Այլեւայլ : Ինպէ՞ս Հաւկիթ Ներկել Բնական Միջոցներով
09 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ձոպաբեր / Ժամ : Կամաւօտ

Այլեւայլ : Ինպէ՞ս Հաւկիթ Ներկել Բնական Միջոցներով

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

25 Mart 2016  

Ինպէ՞ս Հաւկիթ Ներկել Բնական Միջոցներով


Զատկուան աւանդութիւնը կը պահանջէ, որ հաւկիթ նաշխենք, իսկ ի՞նչ կ՛ըսէք, եթէ այս տարի բնական նիւթերով ներկենք զանոնք` ստանալու համար առողջապահական եւ անսովոր հաւկիթներ:

Նիւթեր Եւ Գոյներ

Կապոյտ գոյն ստանալու համար օգտագործեցէք կարմիր կաղամբը:
Վարդագոյն ստանալու համար օգտագործեցէք ճակնդեղը:
Կանաչ գոյն ստանալու համար օգտագործեցէք թարմ շոմինը:
Սրճագոյն ստանալու համար օգտագործեցէք լուծուող սուրճը:
Նարնջագոյն ստանալու համար օգտագործեցէք կարմիր սոխի կեղեւը:
Դեղին գոյն ստանալու համար օգտագործեցէք սաֆրանը:

Ի՞Նչպէս Ներկել
Իւրաքանչիւր գոյնի համար նկատի ունենալ փոքր կաթսայ մը, որուն մէջ լեցնել 3/4 լիթր ջուր եւ եռացնել: Եռալէն ետք ձեր ընտրած նիւթէն (կաղամբ, ճակնդեղ, շոմին…) 2 գաւաթ լեցնել ջուրին մէջ եւ 30 վայրկեան եռացնել:

Այս միջոցին հում հաւկիթները ճերմակ քացախի մէջ մխրճել:

Կաթսաներուն ջուրը սուզել եւ քացախէն հանուած հաւկիթները տեղաւորել կաթսաներուն մէջ եւ 10-12 վայրկեան եփել միջակ զօրութեամբ կրակի վրայ:

Զգուշութեամբ հանել նախշուած հաւկիթները եւ շարել ծծուն, թուղթի վրայ, որպէսզի ցամքին ու պաղին:

Հնարքներ
Եթէ ձեր ստացած գոյնը շատ բաց է, կրնաք հակիթները շատ աւելի երկար ժամանակ պահել ներկի ջուրին մէջ:

Նախշուած հաւկիթներուն փայլք տալու համար կրնաք զանոնք ձէթի մէջ թաթխուած բամպակով մը շփել:

Եթէ փափաքիք նախշուած հաւկիթներուն մարմարեայ տեսք տալ, նախքան հաւկիթները ներկին մէջ մխրճելը` ջուրին մէջ քանի մը դգալ բաւական իւղ աւելցուցէք:

Յաջողութիւ՛ն

+