Այլեւայլ : Մայրերու Օր
04 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Մարգար / Ժամ : Շաւաղօտ

Այլեւայլ : Մայրերու Օր

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

08 Mayıs 2016  

Մայրերու Օր


Ժողովուրդներու կեանքին եւ պատմութեան մէջ, ամէնուրեք բնական երեւոյթ եղած է, որ նշանակալի դէպքեր, հայրենասիրական սխրագործութիւններ, կրօնական, նպատակային երազուած իրագործումներ արժանանան հաւաքականութիւններու գնահատանքին եւ յաջորդական սերունդներ զանոնք իբր աւանդ պահեն ու գնահատեն մասնաւոր յիշատակութեամբ, կամ՝ իբրեւ տօն:


Ժողովրդականութիւն վայելող գաղափարներ ալ կան սակայն, որոնք մղում ստանալով անհատական, մարդկային ազնիւ զգացումներէ եւ պարտաւորութիւններէ, հետզհետէ կը ստանան ընդհանրական բնոյթ, ապա նաեւ համամարդկային կշռոյթ:

Այդպիսի երեւոյթ կամ տօն է Մայրերու օրը, որ այսօր կայ գրեթէ ամէն երկրի մէջ:


Թուակա՞ն, ամսաթի՞ւ, կարեւոր չեն: Կարեւորը՝ գաղափարն է. այս պարագային՝ մայրական սրտամօտիկ զգացումը, զոր ամէն մարդ խնդութեամբ փայփայելու պատրաստ է տարուան որեւէ մէկ օրը, որեւէ տեղ:

ՄԱ՜ ՅՐ

Քաղցրահնչիւն բառ, որ նաեւ հրաշալի, հոգեգրաւ էութիւն է, որուն առջեւ կու գան խոնարհիլ անխտիր՝ բոլորը. ե՛ւ մեծերը, ե՛ւ փոքրերը՝ առանց սեռի խտրութեան:

Ամէն երկրի մէջ ընդունուած տօնախմբութիւններն ու կարգը անկասկած որ ունին տեղայնական իրենց իւրայատուկ աւանդութիւնն ու պատմութիւնը:

Ամէն ժողովուրդ, մօրը յատկացուած օրուան գաղափարը կը հարստացնէ իւրայատուկ մշակոյթով. երաժշտութիւն, երգ, նկարչական գեղարուեստ, վէպ, պատմուածք, յուշագրութիւն, քերթողական զեղումներ եւայլն:

Անկասկած՝ հետաքրքրական է ծանօթանալ շատ ու շատ ժողովուրդներու մօտ մօրը նուիրուած տօնին ընդունուած աւանդներուն ու սովորութիւններուն, որոնք բազմազան են, ճոխ եւ միշտ սրտամօտիկ:
Մենք պիտի անդրադառնանք սակայն մեր շրջապատին՝ Միացեալ Նահանգներու եւ անշուշտ հայ կեանքի մէջ մօրը նուիրուած օրուան, աւանդներուն, գնահատանքներուն եւ անդրադարձներուն:

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Մայրերու Օրուան հիմնադիրը Միացեալ Նահանգներու մէջ, կը նկատուի ուսուցչուհի եւ հասարակական գործիչ օրիորդ Աննա Ճարվիսը, որ ծնած է 1864ին, Ուէսթ Վըրճինիայի Ուէպսթըր քաղաքին մէջ: Մէկուկէս տարեկանին ընտանիքը կը փոխադրուի մօտակայ Կրաֆթըն քաղաքը, ուր մայրը՝ Էնն Մէյրի Ճարվիս, հրաւիրուած էր ուսուցչական պաշտօնի: Հօրը անունն էր Կրէնտվիլ Ճարվիս:

Աննան մեծնալով կը դառնայ մօրը աշակերտուհին: Այդ հանգամանքով, ընկերուհիներուն հետ յաճախ կը լսէ մայր եւ ուսուցչուհի Էննի հետեւեալ բաղձանք-թելադրանքը, թէ կը յուսայ որ օր մը, ողջ եւ մահացած բոլոր մայրերու սիրոյն կը գտնուի մէկը, որ հաստատէ մայրերը գնահատելու յատուկ օր մը:

