 31 Յուլիս 2022, Կիրակի տեղի ունեցածարարողութիւններով -

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 31 Յուլիս 2022, Կիրակի տեղի ունեցածարարողութիւններով Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 31 Յուլիս 2022, Կիրակի տեղի ունեցածարարողութիւններով նշուեցաւ Կազդուրման Կայանի

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 31 Յուլիս 2022, Կիրակի տեղի ունեցածարարողութիւններով նշուեցաւ Կազդուրման Կայանի տարեկան տօնախմբութիւնը։Արարողութեանց նախագահեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։Արարողութեան ներկայ էին Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, ԼեւոնՇատեանի գլխաւորած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, Գարակէօզեան Վարժարանի Խնամակալութեան անդամները եւ Արի Չօլաքի գլխաւորածԿազդուրման Կայանի վարչութեան անդամները։

Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու սարկաւագներն ու դպիրները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց ԴասԵրգչախումբի կողմէ առաջնորդութեամբ՝ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ ԼուսիՔահվէճիօղլուի։ Ս. Պատարագին մասնակցեցան նաեւ Կազդուրման Կայանի սաներ, որոնք դասինմէջէն հետեւեցան արարողութեան։

Նախ քան Հոգեհանգիստը, Պատրիարք Հայրը քարոզեց շեշտադրելով մանկանց առաքելութեանկարեւորութիւնը։ Մանկանց դաստիարակութեան մէջ առանձնացուց հայեցի դաստիարակութեանկարեւորութիւնը, որուն մէջ քրիստոնէական արժէքները, ինչպէս նաեւ հայ լեզուն իր յատուկկարեւորութիւնը ունէր։ Յայտնեց նաեւ թէ, մանուկները եւ տարեցները հաւաքականութեանց մէջընդհանրապէս ընկալուած են, որպէս ամենէն տկար օղակներ։ Սակայն այս մտայնութեան դիմացպէտք է գիտնալ, թէ՝ անոնք հաւաքականութեանց ամենէն կարեւոր եւ արժէքաւոր մասնիկներէն են։Այս առումով ըսաւ, որ մանուկները յատկապէս պէտք է ըստ արժանւոյն գնահատել եւ անոնց արժէքընծայել։ Ըսաւ նաեւ որ փոքրերուն երջանկութեան պատճառող իւրաքանչիւր ձեռնարկ գովելի է։

Մեր հոգեւոր Պետը յաջորդիւ յայտնեց, որ համայնքին բոլոր անդամները արժէքաւոր են եւ մենք ոեւէմէկէն հրաժարելու իրաւունքը չունինք։ Այս առումով Պատրիարք Հայրը շարունակեց, ըսելով. «Տկարընկալուած ըլլալու պատճառաւ, պէտք է հրաժարի՞նք մեր մանուկներէն։ Որպէս Հայհաւաքականութիւն, տկար ընկալուած ըլլալու պատճառաւ ոչ-Հայախօս հասարակութենէն պէտք էհրաժարի՞նք։ Տկար նկատուածներուն համար ծառայութիւն մատուցանելէ պէտք է հրաժարի՞նք։ Ո՛չկ՚ըսեմ։ Մենք մեր համայնքի բոլոր տարրերուն ծառայելու եւ զանոնք համայնքային կեանքիններգրաւելու համար պիտի աշխատինք»։

Պատրիարք Հայրը այս շրջագիծով կարեւորեց նաեւ Կազդուրման Կայանի առաքելութիւնը, որովմանուկներ Գնալը Կղզիի մէջ համախմբուելու եւ ընկերային միջավայրի մէջ հաճելի պահեր ապրելուառիթը կ՚ունենային։ Համավարակի երկու տարուան ընդհատումէն յետոյ կայանը ընդունած էրաշակերտները եւ արդէն իսկ ամրան տեւողութեան ընթացքին կը ջանար տարբեր ծրագիրներմշակել մանուկներուն համար։ Այս առթիւ, գնահատեց Արի Չօլաքի գլխաւորած վարչութեանանդամները, ինչպէս նաեւ Լիզա Չօլաքօղլուի տնօրինութեամբ գործող անձնակազմը, որոնք իրենցկորովով կը ջանան ծառայել կայանի ամրացման։

