Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի Ընտրութեան Կապոյտ Ցանկի Թեկնածուները Պատրիարքարան Այցելեցին - Gündem
12 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Անի / Ժամ : Ճառագայթեալ

Gündem :

05 Ekim 2022  

Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի Ընտրութեան Կապոյտ Ցանկի Թեկնածուները Պատրիարքարան Այցելեցին -

Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի Ընտրութեան Կապոյտ Ցանկի Թեկնածուները Պատրիարքարան Այցելեցին Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի Ընտրութեան Կապոյտ Ցանկի Թեկնածուները Պատրիարքարան Այցելեցին

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 3 Հոկտեմբեր 2022, Երկուշաբթի ժամը 10.00-ին ընդունեց Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի ընտրութեան թեկնածուները, որոնք կը ներկայանային կապոյտ ցանկով։ Այցելուները կը գլխաւորէր Սարգիս Չէթինքայա։ Ընդունելութեան Նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ էր Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան։

Սարգիս Չէթինքայա նախ խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունած էր զիրենք եւ ընդգծեց, թէ իրենց համար կարեւոր էր լսել համայնքի հոգեւոր պետին գաղափարները, զորս թանկագին կը նկատէին։ Ապա իւրաքանչիւր թեկնածու խօսք առնելով համառօտ տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ուսումնական կեանքի, ընդգրկած ասպարէզին, ինչպէս նաեւ ստանձնած համայնքային ծառայութեանց մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց ծանօթացած ըլլալով ենթականերու հետ, ներկայացուց թէ որպէս Պատրիարք ի՞նչ կ՚ակնկալէր Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդէն, քանի որ Օրթագիւղը կարեւոր էր իր ունեցած առաւելութիւններով, մանաւանդ տնտեսական առումով։ Իր ակնկալութիւնները ներկայացուց գրաւոր կերպով, յայտնելով թէ զանոնք պիտի յանձնէր նաեւ մամուլին, որպէսզի համայնքային շրջանակներ եւ մեր ժողովուրդը տեղեակ դառնային իր կողմէ ներկայացուած առաջարկներուն։

Ներկաներ եւս ապագայի գործունէութեանց մասին իրենց առաջադրութիւնները ներկայացուցին եւ յայտնեցին, թէ ընտրուելու պարագային միայն պիտի կարենային հաղորդ դառնալ թաղային սնտուկի տնտեսական վիճակին եւ այն ատեն պիտի կարենային կատարեալ տեղեկութիւններ ունենալ եւ հաստատ քայլեր առնել այլ համայնքային հաստատութեանց օժանդակութեան համար։ Խոստացան, որ իրենց գործունէութեան առանցքը պիտի կազմէր համայնքին ներկայանալ որպէս հաշուետու, քանի որ թաղային սնտուկի պայմանները կը նկատէին որպէս համայնքային սեպհականութիւն։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց ընտրական շրջանի գործունէութեանց մէջ, նաեւ մաղթեց, որ համայնքային ընտրութիւնները կատարուին խաղաղութեամբ, վստահելով ժողովուրդի ձայնին։





Bu haber trhaybad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (trhaybad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(trhaybad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+