Այլեւայլ : ​Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Տնային Պարտականութիւնները Կատարել Մերժող Երեխան
08 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Միհր / Ժամ : Ճառագայթեալ

Այլեւայլ : ​Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Տնային Պարտականութիւնները Կատարել Մերժող Երեխան

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

09 Şubat 2019  

​Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Տնային Պարտականութիւնները Կատարել Մերժող Երեխան




Կարգ մը տուներու մէջ տնային աշխատանքները կատարելու ժամը կը վերածուի ծնողք-զաւակ ճակատումի. ծայր կ՛առնեն` պոռչտուքը, սպառնալիքները, լացը…

Իսկ երբ այս պատկերը օրական կը պարզուի, տան մթնոլորտը կը թունաւորուի, եւ ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնները կը տուժեն:

Ահա թէ ի՛նչ կը թելադրեն մասնագէտ եւ փորձառու անձեր` վերոյիշեալ անել վիճակէն դուրս գալու համար:

Ժամանակի Ընտրութիւն Տալ

Կան երեխաներ, որոնք կը նախընտրեն տնային պարտականութիւնները տուն դառնալէ անմիջապէս ետք կատարել, մինչ ուրիշներ հանգստանալու, քիչ մը խաղալու կարիքը կը զգան դասի անցնելէ առաջ: Հետեւաբար ծնողքը ժամանակի ընտրութեան առիթը պէտք է տայ իր զաւկին, որպէսզի վերջինիս աշխատանքը աւելի շինիչ եւ արդիւնաբեր ըլլայ:

Ամէնօրեայ Վարժութեան Վերածել

Ծնողքը իր դպրոցական զաւկին առաջին իսկ օրէն պէտք է հասկցնէ, որ տնային աշխատանքները անխուափելի եւ պարտադիր են, անոնք ամէնօրեայ պարտականութիւն են:

Օրէնքներ Ճշդել

Տնային աշխատանքներուն հետ կապուած օրէնքներ ճշդել, հեռատեսիլը անջատել, բոլոր տեսակի խաղերէն հեռու մնալ, համակարգիչը փակել…

Իսկ այս օրէնքները օրակա՛ն պէտք է գործադրուին առանց աչք փակելու:

Միշտ Երեխային Կողքին Ըլլալ

Կարեւոր չէ, թէ ծնողքը որքա՛ն զբաղած է եւ ընելիքներ ունի. երեխան պէտք է զգայ, որ մայրը կամ հայրը իր կողքին են եւ պատրաստ են ձեռք երկարելու, բացատրելու, քաջալերելու: Ծնողքին համար «անյետաձգելի» գործեր պէտք չէ ըլլան, առաջնահերթութիւնը պէտք է տրուի զաւկին:

Խրախուսել

Դասի նստող երեխան խրախուսանքի եւ, ինչո՞ւ չէ, վարձատրութեան արժանի է: Դրուատեցէք անոր գեղեցիկ գիրը, կոկիկ աշխատանքը, տրամաբանական պատասխանները: Որպէս վարձատրութիւն` դասի ժամանակ կարճ դադարներ տուէք եւ անոր առաջարկեցէք բաժակ մը թարմ պտուղի հիւթ, սիրած մէկ կրկնեփը, պտուղի աղցան մը…

Ինչպէս կը հաստատենք, կատարուած թելադրանքները անգործածելի չեն, սակայն քիչ մը կամք, յարատեւութիւն եւ համբերութիւն կ՛ենթադրեն: Չկայ ծնողք մը, որ այս զոհողութեան պատրաստ չէ:


+