Մեր Հոգեւոր Պետը, իր խօսքերուն մէջ նշեց նաեւ, որ ըստ աւանդութեան տօնախմբութեաներգեցողութիւնները կը կարատուէր Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ։ Իսկ այսարարողութիւնը նաեւ ունէր յատկանշական իմաստ մը, ըստ որում երգչախումբի նոր վարիչը՝ ՍիպիլԱրսէնեան, առաջին անգամ որպէս վարիչ երգչախումբը կը ղեկավարէր։ Պատրիարք Հայրը իրքաջալերական խօսքերու աւարտին, մաղթեց որ այս նոր շրջանը թէ՛ երգչախումբին եւ թէ՛համայնքին երաժշտական կեանքին համար վերածուի պտղատու նոր շրջանի մը։

Քարոզի աւարտին, Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան աղօթք, որով յիշատակուեցան Գարեգին Ա., Շնորհք, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքները, Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, ինչպէս նաեւ Կազդուրման Կայանի հիմնադիրները, սատարողները, սպասաւորներն ու սաները։ Հոգեհանգստեան աղօթքի աւարտին, Մեր Հոգեւոր Պետըեկեղեցականաց թափորով եւ «Սիոնի» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյխորհրդարանը, ուր վերջին օրհնութեամբ արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ։

Եկեղեցական արարողութենէ յետոյ, Կազդուրման Կայանի Գրիգոր Ճամպազեան Խաղավայրին մէջսարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Սիրոյ սեղանին կը նախագահէր Պատրիարք Հայրը, իր մօտն ունենալովՅարութիւն Վարդապետը, Գրիգոր Աւ. Քահանան, Գարակէօզեան Վարժարանի, Ս. ԳրիգորԼուսաւորիչ Եկեղեցւոյ, Կազդուրման Կայանի վարչութեանց անդամները, պաշտօնականմարմիններէ ներկայացուցիչներ եւ կայանի համակիրները։

Կազդուրման Կայանը այս տարուան սիրոյ սեղանը ձօնուած էր Պատրիարքական Աթոռոյ նորոգվախճանեալ միաբաններէն Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին։ Այս առթիւ սիրոյ սեղանը սկիզբ առաւյիշատակութեամբ։ Խօսնակն էր վարչութեան անդամներէն Առնօ Պէնկլեան, իսկ սրտի խօսքերովհանդէս եկան Տնօրէնուհի Լիզա Չօլաքօղլու եւ Ատենապետ Արի Չօլաք։ Բաց աստի կայանիաշակերտները Երազ Չաղլեանի առաջնորդութեամբ եւ Առէն Քոճապայի երգեհոնիընկերակցութեամբ տոհմիկ երգեր երգեցին։

Պատրիարք Հայրը կատարեց սիրոյ սեղանի հուսկ բանքը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որԿազդուրման Կայանը անտէր չէր մնացած։ Այս առումով յիշեցուց, որ 56 տարիներ առաջԵրանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքը ազգայիններով միատեղ հիմնադրեց այս հաստատութիւնը եւհամայնքին յանձնեց անոր խնամատարութիւնը։ Տարիներ շարունակ այս ոսկի օղակը հասաւ մինչեւմերօրեայ ժամանակներուն։ Հետեւաբար, իրաւ է թէ նիւթական տագնապը մեծագոյն խնդիրն էներրկայիս շատերուն, սակայն այս դժուար օրերուն առաւել եւս պէտք է տէր կանգնինք մերհասատատութիւններուն։ Պատրիարք Հայրը նաեւ շեշտեց, որ Կազդուրման Կայանի կողքին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին եւ Պատրիարքարանը կը կազմեն եռոտանի մը։ Իսկ, եկեղեցին իրհոգեւոր հովիւով ու վարչութեամբ կը զօրակցի կայանի առաքելութեան։ Այս առթիւ մաղթեց, օրհնեցբոլոր ներկաները եւ կայանին մաղթեց ամրութիւն։

Սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ միասնաբար արտասանուած աղօթքով, որմէ յետոյ Մեր ՀոգեւորՊետը մօտեցաւ կայանի մանուկներուն եւ փոքրիկ խաչեր նուիրելով մի առ մի օրհնեց բոլորը։.






Bu haber trhaybad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (trhaybad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(trhaybad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+