ԱՆԱՏՈԼՈՒԻ ՈՐԲԱՆՈՑՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ ՏԱՆ 160-ԱՄԵԱԿ - Gündem
15 Mayıs 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարերի / Օր : Արամազդ / Ժամ : Մթացեալ

Gündem :

14 Mayıs 2026  

ԱՆԱՏՈԼՈՒԻ ՈՐԲԱՆՈՑՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ ՏԱՆ 160-ԱՄԵԱԿ -

ԱՆԱՏՈԼՈՒԻ ՈՐԲԱՆՈՑՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ ՏԱՆ 160-ԱՄԵԱԿ ԱՆԱՏՈԼՈՒԻ ՈՐԲԱՆՈՑՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ ՏԱՆ 160-ԱՄԵԱԿ

Հրապարակային ասուլիս-զրոյց՝ Սկիւտարի Սէմէրճեան Ճեմարանի սրահին մէջ

Համայնքը իր գարնանային վերազարթօնքը կ’ապրի։ Մշակութասէրներ գրեթէ ամէն օր տեղ մը կը ժամադրուին սա կամ նա առիթով։ Միջոցառումներու պակաս չկայ եւ անոնք, որոնք իրենց առօրեայ ապրումներուն մէջ տեղ կուտան նաեւ համայնքային կեանքին, անպայման կը գտնեն զիրենք հետաքրքրող ձեռնարկներ։ Այդպիսի միջոցառումներէն մէկն էր երէկ, 13 Մայիսի ձեռնարկը, որ մաս կը կազմէր Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 160ամեակի միջոցառումներուն։

Այս բանախօսութիւնը պատրաստուած էր որպէս առանցքային նիւթ ընտրելով Անատոլուի հայկական որբանոցները եւ անոնց ընդմէջէն ուշագրաւ տեղ յատկացնելով նաեւ Գալֆաեան Տան։ Սէմէրճեան Ճեմարան-Ներսէսեան-Երմոնեան Միութեան սրահին մէջ համախմբուած էին կրթական, պատմական եւ համայնքային կեանքով հետաքրքրուող բազմաթիւ անձեր, Անատոլուի ափի հայկական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, Գալֆաեան Տան Խնամակալութիւնն ու Տնօրէնութիւնը, թաղեցիներ եւ մշակութասէրներու կոկիկ բազմութիւն մը։ Հոգեւորականաց դասէն ներկայ էին Եղիշէ Վարդապետ, Մելքոն Քահանայ եւ Քոյր Հռիփսիմէ։

Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Գալֆաեան տան Խնամակալութեան Ատենապետուհի Թամար Գարասու, որ յիշեցուց միջոցառման նպատակը, նաեւ շեշտեց թէ այսպիսի նախաձեռնութիւններ ո՛չ միայն յիշողութեան վերականգնումի ծառայող ձեռնարկներ են, այլ նաեւ հայ համայնքի կրթական եւ մարդասիրական ժառանգութիւնը նոր սերունդներուն փոխանցելու կարեւոր առիթներ։

Զրոյցը վարեց հետազօտող-գրող Մարալ Ճաւաք-Ֆուքս, որ իր ներածական խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ համայնքի գոյապահպանութեան մէջ դպրոցի եւ եկեղեցւոյ առանցքային դերին, ընդգծելով նաեւ որբանոցներու այն առաքելութիւնը, որ տարիներ շարունակ միայն ապաստան չէ ապահոված, այլեւ կրթած, դաստիարակած ու կեանքի պատրաստած է հազարաւոր մանուկներ։ Ան յատկապէս նշեց, թէ Գալֆաեանի 160-ամեակը պարզ տարեդարձ մը չէ, այլ համայնքային յիշողութեան, համերաշխութեան եւ կրթական ժառանգութեան վերահաստատում մը։