Աննան կը պատմէ, որ նոյն այս բաղձանքը ուրիշ առիթով մը ան շատ զգացուած կերպով կը պատգամէ: «Օրուան դասանիւթն էր, -կÿաւելցնէ ան,- Մայրերը Աստուածաշունչին մէջ» եւ իր խօսքի աւարտին՝ մայր Էնն պատգամի մը պէս կը յիշեցնէ բաղձանք-թելադրանքը, թէ՝ «Կը յուսամ, որ օր մը մէկը հաստատէ բոլոր մայրերու համար գնահատանքի ազգային օր մը, որուն անոնք արժանի են, մարդկային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ թափած իրենց անսակարկ եւ անսահման ճիգերուն համար:»

Աննան այդ շրջանին տակաւին 12 տարեկան, երբեք չի մոռնար մօրը յիշեալ պատգամը, որ իրեն կը թուի, թէ աղօթքի մը պէս արտասանուած էր:

1902ին կը մահանայ Աննային հայրը. ընտանիքը կը փոխադրուի Ֆիլատելֆիա, ուր կÿապրէր Աննային մեծ եղբայրը՝ Քլօտ:

1905ի Մայիս 9ին դարձեալ Ֆիլատելֆիոյ մէջ, կը մահանայ նաեւ դաստիարակ եւ մայր Էնն Ճարվիսը: Թաղման տխուր առիթով, Աննան գերեզմանին առջեւ կը կրկնէ եւ կը յիշատակէ մօրը յուզիչ բաղձանք-աղօթքը, որ իրեն համար դարձած էր քաղցր աւանդ եւ կÿաւելցնէ. «Մա՛յր, Աստուծոյ կամքով, դուն անպայման պիտի ունենաս Մայրերու Օրը»:

Առաջին տարելիցին՝ 1906ի Մայիսի սկիզբը, Աննան կը վերաշխուժացնէ իր մօրը հիմնած Մայրերու օրուան Աշխատանքի ակումբները, որոնք գործած էին Ամերիկայի քաղաքացիական պատերազմէն առաջ, պատերազմի ընթացքին եւ վերջը, եւ որոնք շօշափելի կարեկցութիւն տուած էին աղքատներուն, պայքարած փոխանցիկ հիւանդութիւններու տարածման դէմ, նուազեցուցած նորածին երեխաներու մահացութիւնը եւ նպաստած հարաւի եւ հիւսիսի հակադիր կողմերուն միջեւ ընդհանուր հաշտութեան:

Աննան նամակներով կը խնդրէ Կրաֆթընի եկեղեցական եւ քաղաքական պատասխանատուներէն, որ առաջացնեն յանձնախումբեր եւ աշխատին, որ օրէնք մը ընդունուի Մայրերու օրուան մասին:

Ուսուցչուհի եւ մայր Էննի բարի համբաւը Կրաֆթընի մէջ պատճառ կ՛ըլլայ, որ պատասխանատուներ սիրով ընդունին առաջարկը:

Յաջորդ տարին՝ 1907ի Մայիսի երկրորդ Կիրակի օրը՝ Մայիս 12ին, տեղի կ՛ունենայ յիշատակի հանդիսաւոր արարողութիւն, Կրաֆթընի Էնտրիւզ եկեղեցիին մէջ՝ նուիրուած մայրերուն եւ մայր Էննին:

Հանդիսաւոր եւ նշանակալի այս արարողութիւնը պատճառ կ՛ըլլայ, որ հետագային ամբողջ Միացեալ Նահանգներու մէջ, այդ եկեղեցին՝ Andrews Methodist Episcopal Church-ը, վերակոչուի Մայրերու օրուան Մայր Եկեղեցի (The Mother Church of Mother’s Day):

Այնուհետեւ կը սկսի ծաւալուն աշխատանք՝ Մայրերու Օրը վերածելու համաամերիկեան Ազգային Տօնի: Աննան կը գրէ բազմահարիւր նամակներ, թէ՛ նահանգային, թէ՛ դաշնակցային օրէնսդիր եւ կառավարական անձնաւորութիւններու. կը բացատրէ, կը շեշտէ առաջադրուած գաղափարին համամարդկային արժէքը եւ ընկերութիւններու համար անոր օգտակարութիւնը: Դիմումները յաճախ կը բախին խուլ ականջներու: Սակայն, հաւատքը՝ նպատակին արդարութեան եւ ազնուական բնոյթին նկատմամբ, զինք կը մղէ առանց յուսահատելու շարունակելու պայքարը: Բարեբախտաբար, այդ ժամանակաշրջանին ի յայտ կու գայ Ֆիլատելֆիայէն գործարար, մեծահարուստ եւ ազդեցիկ անձնաւորութիւն մը՝ Ճան Ուանամէյքըր, որ սրտանց կը քաջալերէ նախաձեռնութիւնը եւ իր ամբողջ ազդեցութիւնը ի գործ կը դնէ Աննային նպատակը իրականացնելու:

Թափուած աշխատանքները շուտով եւ աննախատեսելի արագութեամբ կ՛արդիւնաւորուին: Մայրերու օրուան գաղափարը երկու տարուան ընթացքին կÿորդեգրեն շուրջ 45 նահանգներ: 1914ին, ծերակուտականներ առաջարկը կը ներկայացնեն նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի, որ կÿիւրացնէ զայն: Մայրերու օրը պաշտօնապէս կը յայտարարուի Ազգային օր. թուականը՝ ամէն Մայիսի երկրորդ Կիրակին:

Մայր Էնն Ճարվիսի երազը, գլխաւորաբար իր հոյակապ աղջկան Աննա Ճարվիսի ազնիւ ճիգերով, կը դառնայ իրականութիւն: Միլիոնաւոր ընտանիքներ, այսօր, յարգանքի, սիրոյ եւ երախտագիտութեան երջանիկ առիթ մը կամ օր մը կÿապրին աբմողջ երկրի տարածքին:

Նշենք, որ Աննա Ճարվիսը անձամբ՝ ինք եւս տարիներ կը վայելէ իր յաջողութեան պտուղը: Ամէն տարի հոգեկան հրճուանքով կը հետեւի եւ մասնակցութիւն կը բերէ Մայերու օրուան տօնակատարութեանց: Կ՛ապրի մինչեւ 1948, Նոյեմբեր 24: Կը մահանայ Ֆիլատելֆիոյ մէջ, 84 տարեկանին: Յայտնենք, որ իր մահուան տխուր առիթով, թաղման օրը, Կրաֆթընի Մայրերու օրուան Մայր Եկեղեցիին զանգակները կը ղօղանջեն եւ 84 զարկերով, ի պատիւ Աննա Ճարվիսի, կը ծանուցանեն անոր ապրած 84 տարիներու բովանդակալից կեանքը:

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆԱՑՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

Մայրերու օրը պաշտօնապէս Ազգային օր (1914ին) հռչակուելէ քանի մը տարի ետք, կը նկատուի, որ անոր նկատմամբ ժողովրդային մեծ խանդավառութիւնը պատճառ կ՛ըլլայ, որ առիթը շահագործուի եւ աւելի շատ շեշտը դրուի առեւտրական օգտագործումներու վրայ: Աննա Ճարվիսը կը յայտնէ իր մտահոգութիւնները:

Այսուհանդերձ, ընտանիքներ, հաստատութիւններ, դպրոցներ եւ ընկերային ու մշակութային շատ ու շատ կազմակերպութիւններ կը մնան խանդավառ՝ Մայրերու օրուան գաղափարին նկատմամբ եւ ամէնքը ընդհանրապէս կը փորձեն իրենց լաւագոյնը՝ արժանի յարգանք, երախտագիտութիւն եւ սէր արտայայտելու եւ զգացնելու մայրերուն:

Վիճակագրական տուեալներ ուշագրաւ երեւոյթներ կը պարզեն Մայրերու օրուան կապակցութեամբ:
Հետաքրքրութեան համար յայտնենք, որ այդ ուրախ առիթով,
– Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան 38%ը դուրսը կը ճաշէ, թոյլ չտալու համար, որ մայրերը այդ օրը կապուած մնան խոհանոցին:

– Շնորհաւորութեան եւ սրտի խօսքերով զեղուն քարտերու
գնման կամ առաքման գծով, կը հաստատուի, որ Մայրերու օրը երրորդ մեծագոյն առիթը դարձած է Ս. Ծնունդէն եւ «Վելընթայնզ Տէյ»էն ետք:

– Նուէրներու վաճառման կեդրոններ կը յայտնեն, որ Մայրերու օրը ամէնէն աշխոյժ եւ սպասուած առիթն է: Մեծ քանակութեամբ կը սպառին անձնական եւ տնային օգտագործման առարկաներ:

– Մայրերու Օրը նաեւ վարդերու եւ ծաղիկներու կամ ծաղկեկողովներու նուիրաբերման մեծագոյն առիթն է: Նախապատուութիւն ունին սպիտակ մեխակները, որոնք եղած են մայր Էնն Ճարվիսի պարտէզին մէջ ամէնէն առատ եւ ամէնէն շատ խնամուած ծաղիկները:

