Ցաւակցութիւն՝ Բենեդիկտոս Ժզ. Պապին Համար - Gündem
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Առագոտ

Gündem :

04 Ocak 2023  

Ցաւակցութիւն՝ Բենեդիկտոս Ժզ. Պապին Համար -

Ցաւակցութիւն՝ Բենեդիկտոս Ժզ. Պապին Համար Ցաւակցութիւն՝ Բենեդիկտոս Ժզ. Պապին Համար

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 3 Յունուար 2023 Թուակիր Նամակով Ցաւակցութիւն Յայտնեց Բենեդիկտոս Ժզ. Պապի Վախճանման Առթիւ։
Նորին Ամենապատուութիւնը Թուրքիոյ Մօտ Պապական Նուիրակ Մոնս. Մարէք Սոլժինսկի Արքեպս.Ի Յղած Նամակին Մէջ Ընդգծեց Վախճանեալ Նախկին Պապի Կարեւորութիւնը, Որուն Վախճանումը Նկատեց Ոչ Միայն Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ, Այլեւ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Ու Մարդկութեան Համար Կորուստ Մը։ Ան Մեծանուն Աստուածաբան Մը, Խոր Հոգեւոր Կեանք Ունեցող Օրինակելի Հոգեւոր Պետ Մըն Էր, Որու Անունը Արձանագրուած Է Արդէն Մարդկութեան Պատմութեան Մէջ Եւ Իր Յիշատակը Վառ Պիտի Մնայ Հեղինակած Գիրքերուն Մէջ։

Մեր Հոգեւոր Պետը Յիշեց, Թէ Իր Երանաշնորհ Նախորդ՝ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի Մասնակցութիւնը Հանգուցեալ Պապի Գահակալութեան Հանդիսութեան, Նաեւ 2006 Թուականին Իր Այցելութիւնը Մեր Պատրիարքարան։ Նորին Ամենապատուութիւնը Յիշեցուց, Թէ Այս Բոլորը Որպէս Կարեւոր Եւ Մեծարժէք Յիշատակներ Արձանագրուեցան Պատրիարքութեան Պատմութեան Էջերուն։ Նաեւ Նշեց, Թէ Վախճանեալ Պապի Անունը Արձանագրուած Է Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Գաւիթին Մէջ Տեղադրուած Յիշատակարանին Վրայ, Քաղաքս Այցելած Պապերու Կարգին։

Նորին Ամենապատուութիւնը յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, Կրօնական Ժողովոյ, հոգեւորականաց դասու, համայնքային մարմիններու եւ համայնքի ցաւակցութիւնները ներկայացուց եւ յայտնեց թէ կ՚աղօթէր հանգուցեալ Պապի հոգւոյն խաղաղութեան համար։





Bu haber trbaybad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (trbaybad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(trbaybad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+