Երեկոյի առաջին հիմնական բանախօսը՝ պատմաբան Հենրիէթ Պասօղլու, լայնածաւալ պատմական ակնարկով ներկայացուց Անատոլուի զանազան նահանգներու մէջ գործող հայկական որբանոցները, անոնց կազմաւորման պայմանները եւ հայ հասարակութեան կազմակերպուած մարդասիրական ու կրթական ջանքերը։ Անդրադարձաւ 1895-ի Համիտեան ջարդերուն, 1909-ի Ատանայի դէպքերուն, Առաջին Աշխարհամարտին եւ 1915-ի տեղահանութեան հետեւանքով որբացած հազարաւոր հայ մանուկներու ճակատագրին՝ բացատրելով, թէ ինչպէս հայկական, միսիոնարական եւ պետական կառոյցներ տարբեր շրջաններու մէջ փորձեցին որբանոցներու միջոցով փրկել ու կրթել այդ մանուկները։

Պասօղլու պատասխանելով զրուցավարի կողմէ իրեն ուղղեալ հարցումներուն, ծանրացաւ Ատանայի, Մերսինի, Հաճընի, Այնթապի, Մարաշի, Տիգրանակերտի, Իզմիրի եւ Գայսերիի որբանոցներուն վրայ։ Ներկայացուց, թէ ինչպէս 1909-ի Ատանայի աղէտէն անմիջապէս ետք պատրիարքարանը եւ հայ բարեսիրական շրջանակները ձեռնարկեցին նոր որբանոցներու ստեղծման աշխատանքներու՝ հազարաւոր անտէր մնացած երեխաներու խնամքը կազմակերպելու համար։ Ան յիշատակեց քանի մը կարեւոր որբանոցներ, ուր երեխաներուն ո՛չ միայն կացարան, այլեւ արհեստագիտական ու գիւղատնտեսական կրթութիւն կը տրուէր։

Բանախօսը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Գայսերիի որբանոցային ցանցին, ուր հայկական դպրոցներն ու վանքերը ժամանակաւոր կերպով որբանոցներու վերածուած էին։ Նշուեցաւ նաեւ Թալասի ամերիկեան որբանոցը, ուր ժամանակին ապաստանած էր երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան։ Պասօղլու յիշատակեց նաեւ Պոլսոյ եւ շրջակայքի հաստատութիւնները՝ Գարակէօզեան Որբանոցը, Սուրբ Փրկիչի որբախնամ կառոյցները, Պէշիկթաշի աղջկանց որբանոցը, Գուլէլիի եւ Պէյլէրպէյի որբանոցները, որոնք պատերազմական ծանր տարիներուն հայ մանուկներու գոյատեւման գլխաւոր օճախները դարձած էին։

Անդրադառնալով կրթական հաստատութիւններու պատմութեան՝ Պասօղլու խօսեցաւ նաեւ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի, Սէմէրճեան Ճեմարանի եւ միացեալ կրթական համակարգերը կազմաւորելու մասին՝ ընդգծելով, թէ որբանոցներն ու դպրոցները շատ յաճախ մէկզմէկ ամբողջացնող կառոյցներ էին։ Ան շեշտեց, որ հայկական որբանոցները պարզապէս ապաստանավայրեր չէին, այլ է՛ին ամբողջական կրթական միջավայրեր, ուր լեզուն, մշակոյթը, արհեստը եւ ազգային ինքնագիտակցութիւնը կը պահպանուէին սերունդէ սերունդ։

Բանախօսը նաեւ լայնօրէն անդրադարձաւ Գալֆաեան հաստատութեան պատմութեան։ Ան ներկայացուց Սրբուհի Գալֆաեանի անձնուէր կեանքը եւ այն ճանապարհը, որով Խասգիւղի իր համեստ բնակարանէն սկսած նախաձեռնութիւնը հետագային վերածուեցաւ հայ աղջիկներու կրթութեան կարեւորագոյն օճախներէն մէկուն։ Ան յիշեցուց, թէ 1865-ի համաճարակէն ետք Սրբուհի Գալֆաեան իր տունը բացաւ որբ աղջիկներու առջեւ, իսկ 1866-ին պաշտօնապէս հիմնուեցաւ Գալֆաեան որբանոցը, որ հետագային մեծ դեր ունեցաւ հայ աղջիկներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան մէջ։

