Այլեւայլ : Ի՞նչ Պէտք է Ուտել Մինչեւ Ծերութիւն Սուր Տեսողութիւնը Պահպանելու Համար
12 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Անի / Ժամ : Այգ

Այլեւայլ : Ի՞նչ Պէտք է Ուտել Մինչեւ Ծերութիւն Սուր Տեսողութիւնը Պահպանելու Համար

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

26 Eylül 2015  

Ի՞նչ Պէտք է Ուտել Մինչեւ Ծերութիւն Սուր Տեսողութիւնը Պահպանելու Համար

Մակուլեար բջիջը 55-ը անց մարդոց կուրնալու առաջին պատճառներէն մէկն է: Անոր հիմնական պատճառը ցանցաթաղանթի կեդրոնական մասի տարիքային վնասուածքն է: Այս հիւանդութիւնը բուժելը անհնար է, սակայն կարելի է նկատելիօրէն նուազեցնել անոր յառաջացման վտանգը, եթէ ձեր աչքերը առողջ են, կամ նուազեցնել անոր հետեւանքով կուրնալու վտանգը, եթէ հիւանդութիւնը արդէն սկսած է:

Բժիշկները խորհուրդ կու տան ճիշդ սնուիլ, քանի որ սննդամթերքի մէջ պարունակուող նիւթերը շատ կարեւոր են մեր աչքերու առողջութեան համար: Բժիշկները խորհուրդ կու տան սառնարանին մէջ միշտ ունենալ հետեւեալ մթերքները.

Վիթամին A` լեարդ, ձկան իւղ, հաւկիթի դեղնուց, կաթնամթերք.

Գարդենոիտներ (պեթա քարօթին, լիւթէին եւ այլն ). կարմիր պղպեղ, մանկօ, կաղամբ, այլ գունաւոր բանջարեղէններ ու պտուղներ.

Վիթամին D3. սաղմոն, թոն, սարտին, հորթի լեարդ, կաթ.

Վիթամին C. պտուղներ, ծաղկակաղամբ, կանաչ կաղամբ.

Վիթամին E` պրոքոլի, գետնանուշ, նուշ, աւոքատօ, արեւածաղիկի սերմեր.

Օմեկա 3 ճարպաթթուներ` իւղոտ ձուկ, վուշի սերմեր, յունական ընկոյզ, դդում, թոֆու.

Զինգ` ոստրէ, ընկոյզ, ամբողջական հատիկներ.

Լիգոբին` լոլիկ, ձմերուկ, վարդագոյն թուրինճ.

Հակաօքսիտանդներ. լոռամիրգ, հապալաս, նուռ.

Բժիշկները նաեւ խորհուրդ կու տան սպանախով աղցանին մէջ աւելցնել քիչ մը նարինջ կամ ելակ, ասոնք կ’ապահովեն վիթամին C-ն, որ կը նպաստէ բուսական աղբիւրներէն ստացուող երկաթի իւրացման: Իսկ սպանախով ու ելակով սաղմոնը տեսողութեան համար իտէալական կերակրատեսակ է:


Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աոաքինութիւները եւ մոլութիւնները այն ուժերն են որ հաւասարապէս կը գտնուին մարդկային գոյութեան մէջ։

+