Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի Մատակարար Մարմինը տնօրէններու փոփոխութիւն կը կատարէ - Հայերէն
20 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Մարերի / Օր : Արագած / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

10 Mayıs 2024  

Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի Մատակարար Մարմինը տնօրէններու փոփոխութիւն կը կատարէ -

Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի Մատակարար Մարմինը տնօրէններու փոփոխութիւն կը կատարէ Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի Մատակարար Մարմինը տնօրէններու փոփոխութիւն կը կատարէ

ԵՐԵՔ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻՆԵՐՆ ԱԼ ԿԸ ԲԱԺՆՈՒԻՆ ԻՐԵՆՑ ՊԱՇՏՕՆԷՆ

Երէկ կէսօրուայ ժամերէն սկսեալ, Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն հասած լուր մը մեծ ցնցում յառաջացուց թէ՛ համայնքային շրջանակներէն ներս, թէ՛ յատկապէս Մխիթարեան վարժարանի աշակերտներու ընտանիքներուն մէջ։

Քանի մը ամիսէ ի վեր տեղեակ էինք որ խմորումներ կային վարժարանի մէջ, Մատակարար Մարմինը նոր որոշումներ ընդունած էր, որոնք կերպով մը անընդունելի եղած էին երեք տնօրէնուհիներու համար եւ ստեղծած էին հոգեբանական այնպիսի վիճակ մը, որ առաջնորդած էր դէպի վճռական քայլեր եւ հրաժարականի պահանջ։ Թէեւ ատեն առ ատեն լուրեր հասան որ խնդիրները մասամբ հարթուած են, բայց ի վերջոյ եղաւ այն ինչ որ եղաւ ու ստացանք նոր իրականութիւն մը, որ բանավէճի պատճառ դարձած է թէ՛ ծնողներու մօտ, թէ ընկերային ցանցերու հայկական հարթակներուն վրայ։

Երանի՜ բառը այսօր կը միանայ բոլոր այն նախադասութիւններուն, զորս կը գործածենք լուրը պատրաստելու եւ զայն մեր ընթերցողներուն ներկայացնելու համար։

Տղաքը յուզուած են, անոնց հետ միասին ընտանիքներն ալ շուարումի մատնուած են որովհետեւ,- ընդունինք կամ ոչ,- մինչեւ դպրոցական տարեշրջանի աւարտը այլեւս փոխուած կացութիւն մը ունին իրենց աչքերուն առջեւ եւ կը փորձեն հասկնալ, իրաւունք տալ կամ մեղադրել, եղածները «մարսել»։ Հետեւաբար երանի՜ թէ կարելի ըլլար որոշումները գոնէ ամիս եւս գաղտնի պահել եւ տղաքը ակամայ «չներքաշել» գործընթացին մէջ։

Ճիշդ է որ աւանդաբահ համայնք ենք, մեծաթիւ են անոնք, որոնք կողմնակից են պահպանողականութեան եւ դժուարութեամբ կը համակերպին փոփոխութիւններու, նոյնիսկ եթէ անոնք բարեփոխումներու տեսքով են, հետեւաբար դիւրին չէ հաշտ աչքով նայիլ այսպիսի վճռական որոշումներու։ Երանի՜ թէ կողմերը կարենային գտնել լաւագոյն միջինը, վարժարանի ընտանիքը ցնցումներէն հեռու պահելու համար։

Լուրեր կը շրջին։ Պնդումներ կան որ աւելի քան տասնեակ մը ուսուցիչներ պիտի բաժնուին դպրոցէն, իրենց բողոքը արտայայտելով Մատակարար Մարմնի որոշումներուն դէմ։ Չենք գիտեր թէ որքանո՞վ արժանահաւատ են այս լուրերը, բայց, երանի՜ թէ բոլորը անգամ մըն ալ սեղանի վրայ դնէին խնդիրները եւ յաջողէին ընտրել նուազ ցաւալի տարբերակը։

Երէկ իրիկուն, երբ իրականութիւնները շատ թարմ էին եւ ամէն կողմէ տարբեր ձայներ կը լսուէին, հեռաձայնով կապ հաստատեցինք Մատակարար Մարմնի Ատենապետ Ռաֆայէլ Ալիքի, Տնօրէնուհիներէն Տիկին Եւա Օրագեանի, ընդհանուր համակարգող Արմէն Սարուխանեանի հետ, ականջալուր եղանք իրենց պատմածներուն։ Ստորեւ նոյնութեամբ կը հրատարակենք այդ յայտարարութիւնները եւ կը սահմանափակուինք սեղմ արտայայտութիւններուն մէջ, որովհետեւ բոլորը կը խօսին, իսկ ըսի-ըսաւներուն վերջը չի գար։

