Լուսաբանութիւն սխալը սրբագրելու համար - Հայերէն
12 Temmuz 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Անի / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

12 Temmuz 2025  

Լուսաբանութիւն սխալը սրբագրելու համար -

Լուսաբանութիւն սխալը սրբագրելու համար Լուսաբանութիւն սխալը սրբագրելու համար

Ես սխալ մը գործեցի։ Մխիթարեան վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը քննադատեցի շատ անյարմար միջոցով մը՝ համացանցի instagram-ի հաշիւով։ Պէտք էր նկատի ունենայի նման հաշիւներու հետեւողներու խնդիրները ընկալելու ձեւը կամ դոյզն քննադատութեան հանդէպ իրենց անհանդուրժողականութիւնը։ Իրար կրկնող փառաբանութիւններէ կամ ցաւակցութիւններէ աւելին գրելու սովորութիւն չունեցողներէ ակնկալեցի մտածել, խորհիլ, հասկնալ եղած քննադատութիւնը։ Առարկողները իրաւացի կերպով կը հարցնէին թէ ի՞նչն է քննադատուածը։

Սխալ էր, քանի որ այդ հարթակը միտքեր կիսելու յարմար վայր մը չէ։ Անդին մնացած էր ընդվզում յայտնել, այն ալ ոչ վայելուչ բառերով։

Սխալ էր, ու սխալի ապացոյցը եկաւ զարմանքի հարցումներով։ «Շրջանաւարտութեան այսքան լաւ կազմակերպուած հանդէսը ինչո՞ւ անհանգստութիւն պատճառեց» կը հարցնէին շուարած կերպով։ Յայտնի է որ 200 ամեայ անցեալ ունեցող կրթական հաստատութեան շրջանաւարտութիւնը սմոքիններով ու գիշերային տարազներով տողանցքի մը վերածելը անհանգստութիւն չէր պատճառած իրենց զաւակներուն կամ թոռներուն ուրախ օրը կիսելու եկած ծնողներուն։ Մէկը պէտք էր յիշեցներ թէ երիտասարդի, պատանութենէ դէպի երիտասարդութեան հասնող երիտասարդի աշխարհընկալումը, հասարակութեան մէջ իր դիրքի, ստանձնած պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը պէտք է գերազանցէր վայելուչ տարազի մը սահմանումը։ Եթէ այդ արժանիգներու արտացոլումը բացակայի, մնացեալը սոցցանցերու «ճամբանին բաց ըլլայ» սնամէջ բարիմաղթանքէն հեռու չերթար։ Աստուած իմ, այդ որքան յաճախ կրկնուած էր այս մաղթանքը, առանց հարցնելու թէ դէպի ուր հասնիլ կը ձգտի այդ բաց ճամբան։

Բոլոր այս լուրջ ու կարեւոր հարցադրումները ափսոս որ ցարդ չեն հանդիպած արժանի գնահատումի։ Առհասարակ չենք մտածած, մեր միտքերը չենք յոգնեցուցած նման խորհուրդներով։ Ընդհակառակ՝ ոգեւորուած ենք երեկուայ մանուկներուն, պատանիներուն այսօր երիտասարդի կերպարով տողանցքը դիտելով։ Սա պարզապէս միջակութեան չափանիշ է, որմէ աւելին կ՛սպասենք Մխիթարեանէն եւ մեր բոլոր վարժարաններէն։

«Պեն հայճա պիլմիյորում տայտայ» ըսող երիտասարդը, ան ըլլայ մխիթարեանցի, կեդրոնականցի, դպրեվանքցի, էսաեանցի կամ սահակեանցի, որ սմոքինը կամ գիշերային տարազն ալ հագնի, չարդարացներ հայ դպրոցի շրջանաւարտի կոչումը։ Անձամբ բազում անգամներ հանդիպած եմ վերեւ նշուած նախադասութեան։ Աւելի ցաւալին, ամօթի նշոյլ մըն ալ չեմ տեսած այդ բացատրութիւնը տուող երիտասարդի դէմքին վրայ։ Մանկապարտէզէն ետք տասերկու տարի հայկական դպրոց յաճախած մէկու մը այս պատասխանը ինչ մեղք որ բնական համարուեցաւ մեզմէ շատերուն կողմէ։ Թողենք աշակերտը, մեր ուսուցիչներն կամ խնամակալներն ալ ամօթ չզգացին նման բացթողումին պատճառաւ։ Որովհետեւ անոնք իրենց ուշադրութիւնը ուղղած էին համալսարանի քննութեան արդիւնքներուն։ Ծնողները նոյնպէս ունին ծանր յանցանք։ Անոնք առաջնորդները եղան հայոց լեզուն հայ վարժարանէն վանելու խնդրին մէջ։ Իմ որդիներուս ուսանողութեան տարիներէն գիտեմ այդ անշնորհք կեցուածքը, երբ բազմաթիւ ծնողներ միաբերան կերպով ճնշում կը բանեցնէին մեր վարժարաններու տնօրէններուն, որպէսզի հրաժարին ուսման ծրագրի պարտադրած դասանիւթերը հայերէն սերտելէ։ Այդ մտայնութեան համար միայն հայոց լեզուի եւ կրօնի դասապահները բաւարար էին հայ դպրոցի կոչումը արդարացնելու։ Նոյնիսկ կարգ մը ծնողներ կը համարձակէին առաջարկել այդ անպէտ դասապահներն ալ «թեսթ» լուծելով աւելի շահաւէտ դարձնել։