Երկրորդ բանախօսը՝ երկարամեայ կրթական մշակ Սաթենիկ Նշան, իր խօսքը կեդրոնացուց հայկական կրթական կեանքին եւ որբանոցներու կրթադաստիարակչական համակարգին վրայ։ Ան բացատրեց, թէ հայկական դպրոցները ժամանակի ընթացքին ինչպէս անցան եկեղեցակեդրոն ուսուցումէ դէպի աւելի արդիական կրթական համակարգ՝ ներառնելով օտար լեզուներ, գիտական առարկաներ եւ մասնագիտական պատրաստութիւն։

Սաթենիկ Նշան շեշտեց, որ հայկական որբանոցներու գլխաւոր նպատակներէն մէկը որբ մանուկները հասարակութեան լիարժէք անդամներ դարձնելն էր։ Այդ պատճառով բազմաթիւ հաստատութիւններու մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէին արհեստագիտական կրթութիւնը, երաժշտութիւնը, նկարչութիւնը, երգչախումբերը եւ այլ մշակութային զբաղումներ։ Ան օրինակներով ներկայացուց Գարակէօզեան որբանոցին, Գալֆաեանին, Սուրբ Փրկիչի կրթական բաժիններուն եւ այլ հաստատութիւններու կրթական մօտեցումները՝ ընդգծելով, որ այդ հաստատութիւնները որբերուն ոչ միայն կեանք, այլեւ արժանապատիւ ապագայ կը շնորհէին։

Բանախօսը նաեւ անդրադարձաւ հայ կրթական համակարգի զարգացման պատմութեան՝ յիշեցնելով, որ երկար ժամանակ դպրոցները գործած են եկեղեցւոյ հովանիին տակ, ապա հետզհետէ ձեւաւորուած են աւելի կազմակերպուած եւ արդիական ուսումնական կառոյցներ։ Ան յատկապէս շեշտեց, թէ որբանոցներու մէջ կրթութիւնը երբեք երկրորդական չէ նկատուած, այլ եղած է ազգային գոյատեւման հիմնական միջոցներէն մէկը։

Դիտել տանք որ ամբողջ ասուլիսի ընթացքին պաստառի վրայ կը ցոլանային կարեւոր լուսանկարներ եւ տեղեկութիւններ, թուային պատկերներ, որոնք տարբեր արժեւորում մը կը հաղորդէին բանախօսներու ելոյթներուն։

Երեկոյի աւարտին խօսք առաւ հետազօտող Արսէն Եարման, որ կատարուած ներկայացումներուն աւելցուց պատմական յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ անդրադարձաւ հայկական որբանոցներու ուսումնասիրութեան կարեւորութեան։ Ան ընդգծեց, թէ այս հաստատութիւնները պարզ բարեսիրական կառոյցներ չէին, այլ հայ ժողովուրդի գոյապայքարի, ինքնակազմակերպման եւ կրթական դիմադրութեան բացառիկ արտայայտութիւններ։

Շահեկան զրոյցի աւարտին խօսք առաւ տնօրէնուհի Թամար Ներկիս որ շնորհակալութիւն յայտնեց բանախօսներուն եւ յանուն Գալֆաեան տան ընտանիքին յուշանուէրներ յանձնեց բանախօսներուն, ինչպէս նաեւ «Փարոս»ի խմբագրապետուհի Տիկին Մայտա Սարիսին յանձնելու նպատակով՝ «Փարոս»ի անձնակազմէն Տիկին Վիլմա Գարային։

Միջոցառումը վերջ գտաւ Տիկնանց Կազմի կողմէ պատրաստուած ճոխ եւ խիստ ներկայանալի ընդունելութեամբ մը, որու ընթացքին եւս ներկաներ առիթն ունեցան կարծիքի փոխանակումներ ունենալու իրարու հետ, արժեւորելու օրը եւ անձամբ շնորհաւորելու բանախօսները։

Ն. Ս.

https://www.normarmara.com/140526lu.html





Bu haber hyetert kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (hyetert) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(hyetert). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+