Այլեւայլ : ​Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Հեքիաթին Ազդեցութիւնը Երեխայի Զարգացման Վրայ
18 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մասիս / Ժամ : Փայլածու

Այլեւայլ : ​Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Հեքիաթին Ազդեցութիւնը Երեխայի Զարգացման Վրայ

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

29 Haziran 2017  

​Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Հեքիաթին Ազդեցութիւնը Երեխայի Զարգացման Վրայ

Հեքիաթը երեւակայական ուրախ աւարտով պատմութիւն մըն է` բարի եւ չար հերոսներու մասնակցութեամբ:

Հոգեբաններու եւ մանկավարժներու կարծիքով, հեքիաթներու շնորհիւ երեխաները կը ստեղծեն իրենց երեւակայական աշխարհը, իրենք զիրենք կը պատկերացնեն այդ հերոսներու դերին մէջ եւ անոնցմէ օրինակ առնելով` կը սորվին բարին:

Բժշկութեան մէջ շատոնց գոյութիւն ունի հեքիաթի ճամբով դարմանումը, որուն միջոցով ծնողներն ու մասնագէտները կը փորձեն լուծել երեխային հոգեբանական հարցերը:

Եթէ երեխային մօտ վախ կը տիրէ, պէտք է անոր յօրինել հեքիաթներ անվախ ու խիզախ հերոսներով, կ՛ըսեն հոգեբանները` աւելցնելով, որ ծնողները կրնան յօրինել հեքիաթներ, որոնց հերոսը պարզապէս իրենց փոքրիկը ըլլայ:

Երեխային կարելի է հեքիաթ պատմել շատ կանուխէն, հեքիաթ պատմելը պէտք է վերածել արարողութեան եւ նախընտրաբար քնանալէ առաջ:

Հեքիաթ պատմելու սովորութիւնը ունի բազմաթիւ առաւելութիւններ`

ա.- Կը զարգացնէ փոքրիկին երեւակայութիւնը:
բ.- Կը սորվեցնէ դառնալ բարի եւ ազնիւ:
գ.- Քիչ-քիչ երեխային մէջ կ՛արթնցնէ գիրքի հանդէպ սէր եւ հետաքրքրութիւն:
դ.- Երեխային կը պատրաստէ քունի:
ե.- Կ՛ամրապնդէ ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնները:

ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
+