Պատրիարք Հայրը Ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւորը -
Պատրիարք Հայրը Ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւորը
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 21 Յուլիս 2025, Երկուշաբթի, ընդունեց քաղաքիս Հայ Կաթողիկէ համայնքի Պատրիարքական Կառավարիչ Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի քաղաքավարական այցելութիւնը։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան։
Գերապայծառ Տէրը յայտնեց, թէ փափաքած էր Նորին Ամենապատուութեան բարի գալուստ մաղթել Ամերիկայի զոյգ թեմերուն տուած այցելութեանց վերադարձի առթիւ։
Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար։ Զրոյց տեղի ունեցաւ Փանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանի 200-ամեակի տօնակատարութեանց շարքէն հոգելոյս Տիրան Ինճիճիի ձեռակերտ եկեղեցիներու մանրակերտներու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան մասին։ Գերապայծառ Տէրը խնդրեց Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնը եւ նախագահութիւնը։ Պատրիարք Հայրը սիրով ընդունեց սոյն հրաւէրը եւ խոստացաւ հովանաւորել սոյն հանդիսութիւնը։
Նաեւ գաղափարի փոխանակումներ տեղի ունեցան Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի Թուրքիա այցելութեան կապակցութեամբ։
Bu haber trhaybad kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (trhaybad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(trhaybad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com