Դարաւոր վարժարան է Մխիթարեանը, հոնկէ շրջանաւարտ եղած է Պոլսոյ մտաւորական դասէն գրական փաղանգ մը, անոնց միջեւ նաեւ մեր խմբագրապետը՝ Ռ. Հատտէճեան, հետեւաբար քիչ մը դժուար է չտարուիլ զգացականութենէ ու առարկայական մօտեցումով քննել իրավիճակը։

«Երբե՛ք, երբեք մի՛ ըսեր»ի տրամաբանութեամբ դեռ յոյս ունինք որ թերեւս նպաստաւոր բան մը կը փոխուի, իսկ այս հարցը պատմութեան կը յանձնուի որպէս օրուայ «դէպք»երէն մէկը, ի վերջոյ կողմերու համաձայնութեամբ ու նպաստաւոր լուծումներով։

Հիմա տեսնենք թէ ի՞նչ ըսին մեր զրուցակիցները։

ՄԱՏԱԿԱՐԱՐ ՄԱՐՄՆԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՌԱՖԱՅԷԼ-ԺՈԶԷՖ ԱԼԻՔ

Ինչպէս ծանօթ է, 2022ի Մատակարար Մարմնի ընտրութիւնները խնդրայարոյց եղած էին։ Ընտրական գործընթացով պայմանաւորուած արդէն իսկ վերապահումներ կային, որովհետեւ Կանոնագրութիւնը կը պահանջէր միայն կաթողիկէ հայեր պաշտօնի կոչել, հետեւաբար լարուած մթնոլորտի մէջ ստանձնեցինք մեր պատասխանատուութիւնը։

Մօտաւորապէս մէկուկէս տարի անցաւ։ Այս ժամանակաշրջանին մէկ կողմէ փորձեցինք կալուածներու հարցով ստեղծուած դժուարութիւնները սրբագրել, նիւթական վիճակը քիչ մը բարւոքել, հասկնալ թէ ինչպիսի՞ բարեփոխումներ կամ փոփոխութիւններ կարելի է ընել դպրոցին մէջ, լսեցինք ծնողներու կարծիքները եւ ատկէ ետք որոշումներ տուինք։ Քանի որ կրթական հարցերուն ծանօթ չէինք, Մատակարար Մարմնի որոշումով նոր տարուայ առաջին օրերուն ընդհանուր համակարգողի պաշտօն հաստատեցինք եւ այդ պաշտօնը յանձնեցինք Պր. Արմէն Սարուխանեանին։ Տնօրէնուհիները ընդդիմացան, ըսելով որ դառնութիւն պատճառած էինք, վշտացուցած էինք զիրենք, իրենց հեղինակութիւնը արժեզրկած էինք։ Չորս ամիսէ ի վեր ճամբայ կը փնտռենք, որովհետեւ մկը հաւատանք որ Արմէն Սարուխանեան ազնիւ եւ որակաւոր մասնագէտ է ու կրնայ օգտակար ըլլալ մեզի։ Մենք եւս իրաւունք ունինք։

Տնօրէնուհիներու կարծիքին հասկացողութիւն ցոյց կուտանք։ Ցաւալիօրէն ընտրութիւններով պայմանաւորուած ոչ-ցանկալի մթնոլորտը մեր յարաբերութիւնները խաթարեց, չկրցանք առողջ երկխօսութիւն հաստատել տնօրէնուհիներուն հետ, թերեւս անոնք եւս չկրցան մեզի հետ հաշտուիլ եւ ահաւասիկ հասանք այս կէտին։ Պէտք է ըսեմ որ սկիզբը օրակարգի վրայ էր միայն միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհիի հարցը։ Ան ընդունած էր պաշտօնէն բաժնուելու մեր պահանջը, բայց յետոյ միւս տնօրէնուհիները նոյնպէս ընդդիմացան ու անդրդուելի մնացին։

Այո, աննախընթաց կացութիւն մը ունինք, բայց դպրոցին համար լա՛ւը գտնել կը ջանանք, մեր որոշումէն տեղեակ պահեցինք տնօրէնուհիները, որպէսզի անոնք իրենց ընելիքը գիտնան, մենք նոյնպէս կարողանանք նոր տնօրէններու թեկնածուներ փնտռել եւ տեսակցիլ, այդ ուղղութեամբ ընտրութիւն կատարել։

Հոս, քանի որ ըսի-ըսաւներ կը շրջին այն մասին որ ուսուցիչներ ալ պիտի բաժնուին այս որոշման հետեւանքով, դիտել տամ որ անցեալ տարեշրջանին, երբ մեր գործերը քիչ մը կարգի մտան, անոնց բոլորի աշխատավարձքերը 100-120 առ հարիւր համեմատութեամբ բարձրացուցինք։ Տակաւին երկու ամիս առաջ, դրամատուներու «փրոմոսիոն»ներու շրջագծով 1 միլիոն 800 հազար լիրա ստացանք եւ այդ գումարները մինչեւ վերջին ղրկուշը բաժնեցինք ուսուցիչներուն եւ անձնակազմին։

