Այլեւայլ : ​Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Խորհուրդներ` Երեխային Մտաւոր Կարողութիւնները Զարգացնելու Համար
08 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Միհր / Ժամ : Ճառագայթեալ

Այլեւայլ : ​Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Խորհուրդներ` Երեխային Մտաւոր Կարողութիւնները Զարգացնելու Համար

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

05 Eylül 2018  

​Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Խորհուրդներ` Երեխային Մտաւոր Կարողութիւնները Զարգացնելու Համար




Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ երեխաները, բացի խաղալիքներէ, ուրիշ բաներու ալ կարիքը ունին: Մտաւոր, յուզական եւ ֆիզիքական բնականոն զարգացման համար անոնք ունին խօսքերու կարիքը (երգեր, գիրքեր, օրօրոցայիններ, պատմութիւններ, կամ պարզապէս` զրոյց): Զրոյցները կը զարգացնեն ոչ միայն երեխային խօսքը, այլեւ` անոր ընդհանուր մտային կարողութիւնները:

– Երեխային հարկաւոր է ծնած օրէն իսկ շրջապատել գիրքերով: Գիրքերը պէտք է ըլլան մահճակալին մօտ, ինքնաշարժին եւ նոյնիսկ լոգարանին մէջ: Անհրաժեշտ է նաեւ օրական առնուազն անգամ մը գիրք կարդալ երեխային:

– Երեխային հետ խօսելու ատեն հարկաւոր է օգտագործել դիմախաղ եւ շարժուձեւեր: Ասոնք կ՛օգնեն աւելի լաւ ընկալելու բառերուն եւ արտայայտութիւններուն իմաստը:

– Խօսքի մէջ պէտք է օգտագործել նոր բառեր, զանոնք կարելի է ամրապնդել երգի կամ գծագրութեան ճամբով:

– Երեխային հետ պէտք է յաճախ խօսիլ, հարցեր տալ, մղել տալ, որ արտայայտուի, կարծիք յայտնէ:

– Շատ կարեւոր է երեխային հետ այցելել գրադարաններ, գրախանութներ, ուր ան առիթը կ՛ունենայ գիրքերուն հետ մօտէն շփուելու, շօշափելու, թերթատելու… Այսպիսով, ան քիչ-քիչ կ՛ընտելանայ գիրքերուն հետ:

– Օրուան ընթացքին պատկերասփիւռը շատ քիչ ժամանակ պէտք է խլէ երեխայէն. պատկերասփիւռը շատ վատ ազդեցութիւն կը գործէ երեխային եւ անոր մտաւոր գործունէութեան վրայ:

Երեխային մէջ գիրքի հանդէպ սէր արթնցնելը չափազանց կարեւոր է անոր մտային կարողութիւններու զարգացման համար: Հետեւեցէ՛ք այս խորհուրդներուն, եւ տարիներ անց ան վստահաբար պիտի գնահատէ ձեր ջանքերը:

+