– Մայրերու օրը առիթ է նաեւ, որ մարդիկ ուղղակի կապ հաստատեն իրենց սիրասուն մայրերուն հետ: Հեռաձայնային ընկերութիւններ կը վկայեն, որ այդ օրը, հեռակայ խօսակցութիւններով (long distance) ամէնէն ծախսալից օրը կը դառնայ, կամ ամէնէն շահաբերը ընկերութիւններու համար:
– Յիշատակութեան արժանի է նաեւ, որ նոյն առիթով մեծ սպառում տեղի կÿունենայ յատուկ գիրքերու եւ երգապնակներու՝ ձօնուած կամ նուիրուած մայրերուն:

Կը հետեւցուի այս բոլորէն, որ հակառակ առեւտրականացումի եւ շահարկումներու երեւոյթներուն, Մայրերու օրը ըստ էութեան կը ծառայէ իր նպատակներուն: Ակներեւ է, որ ընկերութիւնը իր կարելին կ՛ընէ արժանի ուշադրութիւն կեդրոնացնելու մայրերուն, բոլոր մայրերուն վրայ, որոնք խորհրդանիշն են անանձնական սիրոյ, բարութեան եւ անսահման զոհողութեանց:

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐԸ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ժամանակակից մեր կեանքի ըմբռնումով, օր մը, որ նուիրուած ըլլայ միա՛յն մայրերուն եւ բոլո՛ր մայրերուն, մեր պատմութեան մէջ յիշատակուած չէ: Նման յիշատակութիւն չենք տեսներ նաեւ ընդհանուր ազգաց պատմութեան մէջ:

Քրիստոնէութենէն առաջ, բազմաստուածեան կեանքի ժամանակաշրջաններուն, հայ ժողովուրդը ունեցած է իգական սեռի բազմաթիւ աստուածուհիներ-դիցուհիներ, այնպէս ինչպէս յոյները, պարսիկները, հռոմէացիները, եգիպտացիները եւ այլն: Դիցուհիները՝ Անահիտ, Արտեմիս, Տիանա, Նիիթ եւ այլն, մարմնաւորած են յատկանիշներ ու առաքինութիւններ, որոնք մասամբ այսօր եւս կը գնահատուին ընդհանրապէս մայրերուն մէջ:

– Անահիտը, օրինակ, որ Արամազդ աստուծոյ դուստրն էր, կը խորհրդանշէր ծննդաբերութիւնն ու արգասաւորումը, կեանքի առաքինութիւնները, նաեւ պաշտպանութեան ու ռազմի գաղափարները, նկատուած էր Սնուցանող Մայր, կոչուած՝ Ոսկեմայր, Ոսկեմատն, Ոսկեծղի, եւ այլն:

– Նանէն, դարձեալ Արամազդ աստուծոյ դուստրը, կը խորհրդանշէր իմաստութիւնը, ուղղախոհութիւնը, ծննդաբերութեան ոգին, եւ այլն:

– Աստղիկը՝ աստուածուհի-դիցուհի, կը մարմնաւորէր սիրոյ եւ գեղեցկութեան գաղափարները, եւ այլն:
Այս բոլոր աւանդները հին ժողովուրդները իրարու փոխանցելով սեփականացուցած են իւրայատուկ մօտեցումներով եւ պաշտամունքային արարողութիւններով պահպանած են մինչեւ քրիստոնէութեան հաստատումը, երբ անոնք՝ հին աստուածները, հետզհետէ կ՛անհետանան: Կը մնայ սակայն կարեւորը. իմացումը Մայրութեան, որ նոր կրօնին՝ քրիստոնէութեան մէջ, կը կեդրոնացուի Աստուածամօր վրայ, իբրեւ գերագոյն խորհրդանիշ Մօր գաղափարին:

Եւրոպական շատ ժողովուրդներ, յատկապէս անգլիացնիները, երկար դարեր Մեծ պահոց չորրորդ Կիրակին կը նկատեն Աստուածամօր նուիրուած պաշտամունքի եւ մեծարանքի օր եւ ընտանեկան համախմբումի առիթ:

Միջին Արեւելքի մէջ նաեւ իսլամներ կը տօնախմբեն մօր նուիրուած օրուան գաղափարը, իբրեւ տիպար մայր վերցնելով Մուհամէտ մարգարէի աղջիկը՝ Ֆաթիմա Զահրան, որուն ամուսինն էր մարգարէի հօրեղբօրորդի՝ Ալին:

Հասնելով 19րդ եւ 20րդ դարերը, հայ ժողովուրդը պետականութենէ զուրկ պայմաններու մէջ, Մայրերու օրը կը տօնէ եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ, երբեմն ալ բարեսիրական կամ կանացի կազմակերպութեանց նախաձեռնութիւններով:

Ճշդուած թուական չէ եղած: Ձեռնարկները կատարուած են երբեմն Մարտի վերջաւորութեան՝ գարնանամուտին, երբեմն Ապրիլի սկիզբը, երբեմն ալ Մայիսի սկիզբը, բնութեան ծաղկումին՝ Մայրերու օրը դնելով զուարթ գաղափարներու մթնոլորտին մէջ:

Հայկական պետականութեան տարիներուն, 1918-1920, Մայրերու օրուան յիշատակութեան չենք հանդիպիր:

Հայաստանի Երկրորդ Հանրապետութեան՝ սովետական տարիներուն, այնպէս ինչպէս սովետական բոլոր հանրապետութիւններուն մօտ, կը հաստատուի փոխանակ Մայրերու օրուան՝ Կանանց միջազգային օր մը, որուն համար կը ճշդուի «Տնտեսական, ընկերային, քաղաքական իրաւահաւասարութեան պայքարի՝ Կանանց միջազգային համերաշխութեան» կարգախօսը: Աւանդ մը, որ կը թուի, թէ ուժի մէջ է Հայաստանի Երրորդ հանրապետութեան շրջանին եւս, 1991 թուականէն այս կողմ:

Հայկական Սովետական հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակաշրջաններուն հրատարակուած հանրագիտարաններուն մէջ ալ յիշատակութիւն կամ յօդուած չկայ Մայրերու օրուան համար: Հակառակ այս իրողութեան սակայն, բազմաթիւ կայքէջերու վրայ, զանազան ժողովուրդներու կարգին յիշատակուած է նաեւ հայ ժողովուրդը, որուն համար նշուած է, որ ան Մայրերու օրը կը տօնէ Ապրիլ 7ին, Մայիսի Ա. Կիրակին, Մարտ 8ին, եւ այլն: Նոյնպիսի անճշդութիւններ կամ անորոշութիւններ արձանագրուած են նաեւ այլ ժողովուրդներու՝ ինչպէս ռուսերու համար, եւ այլն:

Այս բոլորէն ետք, մայրերուն համար Ազգային օր մը ունի՞նք, թէ ոչ, տարուան մէջ ճշդուած թուական ունի՞նք, թէ ոչ՝ կ՛անգիտանանք. իրողութիւնը այն է, որ անկախ պաշտօնականութենէն, վերջին դարերուն մանաւանդ, հայ ժողովուրդը հոգեւոր իր հաստատութիւններուն, արուեստի ու գրչի իր զաւակներուն միջոցաւ սերունդէ-սերունդ անընդհատ իր արժանին տուած է եւ կը շարունակէ տալ մայրերուն, ջանալով պեղել անոնց հոգիին բիւրեղեայ սիրոյ ընդերքը, զոհաբերութեանց անհունութիւնը եւ հարուստ ու թանկարժէք խորքով էութիւնը:

Արդէն ունինք զգայուն, ուշագրաւ ու հոյակապ գրականութիւն եւ մշակոյթ՝ նուիրուած մայրերուն. բանաստեղծութիւն, նուագ, երգ, գեղարուեստ, ուղերձ, հեքիաթ, պատմուածք, վէպ եւ այլն: Արուեստի ճամբով անդրադարձը՝ մօրը մասին՝ անշուշտ մօրը հրաշալի ներաշխարհն է, ուր տարբեր է սիրոյ որակը, տարբեր՝ զոհողութեանց չափը, նուիրումի սահմանները, բարութեան եւ բարիկամեցողութեան կամքը, ուրախութեանց անկեղծութիւնը, վշտին դառնութիւնը, եւ այլն:

Համոզումն ունինք, որ արուեստի ու խօսքի ճամբով նաեւ ներկայ եւ գալիք սերունդները անպայման եւ միշտ ըսելիքներ պիտի ունենան եւ իրենց լաւագոյնը պիտի ձօնեն՝ մօրը: Եւ վստահաբար Մայրերու օրը ամէն ոք պիտի նկատէ ուրախ ու մանաւանդ պատեհ առիթ՝ իւրայատուկ ձեւով զգացնելու իր սէրն ու երախտիքը անոր նկատմամբ:

ԿԱՐՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Asbarez Daily Newspaper

+