Կացութիւնը այս է։ Կը ծրագրենք դպրոցի համար ունենալ ընդհանուր համակարգող մը եւ երկու տնօրէնուհիներ՝ մէկը նախակրթութեան եւ միջնակարգի, երկրորդը՝ լիսէի բաժնի համար։

Ի՞ՆՉ ՊԱՏՄԵՑ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ԵՒԱ ՕՐԱԳԵԱՆ

Տնօրէնուհին շատ զուսպ էր իր արտայայտութիւններուն մէջ։ Նշեց թէ գիտէ որ ըսի-ըսաւներ պիտի ըլլան, խօսքերը պիտի խեղաթիւրուին, ուստի կարճ եւ յստակ ըսել կ'ուզէ հետեւեալը։ Նախապէս վարժարանի մասին որոշումները միասնաբար կ'ընդունուէին. Մատակարար Մարմինը տնօրէնուհիներուն հետ եւս կը խորհրդակցէր բոլոր այն հարցերու շուրջ, որոնք դպրոցի համար էին։ Իսկ հիմա Մատակարար Մարմինը որոշում կ'առնէ եւ իրենց կը յանձնարարուի գործադրել այդ որոշումը։ Անընդունելի է մեզի համար։ Թէ՛ գաղափարակից չէին, թէ մեծ տարակարծութիւններ կային։

Չորս ամիսէ ի վեր «մոպինկ» կը գործադրուէր մեր դէմ։ Հոգեբանական մեծ տագնապ մը կ'ապրէինք ես եւ միւս տնօրէնուհիները։ Մեր գաղափարը հարցնող չկար, կարծես կրթական մշակ կամ տնօրէնուհի չէինք, գործաւոր-տնօրէնի պէս կը շարժէին։ Այո՛, մեզի ըսին որ օգնական մը պաշտօնի պիտի կոչեն, բայց ո՛չ թէ օգնական, այլ կարծես մեր գլուխը կառավարիչ դրին։ Մենք մեր կարծիքը յայտնեցինք, անոնք իրենցը, հասարակաց միջին մը չգտանք եւ ահաւասիկ նախընթաց օր տեղեակ պահուեցանք Մատակարար Մարմնի որոշումէն։

Ի՞ՆՉ ԸՍԱՒ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ

Փետրուարին, Մխիթարեան վարժարանի Մատակարար Մարմինը կապ հաստատեց ինծի հետ եւ ընդհանուր համակարգողի պաշտօնի առաջարկ ներկայացուց։ Ինծի սա ըսին. «Մենք մանկավարժներ չենք, այդ պատճառով Տնօրէնուհիներու հետ առողջ երկխօսութիւն մը չունինք, մեր կապը փրթած է, ատոր համար կ'առաջարկենք կամուրջ հանդիսանալ անոնց եւ մեր միջեւ»։ Ես Մխիթարեանցի եմ, ուստի առաջարկը ընդունեցի իմ դպրոցին օգտակար ըլլալու նպատակով։ Կը կարծէինք որ համերաշխ պիտի աշխատինք, բայց տնօրէնուհիները հաշտ աչքով չնայեցան որոշման, ինծի համար անհասկնալի եւ անծանօթ պատճառներով ընդվզեցան։ Մինչդեռ ես վաղուց երեքն ալ կը ճանչնամ, մենք իրարու հանդէպ յարգանք ունեցած էինք։ Մատակարար Մարմինը մեծ ջանք վատնեց միջին գիծ մը գտնելու համար, նոյնիսկ խօսք եղաւ իմ պաշտօնը փոխել կրթական խորհրդատուի հանգամանքով, բայց կարելի չեղաւ տարհամոզել տնօրէնուհիները։ Ես բացարձակապէս միջամուխ պիտի չըլլայի տնօրէնուհիներու աշխատանքին, այդպիսի հարց խնդրոյ առարկայ իսկ չէ, քանիցս իրենց ըսի այս մասին։ Իմ նպատակը ո՛չ թէ «այգեպանը ծեծելն է», այլ խաղող ուտելը, խաղողի որակը բարձրացնելը, աւելի լաւ պայմաններ ստեղծելը։ Քանի որ լուծում չգտանք, երկու օր առաջ հիմնադիրը Մատակարար Մարմնի որոշումէն տեղեակ պահեց լիսէի ու միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհիները, ըսելով որ պայմանագրերը պիտի չվերանորոգուին, գալով նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհիին, հակառակ որ անոր հետ խնդիր չկար, ան եւս միացաւ իր պաշտօնակիցներուն։

Երկու օրէ ի վեր խօսակցութիւններ կան 14-15 ուսուցիչ պաշտօնազրկելու մասին։ Ասիկա ճիշդ լուր չէ։ Որոշումն այն է որ նոր տարեշրջանին երկու տնօրէնուհիներ պաշտօնավարեն, փոխանակ երեքի եւ լաւ պայմաններով շարունակենք գործունէութիւնը։




Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+