Կրթական համակարգի ղեկավարութիւնը մասնագիտութիւն մըն է։ Բոլոր երկիրներէ ներս այդ մասնագիտութիւնը կը գործադրուի քաղաքական տարաբնոյթ ակնկալութիւններով։ Օրինակ Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներու մէջ, դասակարգային խտրականութիւնը բնորոշիչ է։ Երկրի ապագան ձեւաւորելու ատակ ուսանողներու եւ հասարակութեան մեծամասնութեան յաճախած դպրոցներու միջեւ անթունդ մը կայ։ Արեւմտեան մտածելակերպի մի այլ օրրանի, ԱՄՆ-ի մէջ հասարակութեան մեծամասնութեան յաճախած դպրոցներու հիմնական առաքելութիւնը բնակչութեան ամենակենսունակ հատուածը, գոնէ օրուան քանի մը ժամերով փողոցներէն հեռու, որոշ հսկողութեան մէջ պահելն է։ Այս ռազմավարութեան իբր հետեւանք, կը հանդիպինք միջնակարգ վարժարան աւարտածներու, որոնք իրենց անունը անսխալ գրելու կամ թուաբանութեան չորս գործողութիւնները կատարելու շնորհքէն զուրկ են։ Մեր ապրած երկրին մէջ այդ մասնագիտութիւնը քաղաքական քաշքշուկի մը առարկան դարձած է։ Կրթութեան նախարարութիւնը իր բոլոր ուժով կը ձգտի ուսման ծրագիրը վերածել կրօնական դասաւանդութեան։ Սուրբ գրային Ադամ եւ Եւայի առասպելը մերժելուն համար արգիլուած է Շառլ Տարուինի յեղաշրջման տեսութիւնը, որ հիմքը կը համարուի արդի կենսագիտութեան։

Տուեալ պայմաններու մէջ ալ աւելի իմաստալից կը դառնայ հայ դպրոցի գոյութիւնը։ Բառին բուն իմաստով բարեբախտութիւն մըն է այդ գոյութիւնը։ Դարձեալ անձնական փորձով կը վկայեմ այն այլազգի ծնողներու մասին, որոնք երանի կու տան մեզ՝ հայերուս, որ ունինք այս դպրոցները եւ չենք տարուիր իրենց մատնուած դժուարութիւններուն։ Անշուշտ այդ բարեկամներս չեն գիտեր թէ որքան շատ հայեր մեծ գումարներ կը մսխեն իրենց զաւակները հայկական դպրոցէն հեռու պահելու համար։

Վերադառնանք մեր սխալին։ Ճիշդ է որ այդ գրառումը գերազանցեց իր նպատակը։ Յայտնեմ որ մեր ակնարկութիւնը բացարձակապէս ուղղեալ չէ այս կամ այն անհատին։ Խօսքը ոչ թէ անոնց թերութիւններու մասին է, այլ ամբողջ համայնքի մը այլասերման։ Ցանկացած դպրոցի խնամակալ, տնօրէն, ուսուցիչ, ծնողաց միութեան անդամ եւ հետզհետէ որոշ տարիքի մը հասած աշակերտ պարտի մտածել վերեւ արծարծուած նիւթերու շուրջ։

Իսկապէս ալ որքան պատկառելի տարիք մըն է 200 ամեակը դպրոցի մը համար։ Ամբողջ երկրի տարածքին նման աւանդ ունեցող քանի՞ ուսման հաստատութիւն կարելի է նշել։ Իսկ մենք որքանո՞վ կը գիտակցինք այդ աւանդի կարեւորութեան։ Եթէ գիտակցէինք այդքան դիւրին կը հրաժարէի՞նք Մխիթար Սեբաստացու անունէն։ Ե՞րբ եւ ո՞ր տնօրինութեամբ այդ երկը դարեայ հաստատութիւնը վերածեցինք «Էօզէլ Փանկալթը Անատոլու Լիսէսի»։ Նմանը կատարեցինք Վենետիկի միաբանութեան Մխիթարեանին, որ այժմ կը յիշուի «BEK» կրճատումով, իբրեւ Պոմոնթի Էրմէնի Քաթոլիք։ Ահաւասիկ հարցումներ, որոնք խիստ անբաղձալի են որոշ շրջանակներու համար։ Վերջապէս հեշտ է բոլոր արժանիքներէն կամաւոր կերպով հրաժարիլ, յանուն խռովութենէ խուսափելու։ Չէ որ մենք մեծամասնութեան հաճելի թուելու մարմաջով ուրացանք նոյնիսկ սեփական անձ անուններու հսկայ պաշարը։

Մխիթարեանցիներ թող հանգիստ ըլլան։ Իրենց հաստատութիւնը հարազատ է մեզի համար, ինչպէս մեր բոլոր վարժարանները։ Մեր ակնկալութիւնը քիչ մը աւելի պատկանելութեան զգացում է, որպէսզի առանց աւելի ծանր կորուստներու, ապահովենք մեր երթը դէպի լուսաւոր ապագայ։

Արժէքաւոր է մեզի հասած ժառանգը, պարզ սնոպիզմի մը տանուլ տալու իրաւունք չունինք։








Bu haber agos kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (agos) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(agos). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+